Երեմիա մարգարեյի գիրք
37
Սեդեկիային խնդրանքը Երեմիային
1Եւ Յովսիայի որդին Սեդեկիա թագաւորը Յովակիմի որդւոյն Յեքոնիայի տեղ թագաւորեց, զոր Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը Յուդայի վրայ թագաւոր դրաւ. 2Բայց անիկա ու անոր ծառաները ու երկրին ժողովուրդը Տէրոջը Երեմիա մարգարէին ձեռքով խօսած խօսքերը մտիկ չըրին: 3Ու Սեդեկիա թագաւորը Սեղեմիայի որդին Յուքաղը ու Մաասիայի որդին Սոփոնիա քահանան Երեմիա մարգարէին ղրկեց` ըսելով, Շնորհք ըրէ, մեզի համար մեր Տէր Աստուծոյն աղօթք ըրէ: 4Այն ժամանակ Երեմիա ժողովուրդին մէջ կը մտնէր կ’ելլէր, ու զանիկա տակաւին բանտը դրած չէին: 5Ու Եգիպտոսէ Փարաւոնի զօրքը ելաւ. ու Երուսաղէմը պաշարող Քաղդէացիները երբ անոնց լուրը լսեցին, Երուսաղէմի վրայէն քաշուեցան: 6Եւ Տէրոջը խօսքը Երեմիա մարգարէին եղաւ` ըսելով. Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. 7Ինծի հարցնելու համար ձեզ ինծի ղրկող Յուդայի թագաւորին այսպէս ըսէք. Ահա ձեզի օգնութեան համար ելլող Փարաւոնի զօրքը իր երկիրը Եգիպտոս պիտի դառնայ. 8Ու Քաղդէացիք պիտի դառնան և այս քաղաքին դէմ պատերազմ պիտի ընեն, ու զանիկա պիտի առնեն և զանիկա կրակով այրեն: 9Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Մի խաբէք ձեր անձերը` ըսելով թէ Քաղդէացիք անշուշտ մեզմէ պիտի երթան, վասն զի պիտի չերթան. 10Քանզի թէև ձեզի հետ պատերազմ ընող Քաղդէացւոց բոլոր զօրքը զարնէք, ու անոնցմէ միայն մէկ քանի վիրաւորուած մարդիկ մնան, անոնց ամէն մէկը իր վրանէն ելլելով` այս քաղաքը կրակով պիտի այրեն:
Երեմիան կը ձերբակալուի ու կը բանտարկուի
11Ու երբ Քաղդէացւոց զօրքը Փարաւոնի զօրքին պատճառաւ Երուսաղէմի վրայէն քաշուեցան, 12Երեմիա Երուսաղէմէ ելաւ որ Բենիամինի երկիրը երթայ, ու անկէ ժողովուրդին մէջ իր բաժինը առնէ: 13Ու երբ անիկա Բենիամինի դուռն էր, հոն Անանիայի որդւոյն Սեղեմիայի որդին, Յերիա անունով ոստիկան մը, կար. և անիկա Երեմիա մարգարէն բռնեց ու ըսաւ, Դուն Քաղդէացւոց կողմը կ’անցնիս: 14Ու Երեմիա ըսաւ, Սուտ է, ես Քաղդէացւոց կողմը չեմ անցնիր. բայց անիկա անոր մտիկ չըրաւ. ու Յերիա բռնեց Երեմիան ու զանիկա իշխաններուն տարաւ: 15Եւ իշխանները Երեմիայի սրդողեցան ու զանիկա ծեծեցին և բանտարկեցին Յովնաթան դպիրին տանը մէջ. վասն զի այն տունը բանտ ըրեր էին: 16Երբ Երեմիա բանտը ու խուցերուն մէջ մտաւ, ու հոն շատ ատեն նստաւ, 17Սեդեկիա թագաւորը մարդ ղրկեց, զանիկա առաւ, և թագաւորը իր տանը մէջ գաղտուկ անոր հարցուց ու ըսաւ, Արդեօք Տէրոջմէ խօսք մը կա՞յ: Ու Երեմիա ըսաւ, Կայ. նաև ըսաւ, Դուն Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի տրուիս: 18Ու Երեմիա ըսաւ Սեդեկիա թագաւորին, Քեզի կամ ծառաներուդ կամ այս ժողովուրդին դէմ ի՞նչ մեղք գործեցի որ զիս բանտը դրիք: 19Եւ ո՞ւր են ձեր մարգարէները որոնք ձեզի մարգարէութիւն ըրին ու ըսին. Բաբելոնի թագաւորը ձեր վրայ ու այս երկրին վրայ պիտի չգայ: 20Եւ հիմա կ’աղաչեմ, ով տէր իմ թագաւոր, մտիկ ըրէ, թող իմ աղաչանքս քու առջևդ ընդունելի ըլլայ. ու զիս Յովնաթան դպիրին տունը ետ մի ղրկեր, որ հոն չմեռնիմ: 21Եւ Սեդեկիա թագաւորը հրամայեց, ու Երեմիան բանտին գաւիթը դրին, ու ամէն օր հացագործներուն փողոցէն մէյմէկ նկանակ հաց կու տային անոր, մինչև քաղաքին հացը բոլորովին հատաւ. ու Երեմիա բանտին գաւիթին մէջ կը նստէր: