Երեմիա մարգարեյի գիրք
32
Երեմիան արտ մը կը գնէ
1Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին տասներորդ տարին, այսինքն Նաբուգոդոնոսորի տասնըութերորդ տարին, Տէրոջը կողմանէ Երեմիայի եղած խօսքն է: 2Եւ այն ատեն Բաբելոնի թագաւորին զօրքը Երուսաղէմը կը պաշարէր, ու Երեմիա մարգարէն Յուդայի թագաւորին տունը եղող բանտին գաւիթին մէջ արգիլուած էր: 3Վասն զի Յուդայի Սեդեկիա թագաւորը զանիկա արգիլեց` ըսելով, Դուն ինչո՞ւ համար մարգարէութիւն ըրիր ու ըսիր թէ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես այս քաղաքը Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի տամ, ու զանիկա պիտի առնէ. 4Եւ Յուդայի Սեդեկիա թագաւորը Քաղդէացւոց ձեռքէն պիտի չազատի. հապա անշուշտ Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի տրուի, ու անոր հետ բերան առ բերան պիտի խօսի, և անոր հետ աչք աչքի պիտի տեսնուի: 5Ու անիկա Սեդեկիան Բաբելոն պիտի տանի. ու անիկա հոն պիտի մնայ մինչև ես անոր այցելութիւն ընեմ, կ’ըսէ Տէրը. եթէ Քաղդէացւոց հետ պատերազմ ընէք, յաջողութիւն պիտի չգտնէք: 6Այն ատեն Երեմիա ըսաւ, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ ըսելով, 7Ահա քու հօրեղբօրդ Սեղղումի որդին Անամայէլ քեզի պիտի գայ ու պիտի ըսէ, Անաթովթի մէջ եղող ագարակս քեզի ծախու առ, վասն զի ազգականութեան իրաւունքով քեզի կ’իյնայ որ ծախու առնես: 8Եւ Տէրոջը խօսքին համեմատ իմ հօրեղբօրս որդին Անամայէլ ինծի բանտին գաւիթը եկաւ, ու ինծի ըսաւ, Շնորհք ըրէ, Բենիամինի երկիրը Անաթովթի մէջ ունեցած ագարակս ծախու առ, վասն զի ժառանգութեան իրաւունքը քուկդ է ու քեզի կ’իյնայ որ փրկես, քեզի ծախու առ. այն ատեն գիտցայ որ ասիկա Տէրոջը խօսքն էր: 9Եւ հօրեղբօրս որդիէն, Անամայէլէ, Անաթովթի մէջ եղող ագարակը ծախու առի, ու ստակը տասնըեօթը սիկղ արծաթ կշռեցի անոր: 10Եւ մուրհակ մը գրեցի ու կնքեցի ու վկաներ բռնեցի և արծաթը կշիռքով կշռեցի: 11Ու ստացուածքի մուրհակը, թէ՛ հրամանին ու կանոններուն համեմատ կնքուածը, և թէ՛ բաց եղածը առի: 12Ու ստացուածքի մուրհակը, հօրեղբօրս որդւոյն Անամայէլի աչքերուն առջև ու ստացուածքի մուրհակին մէջ գրուող վկաներուն աչքերուն առջև, բանտի գաւիթին մէջ նստող բոլոր Հրէից աչքերուն առջև, Մաասիայի որդւոյն Ներիայի որդւոյն Բարուքի տուի: 13Եւ անոնց աչքերուն առջև Բարուքի պատուիրեցի ու ըսի, 14Զօրաց Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. Այս մուրհակները, այս կնքուած ստացուածքի մուրհակը ու այս բաց մուրհակը, առ, և զանոնք հողէ ամանի մը մէջ դիր, որպէս զի շատ օրեր մնան: 15Քանզի զօրաց Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. Այս երկրին մէջ նորէն տուներ ու ագարակներ և այգիներ ծախու պիտի առնուին:
Երեմիային աղօթքը
16Ու ստացուածքի մուրհակը Ներիայի որդւոյն Բարուքի տալես ետքը, Տէրոջը աղօթք ըրի ու ըսի, 17Ո՜հ, Տէր Եհովա, ահա դուն քու մեծ զօրութիւնովդ ու երկընցած բազուկովդ երկինքը ու երկիրը ստեղծեցիր. բնաւ բան մը քեզի դժուարին չէ: 18Դուն հազարներուն ողորմութիւն կ’ընես, ու հայրերուն անօրէնութեան պատիժը անոնցմէ ետքը անոնց որդիներուն ծոցը կու տաս. դուն մեծ ու հզօր Աստուած ես, և քու անունդ Զօրաց Տէր է: 19Դուն խորհրդով մեծ ու գործով զօրաւոր ես, այնպէս որ ամէն մէկուն իր ճամբաներուն համեմատ ու անոր գործերուն պտուղին համեմատ հատուցում ընելու համար` քու աչքերդ մարդոց որդիներուն բոլոր ճամբաներուն վրայ բաց են: 20Դուն որ մինչև այսօր Եգիպտոսի երկրին մէջ ու Իսրայէլի մեջ և բոլոր մարդոց մէջ նշաններ ու հրաշքներ ընելով` քեզի անուն վաստկեցար, ինչպէս այսօր կ’երևնայ. 21Եւ քու ժողովուրդդ Իսրայէլը, նշաններով ու հրաշքներով և զօրաւոր ձեռքով ու երկնցած բազուկով և մեծ ահարկութիւնով Եգիպտոսի երկրէն հանեցիր, 22Ու անոնց տուիր այս երկիրը զոր իրենց հայրերուն երդում ըրեր էիր իրենց տալու, այնպիսի երկիր մը որ կաթ ու մեղր կը բղխէ. 23Ու մտան զանիկա ժառանգեցին, բայց քու ձայնիդ ականջ չտուին և քու օրէնքիդ համեմատ չքալեցին. անոնք չըրին ինչ որ անոնց պատուիրեցիր որ ընեն. ուստի այս բոլոր չարիքը անոնց վրայ բերիր: 24Ահա քաղաքին դէմ պատնէշներ կանգնուեցան, որպէս զի զանիկա առնեն. և քաղաքը սուրին, սովին ու ժանտախտին պատճառաւ, անոր դէմ պատերազմ ընող Քաղդէացւոց ձեռքը տրուեցաւ. և քու ըսածդ կատարուեցաւ, ու ահա կը տեսնես: 25Բայց դուն, ով Տէր Եհովա, ինծի ըսիր որ Ագարակը ստակով քեզի ծախու առ ու վկաներ բռնէ. և ահա քաղաքը Քաղդէացւոց ձեռքը կը մատնուի: 26Եւ Տէրոջը խօսքը Երեմիայի եղաւ` ըսելով, 27Ահա ես եմ Եհովա, ամէն մարմնի Աստուածը. միթէ ինծի դժուարին բան մը կա՞յ: 28Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես այս քաղաքը Քաղդէացւոց ձեռքը ու Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը պիտի տամ, ու զանիկա պիտի առնէ. 29Եւ այս քաղաքին դէմ պատերազմ ընող Քաղդէացիները պիտի գան, ու այս քաղաքը կրակի պիտի տան ու այրեն. նաև պիտի այրեն այն տուները` որոնց տանիքներուն վրայ Բահաղի խունկ կը ծխէին, և օտար աստուածներուն թափելու նուէրներ կը մատուցանէին` զիս բարկացնելու համար: 30Քանզի Իսրայէլի որդիները ու Յուդայի որդիները իրենց մանկութենէն ի վեր իմ առջևս միայն չարութիւն կը գործեն. որովհետև Իսրայէլի որդիները իրենց ձեռքերուն գործերովը անդադար զիս կը բարկացնեն, կ’ըսէ Տէրը: 31Քանզի այս քաղաքը իր շինութեան օրէն մինչև այսօր իմ բարկութեանս ու սրտմտութեանս համար եղաւ, որպէս զի զանիկա երեսիս առջևէն վերցնեմ, 32Իսրայէլի որդիներուն ու Յուդայի որդիներուն, թէ՛ իրենց և թէ՛ իրենց թագաւորներուն, իշխաններուն, քահանաներուն ու մարգարէներուն և Յուդայի մարդոցը ու Երուսաղէմի բնակիչներուն բոլոր չարութեանը պատճառաւ, զոր ըրին զիս բարկացնելու համար: 33Եւ ինծի կռնակ դարձուցին և ոչ թէ երես. ու թէև անոնց սորվեցուցի, կանուխ ելլելով ու սորվեցնելով, բայց անոնք մտիկ չըրին, որ խրատ ընդունին. 34Հապա իմ անունովս կոչուած տանը մէջ իրենց պղծութիւնները դրին, զանիկա պղծելու համար: 35Ու Ենովմի որդւոյն ձորին մէջ եղող Բահաղի բարձր տեղերը շինեցին, իրենց տղաքները ու աղջիկները Մողոքի համար կրակէ անցընելու, զոր ես անոնց հրամայած չէի ու միտքէս ալ անցած չէր, որ անոնք այս պղծութիւնը ընեն` Յուդայի մեղանչել տալու համար:
Յոյսի խոստում մը
36Ուստի հիմա Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ այս քաղաքին համար` որ դուք կ’ըսէք թէ սրով, սովով ու ժանտախտով Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը կը մատնուի. 37Ահա ես զանոնք պիտի ժողվեմ այն բոլոր երկիրներէն ուր զանոնք իմ բարկութիւնովս, սրտմտութիւնովս ու մեծ ցասումովս վռնտեցի, և զանոնք այս տեղ պիտի դարձնեմ ու ապահովութեամբ պիտի բնակեցնեմ: 38Եւ անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան, ես ալ անոնց Աստուած պիտի ըլլամ. 39Ու անոնց մէկ սիրտ ու մէկ ճամբայ պիտի տամ, որպէս զի միշտ ինծմէ վախնան, և իրենց ու իրենցմէ ետքը իրենց զաւակներուն աղէկ ըլլայ: 40Եւ անոնց հետ յաւիտենական ուխտ մը պիտի ընեմ, որ անոնց բարիք ընելէն անոնցմէ ետ չքաշուիմ. ու իմ վախս անոնց սրտին մէջ պիտի դնեմ, որպէս զի ինծմէ չխոտորին: 41Եւ անոնց բարիք ընելով` անոնց վրայ պիտի ուրախանամ, ու զանոնք բոլոր սրտովս ու բոլոր հոգիովս` ճշմարտութեամբ այս երկրին մէջ պիտի տնկեմ: 42Քանզի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ինչպէս այս ժողովուրդին վրայ այս բոլոր մեծ չարիքը բերի, նոյնպէս անոնց վրայ պիտի բերեմ այն բոլոր բարիքը`զոր անոնց համար խօսեցայ: 43Ու նորէն ագարակներ ծախու պիտի առնուին այդ երկրին մէջ, որու համար դուք կ’ըսէք թէ Ամայացած է, ու մարդէ և անասունէ զուրկ է, ու Քաղդէացւոց ձեռքը տրուած է: 44Բենիամինի երկրին մէջ, ու Երուսաղէմի շրջակայ տեղերը, և Յուդայի քաղաքներուն մէջ, ու լեռնային քաղաքներուն մէջ, և դաշտային քաղաքներուն մէջ, ու հարաւային քաղաքներուն մէջ ստակով ագարակներ ծախու պիտի առնեն, և մուրհակներ պիտի գրեն ու պիտի կնքեն ու վկաներ պիտի բռնեն, վասն զի անոնց գերութիւնը ետ պիտի դարձնեմ, կ’ըսէ Տէրը: