Երեմիա մարգարեյի գիրք
50
Բաբելոնին գրաւումը
1Բաբելոնի վրայով, Քաղդէացւոց երկրին վրայով, Երեմիա մարգարէին ձեռքով Տէրոջը խօսած խօսքը: 2Ազգերուն մէջ պատմեցէք. Հրատարակեցէք ու դրօշ վերցուցէք. Հրատարակեցէք ու մի ծածկէք, ու ըսէք, Բաբելոն առնուեցաւ, Բէլ ամչցաւ, Մարովդաք կոտրեցաւ, Անոր արձանները ամչցան, Անոր կուռքերը կոտրտեցան. 3Վասն զի անոր վրայ հիւսիսէն ազգ մը ելաւ, Անիկա անոր երկիրը աւերակ պիտի ընէ, Ու հոն բնակիչ պիտի չմնայ. Մարդէ մինչև անասուն պիտի փախչին երթան:
Իսրայէլին վերադարձը
4Այն օրերը ու այն ժամանակը, կ’ըսէ Տէրը, Իսրայէլի որդիները, իրենք ու Յուդայի որդիները, մէկտեղ պիտի գան, Քալելով ու լալով պիտի երթան, Եւ իրենց Տէր Աստուածը պիտի փնտռեն: 5Սիօնի համար պիտի հարցնեն` Իրենց երեսը դէպ ի հոն դարձնելով. Եկէք ու Տէրոջը յարինք Յաւիտենական ու անմոռաց ուխտով մը: 6Իմ ժողովուրդս կորսուած ոչխարներու պէս եղաւ, Զանոնք իրենց հովիւները մոլորեցուցին, Զանոնք լեռներու վրայ պտըտցուցին. Անոնք ալ լեռնէ լեռ ու բլուրէ բլուր գացին, Ու իրենց մակաղատեղը մոռցան: 7Ամէն գտնողները զանոնք կերան. Ու անոնց թշնամիները ըսին, Մենք յանցանք չունինք, Վասն զի անոնք արդարութեան բնակարան եղող Տէրոջը դէմ, Ու իրենց հայրերուն յոյսը եղող Տէրոջը դէմ մեղք գործեցին: 8Բաբելոնի մէջէն փախէք, Ու Քաղդէացւոց երկրէն ելէք, Եւ հօտերուն առջևէն գացող նոխազներուն պէս եղէք: 9Քանզի ահա ես Բաբելոնի վրայ Հիւսիսի երկրէն մէծ ազգերու ժողովք Պիտի արթնցնեմ ու հանեմ, Ու անոր առջև գունդերով պիտի շարուին, Անկէ պիտի առնուի. Անոնց նետերը, յաջողակ պատերազմողի նետերուն պէս, Պարապ պիտի չդառնան: 10Եւ Քաղդէացւոց երկիրը աւար պիտի ըլլայ, Ու զանիկա բոլոր թալլողները պիտի կշտանան, կ’ըսէ Տէրը:
Բաբելոնին անկումը
11Որովհետև դուք ուրախացաք ու խնդացիք, Ով իմ ժառանգութեանս կողոպտիչները, Կանանչ խոտերու մէջ արածուող` երինջի պէս ցաթկեցէք, Ու երիվարներու պէս վրնջեցէք: 12Ձեր մայրը խիստ ամչցաւ. Ձեզ ծնանողը ամօթով եղաւ. Ահա անիկա ազգերուն յետինը, Անապատ, անջուր ու ամայի պիտի ըլլայ: 13Տէրոջը բարկութեանը պատճառաւ հոն մարդ պիտի չբնակի, Հապա բոլորովին ամայի պիտի ըլլայ. Բաբելոնէ ամէն անցնողը Անոր բոլոր հարուածներուն վրայ Պիտի հիանայ ու պիտի սուլէ: 14Բաբելոնի դէմ շուրջանակի շարուեցէք, Ով բոլոր աղեղ լարողներ, Անոր նետեցէք, նետին մի խնայէք, Քանզի անիկա Տէրոջը դէմ մեղք գործեց: 15Անոր դէմ շուրջանակի աղաղակ վերցուցէք. Անիկա իր ձեռքը տուաւ. Անոր հիմերը կործանեցան, Անոր պարիսպները աւրեցան, Վասն զի ասիկա Տէրոջը վրէժխնդրութիւնն է. Անկէ վրէժ առէք, Անոր իր ըրածին համեմատ ըրէք: 16Բաբելոնէ սերմանողը ու հունձքի ժամանակ մանգաղ բռնողը կոտրեցէք. Բռնաւոր սուրին երեսէն Ամէն մարդ իր ժողովուրդին պիտի դառնայ, Ու ամէն մարդ իր երկիրը պիտի փախչի:
