Երեմիա մարգարեյի գիրք
25
Հիւսիսէն թշնամին
1Յուդայի թագաւորին Յովսիայի որդւոյն Յովակիմի չորրորդ տարին, որ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին առաջին տարին էր, բոլոր Յուդայի ժողովուրդին վրայով Երեմիայի եղած խօսքն է, 2Զոր Երեմիա մարգարէն բոլոր Յուդայի ժողովուրդին ու բոլոր Երուսաղէմի բնակիչներուն խօսեցաւ ու ըսաւ, 3Յուդայի թագաւորին Ամոնի որդւոյն Յովսիայի տասուիրեքերորդ տարիէն մինչև այսօր, որ քսանուիրեք տարի է, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ, ու ես ձեզի խօսեցայ կանուխ ելլելով ու խօսելով, բայց մտիկ չըրիք: 4Եւ Տէրը ձեզի ղրկեց իր բոլոր ծառաները, մարգարէները, կանուխ ելլելով ու ղրկելով, բայց մտիկ չըրիք, ու մտիկ ընելու համար ականջնիդ չծռեցիք, 5Որոնք կ’ըսէին, Ամէն մէկդ ձեր չար ճամբայէն ու ձեր չար գործերէն դարձէք, որպէս զի բնակիք յաւիտեանս յաւիտենից այս երկրին մէջ զոր Տէրը ձեզի ու ձեր հայրերուն տուաւ. 6Եւ օտար աստուածներուն ետևէն մի երթաք, անոնց ծառայելու ու երկրպագութիւն ընելու համար. և զիս ձեր ձեռքերուն գործերովը մի բարկացնէք, որպէս զի ձեզի չարիք չընեմ: 7Բայց դուք ինծի մտիկ չըրիք, կ’ըսէ Տէրը, որպէս զի զիս ձեր ձեռքերուն գործերովը բարկացնէք, ու ձեզի գէշ ըլլայ: 8Ասոր համար զօրաց Տէրը այսպէս կ’ըսէ. 9Որովհետև իմ խօսքերս մտիկ չըրիք, Ահա ես պիտի ղրկեմ, ու բոլոր հիւսիսի ազգատոհմները և իմ ծառաս Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը պիտի առնեմ, կ’ըսէ Տէրը, ու զանոնք այս երկրին վրայ և անոր բնակիչներուն վրայ ու բոլոր այս շրջակայ ազգերուն վրայ պիտի բերեմ, ու զանոնք նզովուածի պէս բնաջինջ պիտի ընեմ, և զանոնք զարմանքի ու սուլելու ենթակայ պիտի ընեմ, ու յաւիտենական աւերակի պիտի դարձնեմ, 10Եւ անոնցմէ ցնծութեան ձայնը և ուրախութեան ձայնը, փեսային ձայնը ու հարսին ձայնը, աղօրիքին ձայնը ու ճրագին լոյսը պիտի կորսնցնեմ. 11Եւ այս բոլոր երկիրը անապատ ու ամայութիւն պիտի ըլլայ. և այս ազգերը եօթանասուն տարի Բաբելոնի թագաւորին պիտի ծառայեն: 12Ու եօթանասուն տարիին լմննալէն ետքը Բաբելոնի թագաւորին ու այն ազգին այցելութիւն պիտի ընեմ իրենց անօրէնութեանը համար. նաև Քաղդէացւոց երկրին այցելութիւն պիտի ընեմ, կ’ըսէ Տէրը, և զանիկա յաւիտենական ամայութեան պիտի դարձնեմ. 13Ու այն երկրին վրայ պիտի բերեմ այն բոլոր խօսքերը զորոնք ես անոր դէմ խօսեցայ, այսինքն Երեմիայի բոլոր ազգերուն վրայով ըրած մարգարէութեան այս գիրքին մէջ գրուած բոլոր բաները. 14Քանզի զանոնք ալ շատ ազգեր ու մեծ թագաւորներ իրենց ծառայ պիտի ընեն. ու ես անոնց հատուցում պիտի ընեմ իրենց ըրածներուն ու իրենց ձեռքերուն գործերուն համեմատ:
Աստուծոյ դատաստանը ազգերուն
15Քանզի Իսրայէլի Տէր Աստուածը ինծի այսպէս ըսաւ. Այս բարկութեան գինիին գաւաթը ձեռքէս առ, ու զանիկա խմցուր այն բոլոր ազգերուն` որոնց ես քեզ կը ղրկեմ. 16Եւ խմեն ու խռովին ու անոնց մէջ ղրկած սուրիս երեսէն յիմարին: 17Ուստի Տէրոջը ձեռքէն գաւաթը առի ու խմցուցի այն բոլոր ազգերուն, որոնց Տէրը զիս ղրկեց. 18Երուսաղէմի ու Յուդայի քաղաքներուն և անոր թագաւորներուն ու անոր իշխաններուն, որպէս զի զանոնք անապատ, ամայութիւն, անարգանք ու անէծք ընէ, ինչպէս այսօր կ ’երևնայ. 19Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին, և անոր ծառաներուն ու իշխաններուն, ու անոր բոլոր ժողովուրդին. 20Եւ բոլոր խառնիճաղանճ ժողովուրդներուն, ու Հուս երկրին բոլոր թագաւորներուն, ու Փղշտացւոց երկրին բոլոր թագաւորներուն, այսինքն` Ասկաղոնի, Գազայի, ու Ակկարոնի, և Ազովտոսի մնացորդին. 21Եդովմի, ու Մովաբի, ու Ամմոնի որդիներուն. 22Եւ Տիւրոսի բոլոր թագաւորներուն, ու Սիդոնի բոլոր թագաւորներուն, և ծովուն անդիի կողմը եղող կղզիներու թագաւորներուն. 23Դեդանի, ու Թեմայի, և Բուզի, ու ամէն իրենց մօրուքին ծայրերը կտրողներուն. 24Եւ Արաբացւոց բոլոր թագաւորներուն, ու անապատը բնակող խառնիճաղանճ ժողովուրդին բոլոր թագաւորներուն. 25Եւ Զամբրիի բոլոր թագաւորներուն, ու Եղամի բոլոր թագաւորներուն, ու Մարաց բոլոր թագաւորներուն. 26Եւ իրարու մօտ կամ հեռու եղող հիւսիսի բոլոր թագաւորներուն, ու երկրի երեսին վրայ եղող երկրի բոլոր թագաւորութիւններուն խմցուցի. և անոնցմէ ետքը Սիսակի թագաւորը պիտի խմէ: 27Ու անոնց ըսես, Զօրաց Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. Խմեցէք, ու գինովցէք ու փըսխեցէք, և ձեր մէջ ղրկելու սուրիս երեսէն ինկէք ու մի ելլէք: 28Ու եթէ գաւաթը քու ձեռքէդ առնել չուզեն խմելու համար, այն ատեն անոնց ըսես. Զօրաց Տէրը այսպէս կ’ըսէ: Անշուշտ պիտի խմէք. 29Քանզի ահա ես իմ անունովս կոչուած քաղաքին վրայ չարիք բերելու սկսայ. միթէ դուք անպատի՞իժ պիտի մնաք. անպատիժ պիտի չմնաք, քանզի երկրի բոլոր բնակիչներուն վրայ սուր պիտի կանչեմ, կ’ըսէ զօրաց Տէրը: 30Ուստի դուն այս բոլոր խօսքերը անոնց մարգարէանալով` անոնց ըսես, Տէրը բարձրէն պիտի գոռայ, Ու իր սուրբ բնակութենէն իր ձայնը պիտի տայ. Իր բնակարանին վրայ ահարկու ձայնով պիտի գոռայ, Խաղող կոխողներու աղաղակին պէս Երկրի բոլոր բնակիչներուն պատասխան պիտի տայ: 31Անոր բարձր ձայնը մինչև երկրի ծայրերը պիտի հասնի, Վասն զի Տէրը ազգերուն հետ դատաստան ունի. Անիկա ամէն մարմնի հետ դատ պիտի վարէ, Ու ամբարիշտները սուրի պիտի տայ, կ’ըսէ Տէրը: 32Զօրաց Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ահա չարիք պիտի ելլէ, մէկ ազգէ ուրիշ ազգի պիտի անցնի, Ու երկրի ծայրերէն մեծ մրրիկ պիտի ելլէ: 33Եւ այն օրը Տէրոջմէ սպաննուածները Երկրի մէկ ծայրէն` մինչև երկրի միւս ծայրը պիտի ըլլան. Անոնց համար սուգ պիտի չբռնուի, Անոնք պիտի չժողվուին ու պիտի չթաղուին, Երկրի երեսին վրայ աղբի պէս պիտի ըլլան: 34Ողբացէք, ով հովիւներ, ու աղաղակեցէք, Եւ մոխիրի մէջ թաւալեցէք, ով հօտին ընտիրները. Վասն զի ձեր մորթուելու և ցիրուցան ըլլալու օրերը լրացած են, Ու պատուական ամանի պէս պիտի իյնաք: 35Եւ հովիւներուն փախչելու ճամբան Ու հօտին ընտիրներուն ազատուելու միջոցը պիտի կորսուի: 36Հովիւներուն աղաղակին ձայնը Եւ հօտին ընտիրներուն ոռնալուն ձայնը կայ, Վասն զի Տէրը անոնց արօտները կորսÁնցուց. 37Ու Տէրոջը սաստիկ բարկութեանը երեսէն Խաղաղութեան բնակարանները ամայութեան դարձան: 38Առոյգ առիւծի պէս իր բնակարանը թողուց, Քանզի բռնաւորին բարկութեանը երեսէն Ու անոր սաստիկ սրտմտութեանը երեսէն Անոնց երկիրը ամայի եղաւ: