Երեմիա մարգարեյի գիրք
5
Երուսաղէմի մեղքը
1Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ պտըտեցէք, Ու հիմա նայեցէք ու գիտցէք, Ու անոր հրապարակներուն մէջ փընտռեցէք. Եթէ մարդ մը կրնաք գտնել, Եթէ իրաւունք ընող, ճշմարտութիւն փնտռող մը կայ, Ես այն քաղաքին թողութիւն ընեմ: 2Ու թէև Տէրը կենդանի է` կ’ըսեն, Բայց ստութեամբ երդում կ’ընեն: 3Ով Տէր, միթէ քու աչքերդ ճշմարտութեան չե՞ն նայիր. Զանոնք ծեծեցիր, բայց ցաւ մը չզգացին. Զանոնք հատցուցիր, բայց խրատ ընդունիլ չուզեցին. Իրենց երեսը ապառաժէն աւելի կարծրացուցին, Եւ դառնալ չուզեցին: 4Ու ես ըսի, Իրաւցընէ անոնք աղքատ են, Անոնք անմիտ են, քանզի Տէրոջը ճամբան, Իրենց Աստուծոյն դատաստանը, չեն գիտեր: 5Ես մեծերուն երթամ Եւ անոնց հետ խօսիմ, Վասն զի անոնք Տէրոջը ճամբան, Իրենց Աստուծոյն դատաստանը, գիտեն. Բայց ահա անոնք ալ լուծը կոտրեցին, Կապերը փրցուցին: 6Անոր համար զանոնք անտառին առիւծը պիտի մեռցնէ, Զանոնք անապատներուն գայլը* պիտի սատկեցնէ, Անոնց քաղաքներուն վրայ ինձը պիտի հսկէ, Անոնցմէ ամէն դուրս ելլողը պիտի գիշատուի. Վասն զի անոնց յանցանքները շատցան, Ու անոնց ապստամբութիւնները բազմացան: 7Այս բանին համար քեզի ի՞նչպէս ներեմ. Քու որդիներդ զիս թողուցին Եւ չաստուածներով երդում ըրին. Ու երբ զանոնք կշտացուցի, անոնք շնութիւն ըրին, Եւ բազմութեամբ բոզանոցը գացին: 8Առտուանց գիրցած ձիերու պէս են, Ամէն մարդ իր դրացիին կնոջ կը վրնջէ: 9Միթէ այս բաներուն համար այցելութիւն պիտի չընե՞մ, կ’ըսէ Տէրը, Կամ այսպիսի ազգէ մը իմ հոգիս վրէժ պիտի չառնէ՞: 10Անոր պարիսպներուն վրայ ելէք ու կործանեցէք, Բայց ոչ թէ բոլորովին. Անոր մարտկոցները վերցուցէք, Վասն զի անոնք Տէրոջը չեն: 11Քանզի Իսրայէլի տունը և Յուդայի տունը Ինծի խիստ անհաւատարիմ եղան, կ’ըսէ Տէրը.
Տէրը Իսրայէլը կը մերժէ
12Անոնք Տէրը ուրացան ու ըսին, Անիկա չէ, Ու մեր վրայ չարիք պիտի չգայ, Եւ սուր ու սով պիտի չտեսնենք. 13Եւ մարգարէները հովի պէս են, Ու անոնց բերանը Տէրոջը խօսքը չկայ. Անոնց այնպէս ըլլայ: 14Անոր համար զօրաց Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. Դուք այս խօսքը խօսելնուդ համար, Ահա ես իմ խօսքերս քու բերնիդ մէջ կրակ` Եւ այս ժողովուրդը փայտ պիտի ընեմ, Ու զանոնք պիտի սպառէ: 15Ահա ես ձեր վրայ հեռուէն ազգ մը կը բերեմ, Ով Իսրայէլի տունը, կ’ըսէ Տէրը. Անիկա զօրաւոր ազգ է, Անիկա հին ազգ է, Եւ այնպիսի ազգ մըն է` որ դուն անոր լեզուն չես գիտեր Ու խօսածը չես հասկնար. 16Անոնց կապարճները բաց գերեզմանի պէս են. Ամէնն ալ զօրաւոր մարդիկ են: 17Եւ անիկա պիտի ուտէ քու հունձքդ, Ու քու տղաքներուդ ու աղջիկներուդ ուտելու հացը. Քու հօտերդ և արջառներդ պիտի ուտէ, Քու այգիներդ ու թզենիներդ պիտի ուտէ, Քու ապաւինած պարսպաւոր քաղաքներդ Սրով պիտի աւրէ: 18Բայց այն օրերն ալ, կ’ըսէ Տէրը, Ձեզ պիտի չհատցնեմ: 19Եւ եթէ ըսէք, Ի՞նչ պատճառաւ մեր Տէր Աստուածը այս ամէնը մեզի ըրաւ. Դուն անոնց ըսես, Ինչպէս դուք զիս թողուցիք, Ու ձեր երկրին մէջ օտար աստուածներու ծառայութիւն ըրիք, Այնպէս դուք ձերը չեղած երկրին մէջ Օտարներու ծառայութիւն պիտի ընէք:
Աստուած իր ժողովուրդը կը զգուշացնէ
20Ասիկա Յակոբի տանը մէջ պատմեցէք, Ու Յուդայի մէջ հրատարակելով` ըսէք, 21Հիմա մտիկ ըրէք ասիկա. Ով յիմար ու անմիտ ժողովուրդ, Որ աչքեր ունիք, բայց չէք տեսներ. Ականջներ ունիք, բայց չէք լսեր: 22Ինծմէ պիտի չվախնա՞ք, կ’ըսէ Տէրը, Իմ երեսէս պիտի չդողա՞ք, Որ յաւիտենական հրամանով մը աւազը ծովուն սահման դրի, Եւ անկէ չանցնիր. Թէև անոր ալիքները կը ծփին, բայց չեն կրնար յաղթել. Թէև անոնք կը գոչեն, բայց անկէ չեն կրնար անցնիլ: 23Սակայն այս ժողովուրդը անհնազանդ ու ապստամբ սիրտ մը ունի. Անոնք երթալով իրենց ճամբան ծռեցին. 24Եւ իրենց սրտին մէջ չըսին, Մեր Տէր Աստուծմէն վախնանք, Ան որ անձրևը, առաջին ու վերջին անձրևը, իր ատենին կու տայ, Եւ հունձքի համար որոշուած շաբաթները մեզի կը պահէ: 25Ձեր անօրէնութիւնները ասոնք հեռացուցին. Ձեր մեղքերը բարիքը ձեզմէ արգիլեցին: 26Վասն զի իմ ժողովուրդիս մէջ ամբարիշտներ գտնուեցան. Անոնք որսորդներուն կծկտելուն պէս դարանամուտ կ’ըլլան, Որոգայթ կը լարեն, մարդիկ կը բռնեն: 27Ինչպէս վանդակը թռչուններով լեցուն է, Այնպէս անոնց տուները նենգութեամբ լեցուն են. Անոր համար անոնք մեծցան ու հա-րըստացան. 28Գիրցան, պարարտացան, Եւ չարերուն գործերէն ալ գերազանցեցին. Անոնք շիտակ դատաստան չեն ըներ, Որբին իրաւունքը չեն պաշտպաներ, (Այսու ամենայնիւ յաջողութիւն կը գտնեն,) Եւ աղքատին դատը չեն տեսներ: 29Միթէ այս բաներուն համար այցելութիւն պիտի չընե՞մ, կ’ըսէ Տէրը, Կամ այսպիսի ազգէ մը իմ հոգիս վրէժ պիտի չառնէ՞: 30Երկրին վրայ զարմանալի ու սոսկալի գործ կ’ըլլայ. 31Մարգարէները ստութեամբ մարգարէութիւն կ’ընեն, Եւ քահանաները անոնց ձեռքով կ’իշխեն, Ու իմ ժողովուրդս այսպէս կ’ախորժի. Բայց ի՞նչ պիտի ընէք, երբ ասոնց վախճանը հասնի: