Երեմիա մարգարեյի գիրք
42
Ժողովուրդը իրենց համար Երեմիայէն աղօթք կը խնդրեն
1Եւ բոլոր զօրավարները, ու Կարէի որդին Յօհանան, և Ովսիայի որդին Յեղոնիա ու բոլոր ժողովուրդը, պզտիկէն մինչև մեծը, մօտեցան: 2Ու Երեմիա մարգարէին ըսին, Մեր խնդիրքը քու առջևդ ընդունելի ըլլայ, ու մեզի համար, այսինքն այս բոլոր մնացորդներուն համար, քու Տէր Աստուծոյդ աղօթք ըրէ. վասն զի շատէն քիչ մնացինք, ինչպէս աչքերդ մեզ կը տեսնեն. 3Եւ քու Տէր Աստուածդ մեր երթալու ճամբան ու մեր ընելու բանը մեզի իմացնէ: 4Ու Երեմիա մարգարէն անոնց ըսաւ, Լսեցի. ահա ձեր Տէր Աստուծոյն աղօթք կ’ընեմ ձեր խօսքերուն համեմատ, և Տէրը ձեզի համար ինչ պատասխան որ տալու ըլլայ, ձեզի կ’իմացնեմ. ձեզմէ բա՛ն մը չեմ պահեր: 5Ու անոնք Երեմիայի ըսին, Տէրը մեր մէջ ճշմարիտ ու հաւատարիմ վկայ ըլլայ, եթէ չընենք այն ամէն բաներուն համեմատ, որոնց համար քու Տէր Աստուածդ քեզ մեզի պիտի ղրկէ: 6Թէ՛ բարի և թէ՛ չար, մեր Տէր Աստուծոյն ձայնին պիտի հնազանդինք, որու քեզ կը ղրկենք, որպէս զի մեր Տէր Աստուծոյն ձայնին հնազանդելով` մեզի աղէկ ըլլայ:
Աստուծոյ պատասխանը Երեմիային աղօթքին
7Եւ տասը օրէն ետքը Տէրոջը խօսքը եղաւ Երեմիայի. 8Ու Կարէի որդին Յօհանան և անոր հետ եղող բոլոր զօրավարները ու պզտիկէն մինչև մեծը, բոլոր ժողովուրդը, կանչեց, 9Ու անոնց ըսաւ, Իսրայէլի Տէր Աստուածը, որու դուք զիս ղրկեցիք ձեր աղաչանքը մատուցանելու համար, այսպէս կ’ըսէ. 10Եթէ շարունակէք այս երկրին մէջ բնակիլ, ես ալ ձեզ պիտի շինեմ ու պիտի չփլցնեմ, և ձեզ պիտի տնկեմ ու պիտի չխլեմ. վասն զի ձեզի ըրած չարիքիս վրայով զղջացի: 11Մի վախնաք Բաբելոնի թագաւորին երեսէն, որմէ կը վախնաք. անկէ մի վախնաք, կ’ըսէ Տէրը, վասն զի ձեզ անոր ձեռքէն ազատելու համար ու ձեզ ապրեցնելու համար ես ձեզի հետ եմ. 12Ու ձեզի ողորմութիւններ գտնել պիտի տամ, և անիկա ձեզի պիտի ողորմի, ու ձեզ ձեր երկիրը դարձնէ: 13Բայց եթէ ըսէք, Այս երկրին մէջ չենք բնակիր. ու ձեր Տէր Աստուծոյն խօսքը մտիկ չընելով` 14Ըսէք, Ոչ, հապա Եգիպտոսի երկիրը մտնենք, ուր պատերազմ պիտի չտեսնենք ու փողի ձայն պիտի չլսենք, և հացի համար անօթի պիտի չմնանք, ու հոն պիտի բնակինք. 15Ուրեմն հիմա Տէրոջը խօսքը մտիկ ըրէք, ով Յուդայի մնացորդը. Զօրաց Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. Եթէ դուք ձեր երեսները շիտկէք Եգիպտոս մտնելու, ու հոն պանդխտանալու երթաք, 16Այն ատեն այն սուրը, որմէ կը վախնաք, հոն Եգիպտացւոց երկրին մէջ ձեր վրայ պիտի գայ, և այն սովը, որմէ դուք կը զարհուրիք, հոն Եգիպտացւոց երկրին մէջ ձեր ետևէն պիտի պաշարէ, ու հոն պիտի մեռնիք: 17Եւ այն ամէն մարդիկը` որոնք իրենց երեսները կը շիտկեն Եգիպտոս երթալու, հոն պանդխտանալու համար, սրով, սովով ու ժանտախտով պիտի մեռնին. ու իմ անոնց վրայ բերելու չարիքիս երեսէն անոնցմէ մնացորդ ու ազատուած պիտի չմնայ: 18Վասն զի զօրաց Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. Ինչպէս իմ բարկութիւնս ու սրտմտութիւնս Երուսաղէմի բնակիչներուն վրայ թափեցաւ, այնպէս ձեր վրայ պիտի թափի իմ սրտմտութիւնըս, երբ Եգիպտոս մտնէք. և անէծքի, զարմանքի, նզովքի ու նախատինքի ենթակայ պիտի ըլլաք, ու մէյմըն ալ այս տեղը պիտի չտեսնէք: 19Ով Յուդայի մնացորդներ, Տէրը ձեզի համար` Եգիպտոս մի մտնէք` ըսաւ. ուստի աղէկ գիտցէք որ այսօր ձեզի վկայութիւն կ’ընեմ: 20Վասն զի դուք ձեր հոգիին դէմ նենգութիւն ըրիք, երբ զիս ձեր Տէր Աստուծոյն ղրկեցիք` ըսելով, Մեզի համար մեր Տէր Աստուծոյն աղօթք ըրէ, ու մեր Տէր Աստուծոյն ամէն ըսած խօսքը մեզի պատմէ, ու պիտի ընենք: 21Եւ ես այսօր ձեզի պատմեցի, ու դուք մտիկ չըրիք ձեր Տէր Աստուծոյն ձայնը, ու այն ամէն խօսքերը` որոնց համար զիս ձեզի ղրկեց: 22Եւ հիմա աղէկ գիտցէք որ դուք սրով, սովով ու ժանտախտով պիտի մեռնիք այն տեղը` ուր կ’ուզէք երթալ հոն պանդխտանալու համար: