Երեմիա մարգարեյի գիրք

23

Ապագային համար յոյս

1Վա՜յ այն հովիւներուն, Որոնք իմ արօտիս ոչխարները կը կորսնցնեն ու կը ցրուեն, կ’ըսէ Տէրը: 2Անոր համար այսպէս կ’ըսէ Իսրայէլի Տէր Աստուածը Այն հովիւներուն վրայով որ իմ ժողովուրդս կը հովուեն. Դուք իմ ոչխարներս ցրուեցիք ու զանոնք վռնտեցիք, Եւ անոնց այցելութիւն չըրիք, Ահա ես ձեր գործերուն չարութեանը համար Ձեզի այցելութիւն պիտի ընեմ, կ’ըսէ Տէրը. 3Ու ես իմ ոչխարներուս մնացորդը պիտի ժողվեմ Այն բոլոր երկիրներէն` ուր զանոնք քշեր եմ, Եւ զանոնք իրենց փարախները պիտի դարձնեմ, Եւ պիտի աճին ու շատնան: 4Ու անոնց վրայ հովիւներ պիտի դնեմ որ զանոնք հովուեն. Եւ անոնք մէյմըն ալ պիտի չվախնան ու պիտի չզարհուրին Ու պիտի չպակսին, կ’ըսէ Տէրը: 5Ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը, Որ Դաւիթէ արդարութեան Շառաւիղ մը պիտի հանեմ, Որ թագաւորի պէս թագաւորութիւն պիտի ընէ, Իմաստութեամբ պիտի վարուի, Ու երկրի վրայ ու արդարութիւն պիտի ընէ: 6Անոր օրերը Յուդա պիտի ազատի, Եւ ապահովութեամբ պիտի բնակի. Ու այս է անոր անունը` որով պիտի կոչուի,

Տէրը մեր արդարութիւնը

7Անոր համար ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը, Որ ալ պիտի չըսուի թէ Կենդանի է Տէրը, Որ Իսրայէլի որդիները Եգիպտոսի երկրէն հանեց: 8Հապա` Կենդանի է Տէրը Որ Իսրայէլի տանը սերունդը հանեց ու բերաւ հիւսիսի երկրէն, Եւ այն բոլոր երկիրներէն` ուր զանոնք քշեր էի. Ու անոնք իրենց երկրին մէջ պիտի բնակին:

Երեմիային պատգամը մարգարէներու մասին

9Մարգարէներուն համար սիրտս ներսիդիս կը կոտրի. Բոլոր ոսկորներս կը դողան. Տէրոջը երեսէն ու անոր սուրբ խօսքերուն երեսէն Գինով մարդու պէս Եւ գինին գլուխը զարկած մարդու պէս եղայ: 10Քանզի երկիրը շնացողներով լեցուած է. Քանզի անէծքի պատճառաւ երկիրը սուգ կը բռնէ. Անապատին արօտները չորցան, Որովհետև անոնց ճամբան չար եղաւ, Եւ անոնց ոյժը ուղղութեան համար չէ: 11Վասն զի թէ՛ մարգարէն և թէ՛ քահանան պղծուեցան, Անոնց չարութիւնը իմ տանս մէջ ալ գտայ, կ’ըսէ Տէրը: 12Անոր համար անոնց ճամբաները Խաւարի մէջ սահեցնող տեղերու պէս պիտի ըլլան անոնց, Անոնք պիտի մղուին ու հոն պիտի իյնան. Վասն զի ես անոնց այցելութեան տարին Անոնց վրայ չարիք պիտի բերեմ, կ’ըսէ Տէրը: 13Եւ Սամարիայի մարգարէներուն մէջ Անզգամութիւն տեսայ. Բահաղի անունով մարգարէութիւն կ’ընեն, Եւ իմ ժողովուրդս Իսրայէլը կը մոլորեցնեն: 14Ու Երուսաղէմի մարգարէներուն մէջ սոսկալի բան տեսայ. Անոնք շնութիւն կ’ընեն, ու ստութեան մէջ կը քալեն, Եւ չարագործներուն ձեռքերը կ’ուժովցնեն, Որպէս զի չդառնան ամէն մէկը իր չարութենէն. Անոնց ամէնը ինծի Սոդոմի պէս, Ու անոր բնակիչները Գոմորի պէս եղան. 15Ասոր համար զօրաց Տէրը մարգարէներուն վրայով այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես անոնց օշինդր պիտի կերցնեմ, Եւ անոնց դառնութեան պիտի խմցնեմ. Վասն զի Երուսաղէմի մարգարէներէն ամբարշտութիւն ելաւ Ու բոլոր երկրին մէջ տարածուեցաւ: 16Զօրաց Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ձեզի մարգարէութիւն ընող մարգարէներուն խոսքերուն մտիկ մի ընէք. Անոնք ունայնութեան կը տանին ձեզ, Իրենց սրտին տեսիլքը կը խօսին, Ու ոչ թէ Տէրոջը բերնէն: 17Անոնք զիս անարգողներուն կը խօսին ու կ’ըսեն, Տէրը ըսաւ, Ձեզի խաղաղութիւն պիտի ըլլայ. Եւ իրենց սրտին կամակորութեանը մէջ բոլոր քալողներուն կ’ըսեն, Ձեր վրայ չարիք պիտի չգայ: 18Վասն զի Տէրոջը խորհուրդին մէջ ո՞վ կայնեցաւ. Ո՞վ տեսաւ ու անոր խօսքը լսեց. Անոր խօսքին ո՞վ ականջ տուաւ ու մտիկ ըրաւ: 19Ահա Տէրոջը մրրիկը սրտմտութեամբ ելաւ. Անիկա սաստիկ մրրիկ է, Ամբարիշտներուն գլխուն վրայ պիտի յարձակի: 20Տէրոջը բարկութիւնը ետ պիտի չդառնայ Մինչև իր սրտին խորհուրդները չկատարէ ու չհաստատէ. Վերջին օրերը ասիկա աղէկ պիտի հասկնաք: 21Այս մարգարէները ես չղրկեցի, բայց անոնք կը վազեն. Ես անոնց չխօսեցայ, բայց անոնք կը մարգարէանան: 22Իսկ եթէ անոնք իմ խորհուրդիս մէջ կեցած ըլլային, Այն ատեն իմ խօսքս իմ ժողովուրդիս լսել պիտի տային. Եւ զանոնք իրենց չար ճամբաներէն Ու իրենց չար գործերէն պիտի դարձնէին: 23Միթէ ես մօտէ՞ն եմ, Ու հեռուէն Աստուած չե՞մ, կ’ըսէ Տէրը: 24Կամ թէ մէկը ծածուկ տեղեր կրնա՞յ պահուիլ, Որ ես զանիկա չտեսնեմ, կ’ըսէ Տէրը. Միթէ երկինքը ու երկիրը լեցնողը ես չե՞մ, կ’ըսէ Տէրը: 25Իմ անունովս սուտ մարգարէութիւն ընող մարգարէներուն ըսածները լսեցի, Որ կ’ըսեն, տեսայ, երազ տեսայ: 26Մինչև ե՞րբ ասիկա սուտ մարգարէութիւն ընող մարգարէներուն սրտին մէջ պիտի ըլլայ, Որոնք իրենց սրտին նենգութիւնները կը մարգարէանան: 27Անոնք իրենց երազներովը, զորոնք իրարու կը պատմեն, Իմ անունս իմ ժողովուրդիս մոռցնել կը խորհին. Ինչպէս անոնց հայրերը Բահաղի պատճառաւ իմ անունս մոռցան: 28Երազ ունեցող մարգարէն թող երազ պատմէ, Իսկ իմ խօսքս ունեցողը ճշմարտութեամբ թող իմ խօսքս խօսի. Յարդը ցորենին քով ի՞նչ է, կ’ըսէ Տէրը: 29Միթէ իմ խօսքս կրակի պէս չէ՞, կ’ըսէ Տէրը, Ու ապառաժը կոտրտող մուրճի պէս չէ՞: 30Անոր համար ահա ես այն մարգարէներուն դէմ եմ, կ’ըսէ Տէրը, Որոնք ամէն մէկը իր ընկերէն իմ խօսքերս կը գողնան: 31Ահա ես այն մարգարէներուն դէմ եմ, կ’ըսէ Տէրը, Որոնք իրենց լեզուները կը գործածեն ու կ’ըսեն, Անիկա ըսաւ: 32Ահա ես այն սուտ երազներ մարգարէացողներուն դէմ եմ, կ’ըսէ Տէրը, Որ զանոնք պատմելով իմ ժողովուրդս կը մոլորեցնեն Իրենց ստութիւններովը ու սնապարծութիւնովը. Ու ես զանոնք չզրկեցի և անոնց չպատուիրեցի. Ու անոնք այս ժողովուրդին ամենևին օգուտ մը պիտի չընեն, կ’ըսէ Տէրը:

Աստուծոյ բեռը

33Ուստի երբ այս ժողովուրդը Կամ մը կամ քահանայ մը Քեզի հարցնէ ու ըսէ թէ Տէրոջը բեռը ի՞նչ է, Այն ատեն անոնց ըսես, Ի՞նչպէս բեռ. Ես ձեզ անշուշտ պիտի թողում, կ’ըսէ Տէրը: 34Եւ այն մարգարէն կամ քահանան կամ ժողովուրդը Որ Տէրոջը բեռը կ’ըսէ, Այն մարդուն ու անոր տանը այցելութիւն պիտի ընեմ: 35Ամէն մարդ իր ընկերին` Ու ամէն մարդ իր եղբօրը այսպէս ըսէք. Տէրը ի՞նչ պատասխան տուաւ, Եւ Տէրը ի՞նչ խօսեցաւ: 36Ու մէյմըն ալ Տէրոջը բեռը չյիշէք. Վասն զի ամէն մարդուն բեռը իր խօսքը պիտի ըլլայ. Բայց դուք կենդանի Աստուծոյն, Զօրաց Տէրոջը, մեր Աստուծոյն, խօսքը փոխեցիք: 37Մարգարէին այսպէս ըսես. Տէրը քեզի ի՞նչ պատասխան տուաւ, Եւ Տէրը ի՞նչ խօսեցաւ: 38Բայց որովհետև Տէրոջը բեռը կ’ըսէք. Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Որովհետև այս խօսքը, այսինքն Տէրոջը բեռը, կ’ըսէք, Թէև ես ձեզի լուր ղրկեցի, ու Տէրոջը բեռը մի ըսէք` ըսի, 39Անոր համար ահա ես ձեզ բոլորովին պիտի մոռնամ, Ու երեսէս պիտի ձգեմ ձեզ Եւ այն քաղաքը զոր ձեզի ու ձեր հայրերուն տուի. 40Եւ ձեր վրայ յաւիտենական նախատինք Ու յաւիտենական անարգանք պիտի դնեմ, Որ պիտի չմոռցուի:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)