Երեմիա մարգարեյի գիրք
4
Ապաշխարութեան կոչ մը
1Եթէ դառնաս, ով Իսրայէլ, կ’ըսէ Տէրը, Ինծի պիտի դառնաս. Ու եթէ քու պղծութիւններդ իմ առջևէս վերցնես, Ալ թափառական պիտի չըլլաս: 2Եւ ճշմարտութեամբ, իրաւամբ ու արդարութեամբ Երդում պիտի ընես թէ Տէրը կենդանի է. Եւ ազգերը անով պիտի օրհնուին, Ու անով պիտի պարծին: 3Վասն զի Տէրը Յուդայի ու Երուսաղէմի մարդոց այսպէս կ’ըսէ. Չմշակուած երկիրներ հերկեցէք ձեզի, Ու փուշերու մէջ մի ցանէք: 4Ով Յուդայի մարդիկ ու Երուսաղէմի բնակիչներ, Տէրոջը թլփատուեցէք, Եւ ձեր սրտին անթլփատութիւնը վերցուցէք, Որ չըլլայ թէ իմ բարկութիւնս ձեր չար գործերուն համար Կրակի պէս բորբոքի ու այրէ, և մարող մը չըլլայ:
Յուդայ գրաւման սպառնալիքի տակ
5Յուդայի մէջ պատմեցէք, Ու Երուսաղէմի մէջ քարոզեցէք ու ըսէք, Երկրի վրայ փող հնչեցուցէք, Բարձրաձայն աղաղակեցէք ու ըսէք, Ժողվուեցէք ու պարսպաւոր քաղաքները մտնենք: 6Դէպ ի Սիօն դրօշ վերցուցէք, Քաշուեցէք, մի կայնիք. Վասն զի ես չարիք ու մեծ կոտորած պիտի բերեմ հիւսիսէն: 7Առիւծը իր որջէն ելաւ, Եւ ազգերը ջարդողը իր տեղէն ելաւ, ճամբայ ինկաւ, Որպէս զի քու երկիրդ աւերակ ընէ. Քաղաքներդ պիտի փլչին, Ու անոնց մէջ բնակիչ պիտի չգտնուի: 8Ասոր համար քուրձեր հագէք Եւ սուգ ընելով ողբացէք. Վասն զի Տէրոջը սաստիկ բարկութիւնը մեզմէ չդարձաւ: 9Ու պիտի ըլլայ այն օրը, կ’ըսէ Տէրը. Որ թագաւորին սիրտը ու իշխաններուն սիրտը պիտի հատնի. Եւ քահանաները պիտի ապշին, Ու մարգարէները պիտի հիանան: 10Այն ատեն ըսի, Աւա՜ղ, ով Տէր Եհովա, Արդարև դուն այս ժողովուրդը ու Երուսաղէմը խաբելով խաբեցիր` ըսելով, Ձեզի խաղաղութիւն պիտի ըլլայ. Եւ ահա սուրը մինչև անոնց հոգին հասաւ: 11Այն ատեն այս ժողովուրդին ու Երուսաղէմի պիտի ըսուի, Այրող հով մը անապատին բլուներէն կը փչէ Իմ ժողովուրդիս աղջկան ճամբուն մէջ, Ոչ թէ հոսելու համար, ոչ ալ մաքրելու համար: 12Ասկէ սաստիկ հով մը պիտի գայ ինծի. Հիմա ես ալ անոնց հետ դատաստաններով պիտի խօսիմ:
Յուդայ թշնամիներով շրջապատուած
13Ահա անիկա ամպերու պէս պիտի ելլէ, Եւ անոր կառքերը մրրիկի պէս. Անոր ձիերը արծիւներէն արագընթաց են. Վա՜յ մեզի` որ կ’աւրուինք: 14Ով Երուսաղէմ, սիրտդ չարութենէ լուա, Որպէս զի փրկութիւն գտնես. Քու չար խորհուրդներդ մինչև երբ սրտիդ մէջ պիտի մնան: 15Վասն զի ձայն մը Դանէ լուր կը բերէ, Ու Եփրեմի լեռնէն թշուառութիւն լսել կու տայ: 16Ասիկա ազգերուն յիշեցէք, Ահա Երուսաղէմի վրայով պատմեցէք, Որ հեռաւոր երկրէ պաշարողներ կու գան, Եւ Յուդայի քաղաքներուն վրայ իրենց ձայնը կ’արձակեն: 17Անոր չորս կողմը ագարակի պահապաններու պէս պիտի պաշարեն, Վասն զի անիկա ինծմէ ապստամբեցաւ, կ’ըսէ Տէրը: 18Այս բաները քու ճամբաներդ ու գործերդ բերին քու վրադ. Ասիկա քու չարութիւնդ է, վասն զի դառն է. Որովհետև մինչև քու սիրտդ հասաւ:
Երեմիայի վիշտը իր ժողովուրդին համար
19Փո՜րս, փո՜րս. մինչև սրտիս շտեմարանները ցաւ կը զգամ. Սիրտս իմ ներսիդիս կը խռովի, չեմ կրնար լռել. Քանզի դուն, ով իմ անձս, փողին ձայնը, Պատերազմին աղաղակը, լսեցիր: 20Կոտորած կոտորածի վրայ կը կանչուի, Վասն զի բոլոր երկիրը կործանեցաւ. Վրաններս յանկարծակի` Ու խորաններս մէկէն կործանեցան. 21Մինչև ե՞րբ դրօշը պիտի տեսնեմ, Եւ փողին ձայնը պիտի լսեմ: 22Քանզի իմ ժողովուրդս յիմար է, զիս չճանչցան. Անոնք անմիտ զաւակներ են, Ու անոնց քով հանճար չկայ. Անոնք չարութիւն ընելու իմաստուն են. Բայց աղէկութիւն ընել չեն գիտեր:
Երեմիայի գալիք կործանման տեսիլքը
23Երկրի վրայ նայեցայ, և ահա անձև ու պարապ էր. Երկինք նայեցայ, ու լոյս չունէր: 24Լեռներուն նայեցայ, և ահա կը դողային, Ու ամէն բլուները կը սարսէին: 25Նայեցայ, և ահա մարդ մը չկար, Ու երկինքի բոլոր թռչունները փախած էին: 26Նայեցայ, և ահա պտղաբեր երկիրը անապատ եղած էր, Ու ամէն քաղաքները Տէրոջը երեսէն, Անոր սաստիկ բարկութեանը երեսէն, փլած էին: 27Վասն զի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Բոլոր երկիրը պիտի աւրուի, Բայց բոլորովին աւերակ պիտի չընեմ: 28Ասոր վրայ երկիր սուգ պիտի բռնէ, Ու վերէն երկինք պիտի խաւարի. Վասն զի խօսեցայ, որոշեցի, Եւ պիտի չզղջամ ու անկէ ետ պիտի չդառնամ: 29Ձիաւորներուն և աղեղնաւորներուն ձայնէն Բոլոր քաղաքը պիտի փախչի. Անոնք թանձրախիտ անտառներու մէջ պիտի մտնեն, Ու ապառաժներու վրայ պիտի ելլեն. Ամէն քաղաքները պիտի թողուին, Եւ անոնց մէջ մարդ պիտի չբնակի: 30Ու դուն, ով աւրուած, ի՞նչ պիտի ընես. Թէև կարմիրներ հագնիս, Քեզ ոսկի զարդերով զարդարես, Ու աչքերուդ վրայ շատ ծարոյր ալ դնես*, Պարապ տեղ կը զարդարուիս. Քու հոմանիներդ քեզ մերժեցին և քու հոգիդ կը փնտռեն: 31Քանզի ձայն մը լսեցի ծննդական կնոջ ձայնին պէս` Ու իր անդրանիկը ծնանողին երկունքին պէս. Սիօնի աղջկան ձայնը` որ կը հառաչէ, ու ձեռքերը բանալով` կ ’ըսէ: Հիմա վա՜յ ինծի, Քանզի սպաննողներուն պատճառաւ հոգիս մարեցաւ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981