Երեմիա մարգարեյի գիրք
35
Երեմիա և Ռեքաբեանները
1Յուդայի թագաւորին Յովսիայի որդւոյն Յովակիմի օրերը Տէրոջը կողմանէ Երեմիայի եղած խօսքն է, որ ըսաւ, 2Ռեքաբեանց տունը գնա ու անոնց հետ խօսէ, և զանոնք Տէրոջը տունը սենեակ մը տար, ու անոնց գինի խմցուր: 3Եւ Քաբասինիայի որդւոյն Երեմիայի որդին Յեզոնիա ու անոր եղբայրները և բոլոր որդիները ու Ռեքաբեանց բոլոր տունը առի. 4Եւ զանոնք Տէրոջը տունը տարի Սեղղումի որդւոյն Մաասիա դռնապանին սենեակին վրայ եղող իշխաններուն սենեակին քովի` Աստուծոյ մարդուն Յեգգողիայի որդւոյն Անանի որդիներուն սենեակը. 5Ու Ռեքաբեանց տանը որդիներուն առջև գինիով լեցուն ամաններ ու գաւաթներ դրի, և անոնց ըսի, Գինի խմեցէք: 6Ու անոնք ըսին, Գինի չենք խմեր. քանզի մեր հայրը, Ռեքաբի որդին Յովնադաբ, մեզի պատուիրեց ու ըսաւ, Դուք ու ձեր որդիները յաւիտեան գինի չխմէք. 7Եւ տուն չշինէք ու սերմ չցանէք և այգի չտնկէք ու չստանաք, հապա ձեր բոլոր օրերը վրաններու մէջ բնակիք. որպէս զի ձեր պանդուխտ եղած երկրին վրայ շատ օրեր ապրիք: 8Ու մեր հօրը Ռեքաբի որդւոյն Յովնադաբի բոլոր մեզի հրամայածին պէս անոր խօսքը մտիկ ընելով` մեր բոլոր օրերուն մէջ մենք, մեր կիները, մեր տղաքները ու մեր աղջիկները գինի չենք խմեր. 9Եւ բնակելու համար տուներ չենք շիներ, ու այգի և ագարակ ու սերմ չենք ստանար. 10Հապա վրաններու մէջ կը բնակինք, ու հնազանդութիւն ընելով` մեր հօրը Յովնադաբի բոլոր մեզի հրամայածը ի գործ կը դնենք: 11Բայց երբ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը այս երկիրը ելաւ, ըսինք, Եկէք, Քաղդէացւոց զօրքին երեսէն ու Ասորւոց զօրքին երեսէն Երուսաղէմ երթանք. այսպէս Երուսաղէմի մէջ կը բնակինք: 12Եւ Տէրոջը խօսքը Երեմիայի եղաւ` ըսելով, 13Զօրաց Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. Գնա, Յուդայի մարդոց ու Երուսաղէմի բնակիչներուն ըսէ, Իմ խօսքերս մտիկ ընելու համար խրատ չէ՞ք ընդունիր, կ’ըսէ Տէրը: 14Ռեքաբի որդւոյն Յովնադաբի իր որդիներուն գինի չխմելու համար պատուիրած խօսքերը հաստատ պահուեցան. վասն զի իրենց հօրը հրամանին հնազանդութիւն ընելով` մինչև այսօր չեն խմեր. բայց թէև ես ձեզի խօսեցայ, կանուխ ելլելով ու խօսելով, սակայն ինծի մտիկ չըրիք: 15Եւ իմ բոլոր ծառաներս մարգարէները ձեզի ղրկեցի` կանուխ ելլելով ու ղրկելով, ու ըսի, Ամէն մարդ իր չար ճամբայէն դառնայ, և բարի գործեր ըրէք, ու օտար աստուածներու ետևէ մի երթաք, որ անոնց ծառայութիւն ընէք, որպէս զի ձեզի ու ձեր հայրերուն տուած երկրիս մէջ բնակիք. բայց ձեր ականջը չծռեցիք ու ինծի մտիկ չըրիք: 16Եւ Ռեքաբի որդւոյն Յովնադաբի որդիները իրենց հօրը պատուիրած հրամանը հաստատ պահեցին, բայց այս ժողովուրդը ինծի մտիկ չըրաւ: 17Անոր համար զօրաց Տէր Աստուածը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես Յուդայի ու Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներուն վրայ պիտի բերեմ այն բոլոր չարիքը զոր անոնց համար խօսեր էի. վասն զի անոնց խօսեցայ, բայց մտիկ չըրին, ու անոնց կանչեցի, բայց պատասխան չտուին: 18Ու Երեմիա Ռեքաբեանց տանը ըսաւ, Զօրաց Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. Որովհետև ձեր հօրը Յովնադաբի պատուէրը մտիկ ըրիք, ու անոր բոլոր հրամանները պահեցիք, և ձեզի ամէն պատուիրածին պէս ըրիք, 19Անոր համար զօրաց Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. Ռեքաբեան Յովնադաբէ միշտ իմ առջևս կայնող մարդ պակաս պիտի չըլլայ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981