Երեմիա մարգարեյի գիրք
46
Եգիպտոս Նաբուգոդոնոսորէն կը պարտուի
1Տէրոջը խօսքը որ եղաւ Երեմիա մարգարէին, ազգերուն վրայով: 2Եգիպտոսի համար, Եգիպտացւոց թագաւորին, Փարաւոն Նեքաւովի, Քարքամիսի մէջ Եփրատ գետին քով եղող զօրքին վրայ, զոր Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը զարկաւ` Յուդայի թագաւորին Յովսիայի որդւոյն Յովակիմի չորրորդ տարին: 3Ասպար ու վահան պատրաստեցէք Եւ պատերազմի մօտեցէք. 4Ձիերը լծեցէք, ու դուք, ով ձիաւորներ, հեծէք. Սաղաւարտներով կայնեցէք, Նիզակները փայլեցուցէք, զրահները հագէք: 5Զանոնք ինչո՞ւ համար զարհուրած ու ետ դարձած կը տեսնեմ. Անոնց զօրաւորները անգամ զարնուեցան. Ու արտորնօք փախչելով իրենց ետեւը չնայեցան. Ամէն կողմէ վախ կայ, կ’ըսէ Տէրը: 6Շուտ վազողը թող չփախչի, Ու զօրաւորը չազատի. Անոնք հիւսիսային կողմը, Եփրատ գետին քով, Գլորելով պիտի իյնան: 7Ո՞վ է ասիկա որ գետի պէս վեր կ’ելլէ, Որուն ջուրերը գետերուն պէս կը ծփին: 8Եգիպտոս գետի պէս վեր կ’ելլէ, Եւ անոր ջուրերը գետերուն պէս կը ծփին. Ու կ’ըսէ, Վեր ելլեմ, երկիրը ծածկեմ, Քաղաքը ու անոր բնակիչները բնաջինջ ընեմ: 9Ով ձիեր, ելէք, և ով կառքեր, կատղեցէք. Եւ զօրաւորները թող ելլեն, Վահան բռնող Եթէովպացիք ու Փուդացիք, Ու աղեղ բռնող ու լարող Ղուդացիք: 10Վասն զի այսօր զօրաց Տէր Եհովայի վրէժխնդրութեան օրն է. Որ իր թշնամիներէն վրէժ առնէ. Եւ սուրը պիտի ուտէ ու կշտանայ, Եւ անոնց արիւնովը պիտի գինովնայ, Վասն զի հիւսիսի երկրին մէջ, Եփրատ գետին քով, Զօրաց Տէր Եհովա զոհ ունի: 11Գաղաադ ելիր ու բալասան առ, Ով Եգիպտոսի կոյս աղջիկը. Դեղերը պարապ տեղ կը շատցնես, Քեզի բժշկութիւն չկայ. 12Ազգերը քու անարգանքդ լսեցին, Ու քու աղաղակդ երկիրը լեցուց. Վասն զի զօրաւորը զօրաւորին վրայ գլորեցաւ, Երկուքը մէկտեղ ինկան:
Նաբուգոդոնոսորին գալուստը
13Ասիկա է այն խօսքը զոր Տէրը Երեմիա մարգարէին խօսեցաւ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին գալուն ու Եգիպտոսի երկիրը զարնելուն վրայով: 14Եգիպտոսի մէջ պատմեցէք, Մագդողի մէջ հրատարակեցէք, Եւ Մեմփիսի ու Տափնասի մէջ հրատարակեցէք, Ու ըսէք, Կայնէ ու պատրաստ եղիր, Վասն զի քու բոլորտիքդ սուրը պիտի ուտէ: 15Քու զօրաւորներդ ինչո՞ւ կործանեցան. Անոնք չկրցան կենալ, վասն զի Տէրը զանոնք վար ձգեց: 16Գլորուածները շատցուց, ու իրարու վրայ ինկան. Ու ըսին, Ելիր, ու բռնաւոր սուրին երեսէն Մեր ժողովուրդին ու մեր ծննդեան երկիրը դառնանք: 17Հոն կը կանչէին, Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորը պարապ աղաղակ է. Անիկա իր որոշուած ժամանակը անցուց: 18Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ այն Թագաւորը Որուն անունը Զօրաց Տէր է, Ինչպէս Թաբոր լեռներու մէջ է, Ու ինչպէս Կարմեղոս մինչև ծովը կը հասնի, Այնպէս անիկա պիտի գայ: 19Ով Եգիպտոս բնակող աղջիկ, Գերութեան կարասիներ պատրաստէ քեզի. Վասն զի Մեմփիս ամայի պիտի ըլլայ, Ու աւերակ` առանց բնակիչի: 20Եգիպտոս խիստ գեղեցիկ երինջ մըն է, Բայց կոտորած կու գայ, հիւսիսէն կու գայ: 21Եւ անոր մէջ վարձքով բռնուած զօրքերը գիրցած զուարակներու պէս են. Քանզի անոնք ալ դարձան, մէկտեղ փախան, չկայնեցան. Վասն զի անոնց վրայ` անոնց կորստեան օրը Ու անոնց այցելութեան ժամանակը հասաւ: 22Անոր ձայնը օձի ձայնին պէս պիտի ըլլայ, Վասն զի զօրքով պիտի հասնին, Եւ անոր վրայ փայտահարներու պէս տապարներով պիտի գան. 23Անոր անտառը պիտի կտրեն, կ’ըսէ Տէրը, Թէպէտև անոր ծառերը անթիւ են. Քանզի անոնք մարախէն շատ են, Այնպէս որ չեն համրուիր: 24Եգիպտոսի աղջիկը ամօթով պիտի ըլլայ, Հիւսիսային ժողովուրդին ձեռքը պիտի մատնուի: 25Զօրաց Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, կ’ըսէ, Ահա ես Նովացի Ամոնի* և Փարաւոնի Ու Եգիպոտսի և անոր աստուածներուն ու թագաւորներուն, Այսինքն Փարաւոնի ու անոր ապաւինողներուն, այցելութիւն պիտի ընեմ: 26Եւ զանոնք` անոնց հոգին փնտռողներուն ձեռքը, Ու Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը, Ու անոր ծառաներուն ձեռքը պիտի մատնեմ. Եւ անկէ ետքը առաջուան օրերուն պէս պիտի բնակուի` կ’ըսէ Տէրը:
Աստուած իր ժողովուրդը պիտի ազատէ
27Բայց դուն, ով իմ ծառա, Յակոբ, մի վախնար, Եւ, ով Իսրայէլ, մի զարհուրեր. Քանզի ահա ես քեզ հեռուէն Եւ քու սերունդդ իրենց գերութեան երկրէն պիտի ազատեմ. Ու Յակոբ պիտի դառնայ, և հանդարտ ու հանգիստ պիտի ըլլայ, Եւ զանիկա վախցնող պիտի չըլլայ: 28Դուն մի վախնար, ով իմ ծառաս Յակոբ, կ’ըսէ Տէրը, Վասն զի ես քեզի հետ եմ. Քանզի պիտի սպառեմ այն բոլոր ազգերը` Որոնց մէջ քեզ ցրուեցի, Բայց քեզ պիտի չսպառեմ, Հապա քեզ չափաւորութեամբ պիտի խրատեմ, Ու քեզ բոլորովին անմեղ պիտի չհանեմ: