Երեմիա մարգարեյի գիրք

38

Երեմիան չոր ջրհորի մը մէջ

1Եւ Մատթանի որդին Սափատիա ու Փասուրի որդին Գոդողիա և Սեղեմիայի որդին Յուքազ ու Մեղքիայի որդին Փասուր Երեմիայի բոլոր ժողովուրդին հետ խօսած խօսքերը լսեցին, որ ըսաւ, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. 2Այս քաղաքին մէջ կեցողը սրով, սովով ու ժանտախտով պիտի մեռնի. իսկ Քաղդէացւոց ելլողը ողջ պիտի մնայ, և անոր կեանքը իրեն աւարի մը պէս պիտի ըլլայ ու պիտի ապրի: 3Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Այս քաղաքը անպատճառ Բաբելոնի թագաւորին զօրքին ձեռքը պիտի տրուի, ու զանիկա պիտի առնէ. 4Եւ իշխանները թագաւորին ըսին, Կ’աղաչենք, թող այս մարդը մեռցուի, վասն զի այս քաղաքին մէջ մնացած պատերազմական մարդոց ձեռքերը ու բոլոր ժողովուրդին ձեռքերը կը թուլցնէ` անոնց այսպիսի խօսքեր խօսելով. վասն զի այս մարդը այս ժողովուրդին խաղաղութիւնը չփնտռեր, հապա անոր չարիքը: 5Եւ Սեդեկիա թագաւորը ըսաւ, Ահա անիկա ձեր ձեռքն է. որովհետև թագաւորը ձեր քով կարողութիւն մը չունի: 6Ու Երեմիան առին և զանիկա թագաւորի որդւոյն Մեղքիայի գուբը նետեցին, որ բանտին գաւիթին մէջ էր, ու Երեմիան չուաններով իջեցուցին. և այն գուբին մէջ չկար, հապա միայն տիղմ. ու Երեմիա տիղմին մէջ կ’ընկղմէր: 7Եւ թագաւորին տունը եղող Եթէովպացի ներքինին Աբդեմելէք լսեց որ Երեմիան գուբը ձգեցին. ու թագաւորը Բենիամինի դուռը կը նստէր. 8Եւ Աբդեմելէք թագաւորին տունէն ելաւ, ու թագաւորին խօսեցաւ ու ըսաւ, 9Ով տէր իմ թագաւոր, այս մարդիկը գէշ ըրին ամէն ինչ որ Երեմիա մարգարէին ըրին` զանիկա գուբը նետելով. քանզի քաղաքին մէջ ա՛լ չգտնուելուն համար` անիկա իր տեղը անօթութենէն պիտի մեռնի*: 10Եւ թագաւորը Եթէովպացի Աբդեմելէքի հրամայեց ու ըսաւ, Ասկէ քեզի հետ երեսուն մարդ առ, ու Երեմիա մարգարէն գուբէն հանէ` քանի որ մեռած չէ: 11Եւ Աբդեմելէք իրեն հետ առաւ մարդիկը, ու թագաւորին տունը շտեմարանին տակ գնաց, և անկէ պատռած լաթեր ու հին լաթեր առաւ, և զանոնք չուաններով գուբը Երեմիայի իջեցուց: 12Ու Եթէովպացի Աբդեմելէք Երեմիայի ըսաւ, Այս պատռած ու հին լաթերը թևերուդ տակ չուաններուն տակէն դիր. ու Երեմիա այնպէս ըրաւ: 13Ու Երեմիան չուաններով քաշեցին, և զանիկա գուբէն դուրս հանեցին. ու Երեմիա բանտին գաւիթին մէջ նստաւ:

