Երեմիա մարգարեյի գիրք

24

Երկու կողով թուզ

1Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին Յուդայի թագաւորը Յովակիմի որդին Յեքոնիան և Յուդայի իշխանները և հիւսերը ու դարբինները Երուսաղէմէ գերի առնելէն ու Բաբելոն տանելէն ետքը, Տէրը ինծի ցուցուց. և ահա Տէրոջը տաճարին առջև դրուած երկու կողով թուզ կար: 2Մէկ կողովին մէջ խիստ աղէկ թուզեր կային` կանխահաս թուզերու պէս, ու միւս կողովին մէջ խիստ գէշ թուզեր կային, այնպէս որ գէշութենէն անոնց ուտուիլը անկարելի էր: 3Եւ Տէրը ինծի ըսաւ, Ով Երեմիա, ի՞նչ կը տեսնես. ու ես ըսի, Թուզեր. աղէկ թուզերը խիստ աղէկ են, ու գէշերը շատ գէշ են, այնպէս որ գէշութենէն անոնց ուտուիլը անկարելի է: 4Այն ատեն Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ` ըսելով, 5Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. Այս աղէկ թուզերուն պէս պիտի բռնեմ Յուդայէ գերի քշուածները, զորոնք այս տեղէն Քաղդէացւոց երկիրը ղրկեցի իրենց աղէկ ըլլալու համար. 6Եւ իմ աչքերս անոնց վրայ պիտի հաստատեմ բարութեան համար, ու զանոնք այս երկիրը պիտի դարձնեմ, և զանոնք պիտի շինեմ ու պիտի չփլցնեմ, և զանոնք պիտի տնկեմ ու պիտի չխլեմ: 7Եւ անոնց այնպիսի սիրտ մը պիտի տամ, որ զիս ճանչնան թէ ես եմ Տէրը. ու անոնք իմ ժողովուրդս պիտի ըլլան, ու ես անոնց Աստուածը պիտի ըլլամ. վասն զի իրենց բոլոր սրտովը ինծի պիտի դառնան: 8Եւ ինչպէս են այս գէշ թուզերը որ գէշութենէն չեն ուտուիր, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Յուդայի թագաւորը Սեդեկիան ու անոր իշխանները ու Երուսաղէմի մնացորդը, որոնք այս երկրին մէջ մնացեր են, նաև Եգիպտոսի երկրին մէջ բնակողները այնպէս պիտի ընեմ. 9Եւ զանոնք երկրի բոլոր թագաւորութիւններուն մէջ նեղութեան ու թշուառութեան պիտի մատնեմ, որպէս զի անոնք նախատինք, , անարգանք ու ըլլան այն բոլոր տեղերը ուր զանոնք պիտի քշեմ. 10Եւ անոնց վրայ սուրը, սովը ու ժանտախտը պիտի ղրկեմ, մինչև հատնին այն երկրին վրայէն` զոր իրենց ու իրենց հայրերուն տուի:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)