Իսրայէլ կը վերադառնայ
17Իսրայէլ մոլորեալ ոչխար մըն է, Առիւծները զանիկա հալածեցին. Զանիկա նախ Ասորեստանի թագաւորը կերաւ, Ու ետքը այս Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը անոր ոսկորները կրծեց: 18Ասոր համար զօրաց Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես Բաբելոնի թագաւորին ու անոր երկրին այցելութիւն պիտի ընեմ, Ինչպէս Ասորեստանի թագաւորին այցելութին ըրի: 19Եւ Իսրայէլը իր բնակարանը պիտի դարձնեմ, Ու Կարմեղոսի և Բասանի մէջ պիտի արածի, Ու անոր հոգին Եփրեմի լեռանը վրայ Ու Գաղաադու վրայ պիտի կշտանայ: 20Այն օրերը ու այն ժամանակը, կ’ըսէ Տէրը, Իսրայէլի անօրէնութիւնը պիտի փնտռուի, Բայց անիկա անօրէնութիւն պիտի չունենայ. Եւ Յուդայի մեղքերը պիտի փնտռուին, Բայց պիտի չգտնուին. Վասն զի իմ պահած մնացորդներուս մեղքը պիտի ներեմ:
Աստուծոյ դատաստանը Բաբելոնին
21Մերաթայիմի երկրին վրայ Եւ Փակուդի բնակիչներուն վրայ ելիր. Անոնց ետևէն աւրէ, Ու նզովուածի պէս բնաջինջ ըրէ, կ’ըսէ Տէրը, Եւ քեզի ամէն պատուիրածիս պէս ըրէ: 22Երկրին մէջ պատերազմի ձայն Ու մեծ կոտորած կայ: 23Բոլոր երկրի մուրճը ի՜նչպէս կոտրեցաւ ու մանրեցաւ, Բաբելոն ազգերուն մէջ ի՜նչպէս աւերակ եղաւ. 24Քեզի որոգայթ լարեցի ու բռնուեցար, ով Բաբելոն, Բայց դուն չգիտցար. Գտնուեցար ու ձեռք անցար, Վասն զի Տէրոջը դէմ հակառակեցար: 25Տէրը իր զինարանը բացաւ Ու իր բարկութեան զէնքերը հանեց, Քանզի Քաղդէացւոց երկրին մէջ Զօրաց Տէր Եհովան գործ ունի: 26i>Երկրի ծայրէն անոր վրայ եկէք, Անոր շտեմարանները բացէք, Զանիկա շեղջերու պէս դիզեցէք, Ու նզովուածի պէս զանիկա բնաջինջ ըրէք. Անոր մնացորդ մը չմնայ: 27Անոր բոլոր զուարակները կորսնցուցէք, Թող անոնք սպանդանոցը իջնեն. Վա՜յ անոնց, քանզի անոնց օրը, Անոնց այցելութեան ժամանակը, հասած է: 28Բաբելոնի երկրէն փախչողներուն ու ազատուածներուն ձայնը կու գայ, Որպէս զի մեր Տէր Աստուծոյն վրէժխնդրութիւնը, Անոր տաճարին վրէժխնդրութիւնը, Սիօնի մէջ պատմէ: 29Բաբելոնի վրայ աղեղնաւորները կանչեցէք. Ով բոլոր աղեղ լարողներ, Անոր բոլորտիքը անոր դէմ բանակեցէք. Չըլլայ որ մարդ մը ազատի, Անոր իր գործերուն համեմատ հատուցում ըրէք, Անոր իր ամէն ըրածին համեմատ ըրէք. Վասն զի անիկա Տէրոջը դէմ, Իսրայէլի Սուրբին դէմ, հպարտութիւն ըրաւ: 30Ուստի անոր կտրիճները իր հրապարակներուն մէջ պիտի իյնան: Եւ անոր բոլոր պատերազմական մարդիկը Այն օրը բնաջինջ պիտի ըլլան, կ’ըսէ Տէրը: 31Ահա ես քեզի դէմ եմ, ով հպարտ, Կ’ըսէ զօրաց Տէր Եհովան. Քանզի քու օրդ, քեզի այցելութիւն