Սեդեկիան Երեմիային խորհուրդին կը դիմէ

14Եւ Սեդեկիա թագաւորը մարդ ղրկեց, ու Երեմիա մարգարէն իր քով առաւ Տէրոջը տունը եղող երրորդ մուտքը. և թագաւորը Երեմիայի ըսաւ, Քեզի բան մը պիտի հարցնեմ, ինծմէ բան մի պահեր: 15Ու Երեմիա ըսաւ Սեդեկիայի, Եթէ քեզի պատմեմ, չէ՞ որ զիս անշուշտ պիտի մեռցնես. և եթէ քեզի խրատ տամ, ինծի մտիկ պիտի չընես. 16Բայց Սեդեկիա թագաւորը Երեմիայի գաղտուկ ըրաւ ու ըսաւ, Մեզի այս հոգին ստեղծող Տէրը կենդանի է` որ քեզ պիտի չմեռցնեմ, և քեզ պիտի չմատնեմ այս մարդոց ձեռքը` որոնք քու հոգիդ կը փնտռեն: 17Այն ատեն Երեմիա Սեդեկիայի ըսաւ, Զօրաց Տէր Աստուածը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. Եթէ Բաբելոնի թագաւորին իշխաններուն ելլես, քու հոգիդ ողջ պիտի մնայ, և այս քաղաքը կրակով պիտի չայրի. հապա դուն ու քու տունդ ողջ պիտի մնաք. 18Բայց եթէ Բաբելոնի թագաւորին իշխաններուն չելլես, այն ատեն այս քաղաքը Քաղդէացւոց ձեռքը պիտի տրուի, ու զանիկա կրակով պիտի այրեն. և դուն անոնց ձեռքէն պիտի չազատիս: 19Ու Սեդեկիա թագաւորը Երեմիայի ըսաւ, Քաղդէացւոց կողմը անցած Հրեաներէն կը վախնամ. չըլլայ որ զիս անոնց ձեռքը տան ու ինծի հետ անարգանքով վարուին: 20Ու Երեմիա ըսաւ, Պիտի չտան. կ’աղաչեմ, Տէրոջը խօսքը մտիկ ըրէ որ քեզի պիտի ըսեմ, որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ ու քու անձդ ապրի: 21Բայց եթէ ելլել չուզես, Տէրոջը ինծի ցուցուցած բանը այս է. 22Ահա Յուդայի թագաւորին տունը մնացած բոլոր կիները Բաբելոնի թագաւորին իշխաններուն պիտի տարուին. ու այն կիները պիտի ըսեն, Քու բարեկամներդ քեզ հրապուրեցին ու քեզ յաղթեցին. Ոտքերուդ տիղմի մէջ ընկղմելուն պէս` անոնք ետ քաշուեցան: 23Եւ քու բոլոր կիներդ ու տղաքներդ Քաղդէացիներուն պիտի հանեն. դուն ալ անոնց ձեռքէն պիտի չազատիս, հապա Բաբելոնի թագաւորին ձեռքով պիտի բռնուիս. և դուն պատճառ պիտի ըլլաս որ այս քաղաքը կրակով *: 24Ու Սեդեկիա ըսաւ Երեմիայի, Այս խօսքերը մարդ մը չիմանայ, ու դուն պիտի չմեռնիս: 25Եւ եթէ իշխանները քեզի հետ խօսիլս լսեն ու քեզի գան ու քեզի ըսեն, Հիմա թագաւորին հետ ի՞նչ խօսեցար, մեզի պատմէ. մեզմէ մի պահեր, ու քեզ չենք մեռցներ. և թագաւորը քեզի հետ ի՞նչ խօսեցաւ. 26Այն ատեն անոնց ըսես, Ես թագաւորին առջև աղաչանք ըրի, որ զիս Յովնաթանի տունը ետ չղրկէ որ հոն մեռնիմ: 27Եւ բոլոր իշխանները Երեմիայի եկան ու անոր հարցուցին. և անոնց պատմեց այս ամէն խօսքերուն համեմատ` զորոնք թագաւորը պատուիրեր էր. ու անոր խօսելէն դադարեցան. վասն զի բանը չյայտնուեցաւ: 28Ու Երեմիա բանտին գաւիթին մէջ կը նստէր` մինչև Երուսաղէմի առնուած օրը. ու երբ առնուեցաւ անիկա հոն էր:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)