Երեմիա մարգարեյի գիրք
31
Իսրայէլ տուն կը դառնայ
1Այն ատեն, կ’ըսէ Տէրը, Իսրայէլի բոլոր ազգատոհմներուն Աստուած պիտի ըլլամ, Ու անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան: 2Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Սուրէն փախած ժողովուրդը անապատին մէջ շնորհք գտաւ, Երբ կ’երթար Իսրայէլ հանգստութիւն գտնելու*. 3Տէրը շատոնցմէ ինծի երևցաւ` ըսելով, Քեզ յաւիտենական սիրով սիրեցի. Անոր համար ողորմութեամբ քեզ քաշեցի*: 4Քեզ նորէն պիտի շինեմ, ու պիտի շինուիս, ով Իսրայէլի կոյսը, Նորէն քու թմբուկներովդ պիտի զարդարուիս, Եւ ցնծութեամբ պար բռնողներուն խումբին հետ պիտի ելլես: 5Նորէն Սամարիայի լեռներուն վրայ այգիներ պիտի տնկես. Տնկողները պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն: 6Վասն զի օր պիտի գայ որ Եփրեմի լեռանը վրայ պահապանները պիտի կանչեն, Ելէք, ու մեր Տէր Աստուծոյն դէպ ի Սիօն ելլենք: 7Քանզի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Յակոբի համար ուրախութեամբ երգեցէք, Եւ ազգերուն գլուխին համար ցնծա-ցէք. Ձայն տուէք, օրհնեցէք ու ըսէք, Ով Տէր, քու ժողովուրդդ, Իսրայէլի մնացորդը, փրկէ: 8Ահա ես զանոնք հիւսիսի երկրէն պիտի բերեմ. Ու զանոնք երկրի ծայրերէն` Ու անոնց հետ կոյրը ու կաղը, Յղին ու ծնած կինը մէկտեղ պիտի ժողվեմ. Մեծ ժողովք մը հոս պիտի դառնայ: 9Լալով պիտի գան, ու աղաչանքներով զանոնք պիտի բերեմ. Զանոնք ջուրերու վտակներուն քովէն պիտի պտըտցնեմ, Շիտակ ճամբայէն` որուն մէջ չգայթակղին. Վասն զի Իսրայէլի հայր եղայ, Ու Եփրեմ իմ անդրանիկս է: 10Ով ազգեր, Տէրոջը խօսքը մտիկ ըրէք, Ու հեռաւոր կղզիներուն պատմեցէք ու ըսէք, Իսրայէլը ցրուողը զանիկա պիտի ժողվէ, Եւ զանիկա պիտի պահպանէ, ինչպէս հովիւը իր հօտը կը պահպանե: 11Քանզի Տէրը փրկեց Յակոբը, Ու զանիկա անկէ զօրաւորին ձեռքէն ազատեց: 12Եւ պիտի գան, ու Սիօնի բարձրութեանը վրայ ուրախութեան ձայն պիտի վերցնեն, Եւ պիտի դիմեն Տէրոջը բարիքներուն, Այսինքն ցորենին ու գինիին ու իւղին Եւ հօտերուն ու արջառներուն, Եւ անոնց անձերը ջրուած պարտէզի պէս պիտի ըլլան, Ու մէյմըն ալ պիտի չնուաղին: 13Այն ատեն կոյսը պար բռնելով պիտի ուրախանայ, Նաև երիտասարդները և ծերերը մէկտեղ. Վասն զի անոնց սուգը ուրախութեան պիտի դարձնեմ, Եւ անոնց տրտմութենէն զանոնք մխիթարելով` պիտի ուրախացնեմ: 14Ու քահանաներուն հոգիները պարարտութիւնով պիտի լեցնեմ, Եւ իմ ժողովուրդս իմ բարիքներովս պիտի կշտանայ, կ’ըսէ Տէրը:
Աստուծոյ գութը Իսրայէլի հանդէպ
15Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ռամայի մէջ ձայն մը լսուեցաւ, Ողբի ու դառնագին լացի ձայն. Ռաքել իր տղոցը համար կու լար, Եւ իր տղոցը համար մխիթարուիլ չէր ուզեր, Վասն զի անոնք չկային: 16Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Քու ձայնդ լալէն Եւ աչքերդ արցունքէն դադրեցուր, Վասն զի քու գործիդ համար վարձք կայ, կ’ըսէ Տէրը, Ու թշնամիին երկրէն պիտի դառնան: 17Եւ քու ապագայ ժամանակիդ համար յոյս կայ, կ’ըսէ Տէրը, Որ` քու տղաներդ իրենց սահմանը դառնան: 18Յիրաւի Եփրեմի այսպէս ողբալը լսեցի. Զիս խրատեցիր ու խրատուեցայ Լուծի չսորված զուարակի պէս. Զիս դարձուր, որպէս զի դառնամ. Վասն զի իմ Տէր Աստուածս դուն ես: 19Իրաւցընէ դառնալէս ետքը զղջացի, Ու կրթուելէս ետքը իմ ազդրիս զարկի. Ամչցայ ու պատկառեցայ, Վասն զի իմ մանկութեանս անարգանքը կրեցի: 20Միթէ Եփրեմ իմ պատուական որդի՞ս է, Կամ սիրական զաւա՞կ մըն է. Վասն զի քանի որ ես անոր վրայով կը խօսիմ, Շարունակ զանիկա կը յիշեմ. Այս պատճառաւ իմ աղիքս կը գալարի անոր համար. Անշուշտ անոր ողորմութիւն պիտի ընեմ, կ’ըսէ Տէրը: 21Քեզի կոթողներ կանգնէ, քեզի սիւներ տնկէ, Սիրտդ մեծ ճամբուն, քու գացած շաւիղիդ, դիր. Դարձիր, ով Իսրայէլի կոյսը, Այս քու քաղաքներդ դարձիր: 22Ով ապստամբ աղջիկ, Մինչև ե՞րբ աստանդական պիտի շրջիս: Քանզի Տէրը երկրի վրայ նոր բան ստեղծեց, Կինմարդը պիտի շրջապատէ այրմարդը:
Աստուծոյ ժողովուրդին բարգաւաճումը
23Զօրաց Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. Այսուհետև Յուդայի երկրին մէջ Ու անոր քաղաքներուն մէջ այս խօսքը պիտի ըսեն` Երբ անոնց գերութիւնը դարձնեմ. Տէրը քեզ օրհնէ, Ով արդարութեան բնակարան, սուրբ լեռ: 24Եւ հոն, Յուդայի մէջ ու միանգամայն անոր բոլոր քաղաքներուն մէջ Երկրագործներ ու հօտերու հետ չուողներ պիտի բնակին: 25Քանզի յոգնած հոգին պիտի զովացնեմ, Ու ամէն մարած հոգին պիտի կշտացնեմ: 26Ասոր վրայ արթնցայ ու նայեցայ, Եւ իմ քունս ինծի անոյշ էր: 27Ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը, Որ Իսրայէլի տունը և Յուդայի տունը Մարդու սերմ ու անասունի սերմ պիտի ցանեմ: 28Ինչպէս խլելու, փլցնելու ու աւրելու, Եւ կորսնցնելու ու չարիք հասցնելու համար Անոնց վրայ հսկեցի, Նոյնպէս ալ շինելու ու տնկելու համար Անոնց վրայ պիտի հսկեմ, կ’ըսէ Տէրը: 29Այն օրերը մէյմըն ալ պիտի չըսեն, Հայրերը ազոխ կերան, Ու որդիներուն ակռաները առին. 30Հապա ամէն մարդ իր անօրէնութեանը համար պիտի մեռնի. Ամէն մարդ որ ազոխ կ’ուտէ, Անոր ակռաները պիտի առնեն: 31Ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը, Որ Իսրայէլի տանը հետ ու Յուդայի տանը հետ Նոր ուխտ պիտի ընեմ, 32Ոչ թէ այն ուխտին պէս, զոր անոնց հայրերուն հետ ըրի Այն օրը որ անոնց ձեռքէն բռնեցի` Զանոնք Եգիպտոսի երկրէն հանելու համար. Քանզի անոնք իմ ուխտս զանց ըրին: Ես ալ զանոնք մերժեցի*, կ’ըսէ Տէրը. 33Հապա այն օրերէն ետքը Իսրայէլի տանը հետ ընելու ուխտս ասիկա է, կ’ըսէ Տէրը. Իմ օրէնքս անոնց ներսիդին պիտի դնեմ, Ու զանիկա անոնց սրտին վրայ պիտի գրեմ, Ու ես անոնց Աստուած պիտի ըլլամ, Եւ անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան: 34Ու անկէ ետքը մարդ մը իր ընկերին Ու մարդ մը իր եղբօրը պիտի չսորվեցնէ` Ըսելով թէ Տէրը ճանչցիր. Հապա անոնց պզտիկէն մինչև մեծը Ամէնը զիս պիտի ճանչնան, կ’ըսէ Տէրը. Վասն զի անոնց անօրէնութիւնը պիտի ներեմ`. Ու անոնց մեղքը մէյմըն ալ պիտի չյիշեմ: 35Այսպէս կ’ըսէ Տէրը, Որ արևը հաստատեց օրուան լոյսին համար, Եւ գիշերուան լոյսին համար լուսինին ու աստղերուն կանոններ դրաւ, Որ ծովը կը յանդիմանէ, երբ անոր ալիքները կը գոռան. Անոր անունը Եհովա Սաբաւովթ է. 36Եթէ այս կանոնները իմ առջևէս դադարին, կ’ըսէ Տէրը, Իսրայէլի սերունդն ալ իմ առջևս միշտ ազգ ըլլալէն պիտի դադարի: 37Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Եթէ երկինքները կրնան վերէն չափուիլ, Ու երկրի հիմերը վարէն քննուիլ, Ես ալ բոլոր Իսրայէլի սերունդը, Իրենց բոլոր ըրածներուն համար, պիտի մերժեմ, կ’ըսէ Տէրը: 38Ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը, Որ Անանայէլի աշտարակէն մինչև Անկեան դուռը Քաղաքը Տէրոջը համար պիտի շինուի. 39Եւ անոր դիմացէն չափին լարը Մինչև Գարեբի բլուրը պիտի ելլէ, Ու դէպ ի Գոաթ պիտի դառնայ, 40Եւ դիերուն ու մոխրոց բոլոր ձորը Ու բոլոր արտերը մինչև Կեդրոն հեղեղատը, Մինչև Ձիերուն դրանը անկիւնը դէպ ի արևելք, Սուրը պիտի ըլլայ Տէրոջը. Մէյմըն ալ պիտի չքակուի ու չփլչի յաւիտեան: