Երեմիա մարգարեյի գիրք
45
Աստուծոյ խոստումը Բարուքին
1Երեմիա Մարգարէին խօսքը, զոր Ներիայի որդւոյն Բարուքի խօսեցաւ, երբ անիկա այս խօսքերը Երեմիայի բերնէն գիրքի մէջ գրեց, Յուդայի թագաւորին Յովսիայի որդւոյն Յովակիմի չորրորդ տարին. ու ըսաւ, 2Ով Բարուք, Իսրայէլի Տէր Աստուածը քեզի համար այսպէս կ’ըսէ. 3Դուն ըսիր, Հիմա վա՜յ ինծի, վասն զի Տէրը իմ ցաւիս վրայ տրտմութիւն աւելցուց. իմ հեծութենէս յոգնեցայ ու հանգստութիւն չեմ գտներ: 4Անոր այսպէս ըսես, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես իմ շինածս պիտի փլցնեմ, ու իմ տնկածս պիտի խլեմ, այսինքն այս բոլոր երկիրը: 5Եւ դուն քեզի մեծ բանե՞ր կը փնտռես. մի փնտռեր, քանզի ահա ես ամէն մարմնի վրայ չարիք պիտի բերեմ, կ’ըսէ Տէրը, բայց քու կեանքդ քեզի աւարի մը պէս պիտի տամ քու ամէն երթալու տեղերդ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981