Երեմիա մարգարեյի գիրք
44
Աստուծոյ պատգամը Եգիպտոսի Իսրայելացիներուն
1Եգիպտոսի երկրին մէջ բնակող բոլոր Հրեաներուն համար, այսինքն Մագդող, Տափնաս, Մեմփիս ու Պաթուրէսի երկրին մէջ բնակողներուն համար Երեմիայի եղած խօսքն է, որ ըսաւ, 2Զօրաց Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. Դուք տեսաք այն ամէն չարիքը զոր Երուսաղէմի վրայ ու բոլոր Յուդայի քաղաքներուն վրայ բերի. և ահա անոնք այսօր աւերակ են, ու անոնց մէջ բնակող չկայ: 3Զիս բարկացնելու համար ըրած չարութիւններնուն պատճառաւ, որ գացին, խունկ ծխեցին ու ծառայութիւն ըրին ուրիշ աստուածներու, զորոնք ոչ իրենք ճանչցեր էին, ոչ դուք, ոչ ալ ձեր հայրերը: 4Եւ ես ձեզի ղրկեցի իմ բոլոր ծառաներս մարգարէները, կանուխ ելլելով ու ղրկելով, և ըսի, Այդ պիղծ գործը մի ընէք, զոր ես կ’ատեմ: 5Բայց մտիկ չըրին ու ականջնին չծռեցին` որ իրենց չարութիւններէն դառնան և ուրիշ աստուածերու խունկ չծխեն: 6Ուստի իմ սրտմտութիւնս ու բարկութիւնս թափեցաւ, և Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ բորբոքեցաւ. ու անոնք այսօրուան եղածին պէս անապատ ու ամայի եղան: 7Եւ հիմա զօրաց Տէր Աստուածը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. Ինչո՞ւ համար դուք ձեր հոգիին դէմ այս մեծ չարութիւնը կը գործէք, որ Յուդայի մէջէն այր մարդը ու կիը, տղան ու կաթնկեր մանուկը կորսնցնէք, այնպէս որ ձեզի մնացորդ մը չմնայ. 8Ձեր ձեռքերուն գործերովը զիս սրդողցընելով, և ուրիշ աստուածներու խունկ ծխելով Եգիպտոսի երկրին մէջ, ուր դուք մտաք հոն պանդխտանալու համար, որպէս զի ձեր անձը կորսնցնէք, ու երկրի բոլոր ազգերուն մէջ անէծք ու նախատինք ըլլաք: 9Միթէ Յուդայի երկրին մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ ձեր հայրերուն ըրած չարութիւնները և Յուդայի թագաւորներուն չարութիւնները, ու անոնց կիներուն չարութիւնները, և ձեր չարութիւնները ու ձեր կիներուն չարութիւնները մոռցա՞ք: 10Անոնք մինչև այսօր իրենց անձերը չխոնարհեցուցին ու չվախցան, և ձեր առջև ու ձեր հայրերուն առջև դրած օրէնքիս ու պատուիրանքներուս մէջ չքալեցին: 11Անոր համար զօրաց Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես ձեր վրայ կը հաստատեմ իմ երեսս չարիքի համար, ու բոլոր Յուդան կորսնցնելու համար. 12Եւ պիտի առնեմ Յուդայի մնացորդը, որոնք երեսնին հաստատեցին Եգիպտոսի երկիրը մտնելու, հոն պանդխտանալու համար. ու ամէնը Եգիպտոսի երկրին մէջ պիտի հատնին. սրով, սովով պիտի իյնան ու հատնին. պզտիկէն մինչև մեծը սրով ու սովով պիտի մեռնին, և անէծքի, զարմանքի, նզովքի ու նախատինքի ենթակայ պիտի ըլլան: 13Ու Եգիպտոսի երկիրը բնակողներուն այցելութիւն պիտի ընեմ, ինչպէս Երուսաղէմի` սրով, սովով ու ժանտախտով այցելութիւն ըրի: 14Եւ Յուդայի մնացորդէն, այսինքն Եգիպոստի երկիրը պանդխտանալու գացողներէն, մնացորդ ու ազատուած պիտի չմնայ, որ Յուդայի երկիրը դառնան, ուր անոնք կը յուսան դառնալ և հոն բնակիլ. վասն զի Եգիպտոսէ փախչողները միայն պիտի դառնան: 15Եւ այն բոլոր մարդիկը, որոնք գիտէին թէ իրենց կիները օտար աստուածներու խունկ կը ծխէին, և բոլոր ներկայ եղող կիները, մեծ ժողով մը, ու Եգիպտոսի երկիրը, Պաթուրէսի մէջ, բնակող բոլոր ժողովուրդը Երեմիայի պատասխան տուին` ըսելով, 16Տէրոջը անունով մեզի խօսած խօսքիդ վրայով մենք քեզի մտիկ չենք ըներ. 17Հապա անշուշտ մեր բերնէն ելած ամէն խօսքը պիտի