ընելու ժամանակս, հասած է: 32Եւ հպարտը գլորելով պիտի իյնայ, Ու մէ՛կը պիտի չըլլայ որ զանիկա վերցնէ. Եւ անոր քաղաքներուն մէջ կրակ պիտի բռնկցնեմ, Որ անոր բոլոր շրջակայ տեղերը պիտի ուտէ: 33Զօրաց Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Իսրայէլի որդիները ու Յուդայի որդիները մէկտեղ զրկանք կրեցին. Ու անոնց բոլոր գերեվարները զանոնք բռնեցին, Ու չեն ուզեր զանոնք արձակել: 34Անոնց Փրկիչը զօրաւոր է, Անոր անունը Զօրաց Տէր է. Անիկա անշուշտ անոնց դատին ջատագով պիտի ըլլայ, Որպէս զի երկրին հանգստութիւն տայ, Ու Բաբելոնի բնակիչները խռովեցնէ: 35Տէրը կ’ըսէ որ Քաղդէացւոց վրայ Ու Բաբելոնի բնակիչներուն վրայ Եւ անոր իշխաններուն ու իմաստուններուն վրայ սուր կու գայ: 36Ստախօսներուն վրայ սուր կու գայ, ու պիտի խենթենան. Անոր կտրիճներուն վրայ սուր կու գայ, ու պիտի զարհուրին. 37Անոր ձիերուն ու կառքերուն վրայ Եւ անոր մէջ եղող բոլոր խառնիճաղանճ բազմութեանը վրայ սուր կու գայ, Ու կիներու պէս պիտի ըլլան. Անոր գանձերուն վրայ սուր կու գայ, ու պիտի յափշտակուին. 38Անոր ջուրերուն վրայ չորութիւն կու գայ, ու պիտի ցամքին. Քանզի անիկա դրօշեալներու երկիր է, Ու իրենց կուռքերովը կը յիմարին: 39Անոր համար հոն վայրենի կատուներ ու բորենիներ պիտի բնակին, Ու հոն ջայլամներ պիտի բնակին. Եւ անիկա մէյմըն ալ մարդաբնակ պիտի չըլլայ, Ու ազգէ ազգ հոն բնակիչ պիտի չըլլայ: 40Աստուծոյ կործանած Սոդոմին ու Գոմորին Եւ անոր շրջակայ քաղաքներուն պէս, կ’ըսէ Տէրը, Հոն ա՛լ մարդ մը պիտի չնստի, Եւ անոր մէջ մարդու զաւակ պիտի չբնակի: 41Ահա հիւսիսէն ժողովուրդ կու գայ, Ու մեծ ազգ և շատ թագաւորներ Երկրի ծայրերէն պիտի արթննան: 42Անոնք աղեղ ու նիզակ կը կրեն, Անոնք անգութ ու անողորմ են. Անոնց ձայնը ծովու պէս կը գոռայ, Եւ անոնք ձիերու վրայ կը հեծնեն, Ու պատերազմող մարդու պէս Քեզի դէմ կը շարուին, ով Բաբելոնի աղջիկ: 43Երբ Բաբելոնի թագաւորը անոնց լուրը լսեց, Անոր ձեռքերը թուլցան. Նեղութիւնը շրջապատեց զանիկա Ծննդական կնոջ երկունքին պէս: 44Ահա անիկա առիւծի պէս ամուր բնակարանին վրայ պիտի ելլէ Յորդանանու ջուրերուն յորդելէն. Բայց անոր վրայէն շուտով պիտի փախցնեմ զանոնք. Եւ ո՞վ է այն ընտրեալը` զոր անոր վրայ դնեմ. Վասն զի ինծի նման ո՞վ կայ, Ու ինծի հետ ո՞վ պիտի վիճաբանի. Եւ ո՞վ է այն հովիւը որ իմ առջևս պիտի կենայ: 45Անոր համար Բաբելոնի վրայով Տէրոջը խորհած խորհուրդը Ու Քաղդէացւոց երկրին վրայ մտածած մտածմունքը մտիկ ըրէք. Հօտին ամէնէն պզտիկը անպատճառ պիտի քշէ զանոնք. Անշուշտ անոնց բնակարանները անոնց հետ պիտի աւրէ: 46Բաբելոնի առնուելու ձայնէն երկիր կը շարժի, Ու ազգերուն մէջ աղաղակ կը լսուի: