Երեմիա մարգարեյի գիրք

26

Երեմիա դատի կը բերուի

1Յուդայի թագաւորին, Յովսիայի որդւոյն Յովակիմի, թագաւորութեանը սկիզբը Տէրոջը կողմանէ այս խօսքը եղաւ` ըսելով, 2Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Տէրոջը տանը գաւիթին մէջ կայնէ, ու Տէրոջը տունը երկրպագութիւն ընելու եկող Յուդայի բոլոր քաղաքներուն խօսէ այն ամէն խօսքերը զորոնք քեզի պատուիրեցի անոնց խօսելու համար. մը ետ մի ձգեր. 3Թերևս մտիկ ընեն, ու ամէն մարդ իր չար ճամբայէն դառնայ. ես ալ զղջամ այն չարիքին համար զոր անոնց չար գործերուն պատճառաւ իրենց վրայ բերել կը խորհիմ: 4Եւ անոնց ըսես, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Եթէ ինծի մտիկ չընելով, ձեր առջև դրած օրէնքիս մէջ չքալէք, 5Ու ձեզի ղրկած ծառաներուս, մարգարէներուն, խօսքերը մտիկ չընէք, զորոնք կանուխ ելլելով կը ղրկէի, ու դուք մտիկ չըրիք. 6Այն ատեն այս տունը Սելովի պէս պիտի ընեմ, և այս քաղաքը երկրի բոլոր ազգերուն պիտի ընեմ: 7Ու քահանաները և մարգարէները ու բոլոր ժողոովուրդը լսեցին, երբ Երեմիա Տէրոջը տանը մէջ այս խօսքերը կը խօսէր: 8Ու երբ Երեմիա լմնցուց այն բոլոր խօսքերը զրուցելը` զորոնք Տէրը հրամայեր էր բոլոր ժողովուրդին խօսիլ, քահանաները ու մարգարէները ու բոլոր ժողովուրդը զանիկա բռնեցին ու ըսին, Դուն անպատճառ պիտի մեռնիս. 9Ինչո՞ւ համար Տէրոջը անունովը մարգարէութիւն ըրիր` ըսելով, Այս տունը Սելովի պէս պիտի ըլլայ, ու այս քաղաքը աւերակ պիտի ըլլայ և հոն բնակիչ պիտի չըլլայ. ու բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը տանը մէջ Երեմիայի վրայ ժողվուեցաւ: 10Ու երբ Յուդայի իշխանները այս բաները լսեցին, թագաւորին տունէն Տէրոջը տունը ելան, և Տէրոջը տանը նոր դրանը մուտքը նստան: 11Ու քահանաները և մարգարէները իշխաններուն ու բոլոր ժողովուրդին խօսեցան ու ըսին, Այս մարդը մեռնելու արժանի է, քանզի այս քաղաքին դէմ մարգարէութիւն ըրաւ, ինչպէս դուք ձեր ականջներով լսեցիք: 12Ու Երեմիա բոլոր իշխաններուն ու բոլոր ժողովուրդին խօսեցաւ ու ըսաւ, Տէրը զիս ղրկեց որ այս տանը ու այս քաղաքին վրայով ձեր լսած բոլոր խօսքերը զրուցելով` մարգարէութիւն ընեմ: 13Եւ հիմա ձեր ճամբաները ու գործերը ուղղեցէք, ու ձեր Տէր Աստուծոյն ձայնը մտիկ ըրէք, և Տէրը ձեր վրայով ըսած չարիքին համար պիտի զղջայ: 14Բայց ես ահա ձեր ձեռքն եմ. ձեր աչքին աղէկ ու շիտակ երևցածը ըրէք ինծի. 15Սակայն աղէկ գիտցէք որ եթէ դուք զիս մեռցնէք, ձեր վրայ ու այս քաղաքին վրայ և անոր բնակիչներուն վրայ անշուշտ անմեղ արեան պատիժը պիտի բերէք. վասն զի ճշմարտապէս Տէրը զիս ձեզի ղրկեց, որպէս զի այս բոլոր խօսքերը ձեր ականջներուն զրուցեմ: 16Այն ատեն իշխանները ու բոլոր ժողովուրդը քահանաներուն ու մարգարէներուն ըսին, Այս մարդը մեռնելու արժանի չէ, վասն զի մեր Տէր Աստուծոյն անունովը մեզի խօսեր է: 17Ու երկրին ծերերէն քանի մը մարդիկ ելան, և ժողովուրդին բոլոր ժողովքին խօսեցան` ըսելով, 18Յուդայի Եզեկիա թագաւորին օրերը Մօրստացի Միքիա մարգարէութիւն ըրաւ. և բոլոր Յուդայի ժողովուրդին խօսեցաւ ու ըսաւ, Զօրաց Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ագարակի պէս պիտի հերկուի, ու աւերակներու դէզեր, ու Տէրոջը տանը լեռը անտառի բարձր տեղերու պէս պիտի ըլլայ: 19Միթէ Յուդայի Եզեկիա թագաւորը ու բոլոր Յուդա զանիկա մեռցուցի՞ն. չէ՞ որ անիկա Տէրոջմէ վախնալով` Տէրոջը առջև ըրաւ, և Տէրը անոնց վրայով ըսած չարիքին համար զղջաց. ուրեմն մենք մեծ չարիք մը ըրած կ’ըլլանք մեր անձերուն: 20Ու նաև Կարիաթարիմէ Սեմայիայի որդի Ուրիա անունով մարդ մը կար, որ Տէրոջը անունով մարգարէութիւն կ’ընէր. և անիկա այս քաղաքին վրայ ու այս երկրին վրայ Երեմիայի բոլոր խօսքերուն պէս մարգարէացաւ: 21Ու երբ Յովակիմ թագաւորը ու անոր բոլոր զօրաւոր մարդիկը ու բոլոր իշխանները անոր խօսքերը լսեցին, թագաւորը ուզեց որ զանիկա մեռցնէ. բայց Ուրիա այս բանը լսելով` վախցաւ ու փախաւ գնաց: 22Եւ Յովակիմ թագաւորը մարդիկ ղրկեց Եգիպտոս. Աքոբորի որդին Եղնաթանը ու անոր հետ քանի մը մարդիկ ղրկեց Եգիպտոս. 23Եւ անոնք Ուրիան Եգիպտոսէ հանեցին, ու զանիկա Յովակիմ թագաւորին բերին. ան ալ զանիկա սրով զարկաւ, ու անոր մարմինը ժողովուրդին որդիներուն գերեզմանները նետեց: 24Բայց Սափանի որդւոյն Աքիկամի ձեռքը Երեմիայի հետ էր, որ չըլլայ թէ անիկա ժողովուրդին ձեռքը մատնուելով` մեռցուի:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981