Երեմիա մարգարեյի գիրք
33
Յոյսի ուրիշ խոստում մը
1Եւ Տէրոջը խօսքը երկրորդ անգամ Երեմիայի եղաւ երբ անիկա տակաւին բանտին գաւիթին մէջ արգիլուած էր` ըսելով, 2Այսպէս կ’ըսէ Տէրը որ այս քաղաքը շինեց, Տէրը, որ զանիկա հաստատելու համար զանիկա ստեղծեց, որուն անունը Եհովա է. 3Ինծի կանչէ, ու քեզի պատասխան տամ, և քեզի մեծ ու խորին բաներ պատմեմ, զորոնք դուն չես գիտեր: 4Վասն զի այս քաղաքին տուներուն համար, ու Յուդայի թագաւորներուն տուներուն համար, որոնք պատնէշներէն ու սուրէն փլած են, Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. 5Քաղդէացւոց դէմ` պատերազմ ընելու կու գան. և այն տուները մեռած մարդոց դիերովը պիտի լեցուին, զորոնք իմ բարկութիւնովս ու սրտմտութիւնովս պիտի զարնեմ. վասն զի ես այս քաղաքէն իմ երեսս ծածկեցի` անոնց բոլոր չարութեանը համար: 6Ահա անոր առողջութիւն ու բժշկութիւն պիտի բերեմ ու զանոնք պիտի բժշկեմ, և խաղաղութեան ու ճշմարտութեան առատութիւնը անոնց պիտի յայտնեմ: 7Եւ Յուդայի գերութիւնը և Իսրայէլի գերութիւնը պիտի դարձնեմ, ու զանոնք առաջուան պէս պիտի հաստատեմ: 8Եւ անոնց ինծի դէմ գործած բոլոր անօրէնութենէն զանոնք պիտի սրբեմ, ու անոնց ինծի դէմ ըրած բոլոր անօրէնութիւնները ու յանցանքները պիտի ներեմ: 9Եւ ասիկա ինծի ուրախութեան անուն, փառք ու պարծանք պիտի ըլլայ երկրի բոլոր ազգերուն մէջ, որոնք պիտի լսեն այն ամէն բարիքը` զոր ես անոնց պիտի ընեմ. և պիտի վախնան ու դողան այն ամէն բարիքին ու ամէն յաջողութեանը համար` զոր ես այս քաղաքին պիտի ընեմ: 10Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Այս տեղին մէջ, որու համար դուք կ’ըսէք թէ Մարդէ ու անասունէ զուրկ ըլլալով` անապատ դարձած է, և Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ, որոնք անմարդ ու անբնակ ու անասունէ զուրկ ըլլալով` ամայացած են, նորէն պիտի լսուի 11Ցնծութեան ձայն, և ուրախութեան ձայն, փեսայի ձայն, ու հարսի ձայն, նաև անոնց ձայնը` որոնք Տէրոջը տունը գոհութեան ընծաներ բերելով` կ’ըսեն, Գոհացէք զօրաց Տէրոջմէն, վասն զի Տէրը բարի է, վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է. քանզի այս երկրին գերիները իրենց առաջուան վիճակին պիտի դարձնեմ, կ’ըսէ Տէրը: 12Զօրաց Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Այս տեղին մէջ, որ մարդէ ու անասունէ զուրկ ըլլալով` անապատ դարձած է, և անոր ամէն քաղաքներուն մէջ, նորէն հօտեր պառկեցնող հովիւներու բնակարաններ պիտի ըլլան. 13Լեռնային քաղաքներուն մէջ, դաշտային քաղաքներուն մէջ ու հարաւային քաղաքներուն մէջ և Բենիամինի երկրին մէջ, ու Երուսաղէմի շրջակայ տեղերը և Յուդայի քաղաքներուն մէջ հօտերը դարձեալ զիրենք համրողին ձեռքէն պիտի անցնին, կ’ըսէ Տէրը: 14Ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը, որ Իսրայէլի տանը համար և Յուդայի տանը համար ըսած բարի խօսքս պիտի կատարեմ: 15Այն օրը ու այն ժամանակը Դաւիթի արդարութեան շառաւիղ մը պիտի բուսցնեմ. և անիկա երկրի վրայ իրաւունք ու արդարութիւն պիտի ընէ: 16Այն օրերը Յուդա պիտի ազատի, ու Երուսաղէմ ապահովութեամբ պիտի բնակի, և այս է անոր անունը որով պիտի կոչուի, Տէրը մեր արդարութիւնը: 17Վասն զի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Դաւիթէ Իսրայէլի տանը աթոռին վրայ նստող մարդ պակաս պիտի չըլլայ. 18Ու Ղևտացի քահանաներէն ողջակէզ, հացի ընծայ ու զոհ մատուցանող մարդ յաւիտեան պակաս պիտի չըլլայ իմ առջևէս: 19Եւ Տէրոջը խօսքը Երեմիայի եղաւ` ըսելով, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. 20Եթէ ցորեկուան ուխտս ու գիշերուան ուխտս կրնաք աւրել, որ ցորեկը ու գիշերը իրենց ժամանակովը չըլլան, 21Իմ ծառայիս Դաւիթի հետ ունեցած ուխտս ալ պիտի աւրուի, որ իր աթոռին վրայ թագաւորութիւն ընելու որդի չունենայ. այնպէս ալ ինծի ծառայութիւն ընող Ղևտացի քահանաներուն հետ ունեցած ուխտս: 22Ինչպէս երկինքի զօրքերը չեն համրուիր ու ծովուն աւազը չչափուիր, իմ ծառայիս Դաւիթի սերունդը և ինծի ծառայութիւն ընող Ղևտացիները այնպէս պիտի շատցնեմ: 23Եւ Տէրոջը խօսքը Երեմիայի եղաւ` ըսելով, 24Չե՞ս տեսներ որ այս ժողովուրդը ի՛նչ կը խօսի ու կ’ըսէ, Տէրը իր ընտրած երկու ազգատոհմները երեսէ ձգեց. ու անոնք իմ ժողովուրդս կ’անարգեն, մինչև զանիկա իրենց առջև ազգ չսեպելով: 25Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Եթէ ցորեկուան ու գիշերուան համար ուխտ ըրած չեմ, և երկինքներուն ու երկրի կանոններ դրած չեմ, 26Յակոբի ու իմ ծառայիս Դաւիթի սերունդն ալ երեսէ պիտի ձգեմ, որպէս զի մէյմըն ալ անոր սերունդէն Աբրահամի, Իսահակի ու Յակոբի սերունդին վրայ իշխաններ չդնեմ. վասն զի անոնց գերութիւնը պիտի դարձնեմ ու անոնց պիտի ողորմիմ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981