Երեմիա մարգարեյի գիրք

28

Երեմիան և Անանիա մարգարէն

1Ու եղաւ որ նոյն տարին Յուդայի թագաւորին Սեդեկիայի թագաւորութեան սկիզբը, չորրորդ տարւոյն հինգերորդ ամիսը, Գաբաւոնէ եղող Ազուրի որդին Անանիա մարգարէն Տէրոջը տանը մէջ քահանաներուն ու բոլոր ժողովուրդին առջև ինծի խօսեցաւ ու ըսաւ, 2Զօրաց Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կը խօսի ու կ’ըսէ, Բաբելոնի թագաւորին լուծը կոտրեցի. 3Մինչև երկու տարի, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին այս տեղէն ու Բաբելոն տարած Տէրոջը տանը բոլոր անօթները այս տեղ պիտի դարձնեմ: 4Եւ Յուդայի թագաւորը Յովակիմի որդին Յեքոնիան, ու Բաբելոն գացած բոլոր գերիները այս տեղ պիտի դարձնեմ, կ’ըսէ Տէրը, վասն զի Բաբելոնի թագաւորին լուծը պիտի կոտրեմ: 5Ու Երեմիա մարգարէն, Տէրոջը տանը մէջ կայնող քահանաներուն ու բոլոր ժողովուրդին աչքին առջև Անանիա մարգարէին խօսեցաւ. 6Ու Երեմիա մարգարէն ըսաւ, Ամէն. Տէրը այնպէս ընէ. Տէրը քու մարգարէացած խօսքերդ հաստատէ, ու Տէրոջը տանը անօթները ու բոլոր գերիները Բաբելոնէ այս տեղ դարձնէ: 7Բայց հիմա քու ականջներուդ և բոլոր ժողովուրդին ականջներուն այս իմ ըսելու խօսքս մտիկ ըրէ. 8Ինծմէ առաջ ու քեզմէ առաջ, սկիզբէն ի վեր եղող մարգարէները շատ երկիրներու դէմ ու մեծ թագաւորութիւններու դէմ` պատերազմի, չարիքի ու ժանտախտի վրայով մարգարէացան: 9Երբ մը խաղաղութիւն կը մարգարէանայ, ու այն մարգարէին խօսքը կը կատարուի, այն ատեն կը հասկցուի որ անիկա ճշմարտապէս Տէրոջմէ ղրկուած մարգարէ մընէ: 10Այն ատեն Անանիա մարգարէն Երեմիա մարգարէին պարանոցէն լուծը առաւ, ու զանիկա կոտրեց: 11Եւ Անանիա բոլոր ժողովուրդին աչքին առջև խօսեցաւ ու ըսաւ, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Մինչև երկու տարի, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին լուծը ամէն ազգերուն պարանոցին վրայէն այսպէս պիտի կոտրեմ. ու Երեմիա մարգարէն իր ճամբան գնաց: 12Եւ Անանիա մարգարէն` Երեմիա մարգարէին պարանոցին վրայէն լուծը կոտրելէն ետքը, Տէրոջը խօսքը Երեմիայի եղաւ` ըսելով, 13Գնա Անանիայի խօսէ ու ըսէ, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Դուն փայտէ լուծերը կոտրեցիր, սակայն անոնց տեղ երկաթէ լուծեր պիտի շինես: 14Քանզի զօրաց Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. Այս բոլոր ազգերուն պարանոցին վրայ երկաթէ լուծ դրի, որպէս զի Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ծառայութիւն ընեն, և անոր պիտի ծառայեն. դաշտի գազաններն ալ անոր տուի: 15Ու Երեմիա մարգարէն Անանիա մարգարէին ըսաւ, Հիմա լսէ, ով Անանիա, Տէրը քեզ ղրկած չէ, ու դուն այս ժողովուրդը ստութեան յուսացուցիր: 16Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես քեզ երկրի երեսին վրայէն պիտի վռնտեմ. դուն այս տարի պիտի մեռնիս, վասն զի Տէրոջը դէմ ապստամբութիւն խօսեցար: 17Եւ Անանիա մարգարէն այն տարւոյն եօթներորդ ամսուն մէջ մեռաւ:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)