ընենք, երկինքի թագուհիին խունկ ծխելով և անոր թափելու նուէրներ մատուցանելով, ինչպէս ըրինք մենք ու մեր հայրերը, մեր թագաւորները ու մեր իշխանները` Յուդայի քաղաքներուն մէջ, ուր Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ, ուր հացով կշտացանք և հանգիստ էինք ու չարիք մը չտեսանք: 18Սակայն այն ատենէն ի վեր որ երկինքի թագուհիին խունկ ծխելէն ու անոր թափելու նուէրներ մատուցանելէն ետ կեցանք, ամէն բանի կարօտ եղանք, և սրով ու սովով հատանք: 19Ու երբ երկինքի թագուհիին խունկ կը ծխէինք և անոր թափելու նուէրներ կը մատուցանէինք, միթէ առանց մեր այրերուն հրամանի՞ն զանիկա պաշտելու համար բլիթներ շինեցինք, ու անոր թափելու նուէրներ մատուցինք: 20Ու Երեմիա բոլոր ժողովուրդին, այրերուն և կիներուն, ու իրեն այս պատասխանը տուող բոլոր ժողովուրդին խօսեցաւ ու ըսաւ. 21Միթէ այն խունկը, զոր Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ կը ծխէիք, դուք ու ձեր հայրերը, ձեր թագաւորները ու ձեր իշխանները ու երկրին ժողովուրդը, Տէրը չյիշե՞ց ու անոր միտքը չինկա՞ւ: 22Եւ Տէրը ձեր չար գործերուն ու ձեր ըրած գարշութիւններուն ա՛լ չկրցաւ համբերել. ուստի ձեր երկիրը անապատ, ամայի ու նզովուած և անբնակ եղաւ, ինչպէս այսօր կ ’երևնայ: 23Որովհետև դուք խունկ ծխեցիք, ու Տէրոջը դէմ մեղք գործեցիք, և Տէրոջը ձայնին հնազանդութիւն չըրիք, ու անոր օրէնքին, պատուիրանքներուն ու վկայութիւններուն մէջ չքալեցիք, անոր համար այս չարիքը ձեզի եկաւ, ինչպէս այսօր կ ’երևնայ: 24Ու Երեմիա բոլոր ժողովուրդին ու բոլոր կիներուն ըսաւ, Տէրոջը խօսքը մտիկ ըրէք, ով Եգիպտոսի երկրին մէջ եղող բոլոր Յուդա. 25Զօրաց Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կը խօսի ու կ’ըսէ, Դուք ու ձեր կիները ձեր բերնովը խօսեցաք, ու ձեր ձեռքովը ի գործ դրիք, ու ըսիք, Անշուշտ ըրած ուխտերնիս պիտի կատարենք, այսինքն երկինքի թագուհիին խունկ պիտի ծխենք, ու անոր թափելու նուէրներ պիտի մատուցանենք. այո, դուք ձեր ուխտերուն վրայ հաստատ պիտի կենաք, և ձեր ուխտերը պիտի կատարէք: 26Անոր համար Տէրոջը խօսքը մտիկ ըրէք, ով բոլոր Յուդա, որ Եգիպտոսի երկրին մէջ կը բնակիք. Ահա ես իմ մեծ անունովս երդում ըրի, կ’ըսէ Տէրը, որ Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ մէյմըն ալ բնաւ Յուդայի մարդու մը բերնէն իմ անունս պիտի չկանչուի` ըսելով, Եհովա Տէրը կենդանի է. 27Ահա ես անոնց վրայ կը հսկեմ չարիքի համար և ոչ թէ բարիքի համար. ու Եգիպտոսի երկրին մէջ եղող Յուդայի բոլոր մարդիկը սրով ու սովով պիտի կոտրուին մինչև հատնին: 28Եւ խիստ քիչ մարդիկ պիտի ըլլան որ սուրէն ազատուելով` Եգիպտոսի երկրէն Յուդայի երկիրը պիտի դառնան, ու Եգիպտոսի երկիրը պանդխտանալու գացող Յուդայի բոլոր մնացորդները պիտի գիտնան թէ որո՛ւն խօսքը պիտի հաստատուի, ի՞մս թէ իրենցը: 29Եւ ասիկա ձեզի նշան ըլլայ, կ’ըսէ Տէրը, որ այս տեղ ձեզի այցելութիւն պիտի ընեմ, որպէս զի գիտնաք որ իմ խօսքս ձեր վրայ անշուշտ պիտի հաստատուի չարիքի համար: 30Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես Եգիպտոսի Փարաւոն Վափառ թագաւորը իր թշնամիներուն ձեռքը ու իր հոգին փնտռողներուն ձեռքը պիտի մատնեմ. ինչպէս Յուդայի Սեդեկիա թագաւորը իր թշնամիին ու իր հոգին փնտռող Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը մատնեցի:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981