Երեմիա մարգարեյի գիրք
51
Բաբելոնի անաչառ դատաստանը
1Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես Բաբելոնի վրայ Ու իմ թշնամիներուս մէջտեղ բնակողներուն վրայ Ապականիչ հով մը պիտի հանեմ: 2Եւ Բաբելոնի վրայ հոսողներ պիտի ղրկեմ, Ու զանիկա պիտի հոսեն և անոր երկիրը պիտի պարպեն. Վասն զի պատուհասին օրը անոր վրայ ամէն կողմէն պիտի գան: 3Աղեղնաւորը պիտի լարէ իր աղեղը աղեղնաւորին դէմ Ու իր զրահովը հպարտացողին դէմ. Եւ անոր երիտասարդներուն մի խնայէք, Անոր բոլոր զօրքը նզովուածի պէս բնաջինջ ըրէք: 4Ու Քաղդէացւոց երկրին մէջ սպանուածներ Եւ անոր հրապարակներուն մէջ խոցոտուածներ պիտի իյնան: 5Քանզի Իսրայէլ ու Յուդա իր Աստուծմէն, Զօրաց Տէրոջմէն, չմերժուեցաւ, Թէպէտև անոնց երկիրը Իսրայէլի Սուրբին դէմ Յանցանքով լեցուեցաւ: 6Բաբելոնի մէջէն փախէք, Ու ամէն մարդ թող իր անձը ազատէ, Որպէս զի անոր անօրէնութիւնովը չկործանիք. Քանզի ասիկա Տէրոջը վրէժխնդրութեան ժամանակն է, Ինք անոր հատուցում պիտի ընէ: 7Բաբելոն Տէրոջը ձեռքին մէջ Բոլոր երկիրը գինովցնող ոսկի գաւաթ եղաւ. Անոր գինիէն ազգերը խմեցին, Անոր համար ազգերը յիմարեցան: 8Բաբելոն յանկարծ ինկաւ կոտրեցաւ, Անոր վրայ ողբացէք. Անոր վէրքին համար բալասան առէք, Թերևս բժշկութիւն գտնէ: 9Բաբելոնի դեղ ըրինք, բայց բժշկութիւն չգտաւ. Զանիկա թողէք, ու մեզմէ ամէն մէկը իր երկիրը երթայ. Վասն զի անոր դատաստանը մինչև երկինք հասաւ, Ու մինչև ամպերը ելաւ: 10Տէրը մեր արդարութիւնը երևան հանեց. Եկէք, ու Սիօնի մէջ Մեր Տէր Աստուծոյն գործը պատմենք: 11Նետերը փայլեցուցէք, վահանները առէք. Տէրը Մարաց թագաւորներուն հոգին արթնցուց, Քանզի Բաբելոնի վրայով խորհեցաւ որ զանիկա բնաջինջ ընէ. Վասն զի ասիկա Տէրոջը վրէժխնդրութիւնը, Իր տաճարին վրէժխնդրութիւնն է: 12Բաբելոնի պարիսպներուն դէմ դրօշ վերցուցէք, Պահապան զօրքը ուժովցուցէք, Դէտեր կարգեցէք, դարաններ պատրաստեցէք, Քանզի Տէրը որոշեց, Եւ Բաբելոնի բնակիչներուն վրայով ըսած խօսքը ի գործ դրաւ: 13Ով շատ ջուրերու քով բնակող ու շատ գանձեր ունեցող, Քու վախճանդ ու քու ագահութեանդ չափը եկաւ. 14Զօրաց Տէրը իր անձին վրայ երդում ըրաւ` ըսելով, Անշուշտ քեզ մարախի բազմութեանը չափ մարդոցմով պիտի լեցնեմ. Ու քու վրադ բարձր ձայնով պիտի պոռան:
Աստուծոյ փառաբանութեան երգ մը
15Երկիրը իր զօրութիւնովը շինեց, Աշխարհը իր իմաստութիւնովը հաստատեց, Ու երկինքը իր խորհրդովը տարածեց: 16Երբ իր ձայնը կու տայ, երկինքի մէջ ջուրերու բազմութիւն կ’ըլլայ, Եւ երկրի ծայրերէն շոգիներ կը հանէ. Անձրևի համար փայլակներ կը շինէ, Ու հով կը հանէ իր շտեմարաններէն: 17Ամէն մարդ գիտութենէ զրկուած` անասուն դարձաւ, Ամէն ոսկերիչ իր քանդակած կուռքին պատճառաւ ամօթով եղաւ. Վասն զի իր ձուլածոյ կուռքը ստութիւն է, Ու անոնք հոգի չունին: 18Անոնք ունայնութեան և խաբէութեան գործեր են. Անոնց այցելութիւն եղած ատեն անոնք պիտի կորսուին: 19Յակոբի Բաժինը ասոնց պէս չէ, Վասն զի անիկա ամէն բանը Ստեղծողն է, Ու Իսրայէլ անոր ժառանգութեան վիճակն է. Եւ անոր անունը Եհովա Սաբաւովթ է: 20Դուն իմ կռանս, պատերազմական գործիքս, ես. Եւ քեզմով ազգեր պիտի կոտրեմ, Ու քեզմով թագաւորութիւններ պիտի աւրեմ, 21Եւ ձին ու անոր հեծեալը քեզմով պիտի կոտրեմ, Ու կառքը և անոր վրայ հեծնողը քեզմով պիտի կոտրեմ, 22Ու քեզմով մարդը ու կինը պիտի կոտրեմ, Եւ քեզմով ծերը ու երիտասարդը պիտի կոտրեմ, Ու կտրիճը և կոյսÁ քեզմով պիտի կոտրեմ, 23Ու հովիւը և անոր հօտը քեզմով պիտի կոտրեմ, Երկրագործը ու անոր եզներուն զոյգը քեզմով պիտի կոտրեմ, Եւ կուսակալները ու նախարարները քեզմով պիտի կոտրեմ: 24Եւ Բաբելոնի ու Քաղդէացւոց երկրին բոլոր բնակիչներուն Պիտի հատուցանեմ իրենց բոլոր չարութիւնը, Զոր ձեր աչքերուն առջև Սիօնի ըրին, կ’ըսէ Տէրը: 25Ով բոլոր երկիրը աւրող ապականիչ լեռ, Ահա ես քեզի դէմ եմ, կ’ըսէ Տէրը, Եւ իմ ձեռքս քու վրադ պիտի երկնցնեմ, Ու քեզ վէմերէն վար պիտի գլորեմ, Եւ քեզ այրած լեռ պիտի ընեմ. 26Ու քեզմէ անկեան քար և հիման քար պիտի չառնեն, Քանզի յաւիտենական աւերակ պիտի ըլլաս, կ’ըսէ Տէրը: 27Երկրին մէջ դրօշ վերցուցէք, Ազգերուն մէջ փող հնչեցուցէք. Անոր դէմ ազգեր պատրաստեցէք, Անոր վրայ Արարադի, Միննիի ու Ասքանազի թագաւորութիւնները կանչեցէք, Անոր վրայ զօրապետներ դրէք, Մազոտ մարախներուն պէս ձիեր հանեցէք. 28Անոր վրայ ազգեր, Մարաց թագաւորները, Անոնց կուսակալները ու բոլոր նախարարները Եւ անոնց իշխանութեանը բոլոր երկիրը պատրաստեցէք: 29Ու երկիրը պիտի դողայ ու նեղութիւն կրէ, Վասն զի Բաբելոնի վրայով Տէրոջը ունեցած խորհուրդները պիտի հաստատուին, Բաբելոնի երկիրը անբնակ ամայութիւն ընելու համար: 30Բաբելոնի զօրաւոր մարդիկը պատերազմելէն դադարեցան, Բերդերու մէջ բնակեցան. Ուժերնին կտրեցաւ, կիներու պէս եղան. Անոր բնակարանները այրեցին, անոր նիգերը կոտրեցան: 31Սուրհանդակը սուրհանդակի հանդիպելու, Ու լրաբերը լրաբերի հանդիպելու պիտի վազէ, Բաբելոնի թագաւորին պատմելու համար Թէ անոր քաղաքը մէկ ծայրէն առնուեցաւ, 32Եւ թէ անցքերը բռնուեցան, Ու եղէգները կրակով այրեցան, Ու պատերազմական մարդիկը զարհուրեցան: 33Քանզի զօրաց Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. Բաբելոնի աղջիկը կալի պէս է. Անոր ծեծուելու ատենն է. Քիչ ատենէն ետքը անոր հունձքին ժամանակը պիտի գայ: 34Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը Զիս կերաւ, զիս բնաջինջ ըրաւ, Զիս պարապ ամանի պէս ըրաւ, Վիշապի պէս զիս կլլեց, Իմ փափկութիւններէս իր փորը կշտացուց, Զիս դուրս նետեց: 35Սիօնի բնակիչը պիտի ըսէ, Ինծի ու իմ մարմնիս եղած զրկանքը Բաբելոնի վրայ ըլլայ. Ու Երուսաղէմ պիտի ըսէ, Իմ արիւնս Քաղդէացւոց երկրին բնակիչներուն վրայ ըլլայ:
Աստուած Իսրայէլին պիտի օգնէ
36Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես քու դատիդ պաշտպան պիտի կայնիմ, Ու քեզի համար վրէժխնդիր պիտի ըլլամ, Եւ անոր ծովը ցամաք պիտի ընեմ, Ու անոր աղբիւրը պիտի չորցնեմ: 37Եւ Բաբելոն աւերակի դէզեր, Չագալներու բնակարան, Ու զարմանքի և սուլելու ենթակայ պիտի ըլլայ, Ու հոն մարդ պիտի չբնակի: 38Անոնք առոյգ առիւծներու պէս մէկտեղ պիտի մռնչեն, Եւ կորիւններու պէս պիտի կանչուըռտեն: 39Երբ անոնք գինիէն տաքնան, անոնց կոչունք պիտի ընեմ, Ու զանոնք պիտի գինովցնեմ, որպէս զի զուարթանան, Եւ յաւիտենական քունով քնանան Ու չարթննան, կ’ըսէ Տէրը: 40Զանոնք սպանդանոցը պիտի իջեցնեմ գառնուկներու պէս Կամ խոյերու պէս` նոխազներու հետ:
Բաբելոնի ճակատագիրը
41Ի՜նչպէս առնուեցաւ Սիսակ, Ու բոլոր երկրի պարծանքը բռնուեցաւ. Բաբելոն ի՜նչպէս աւերակ եղաւ ազգերուն մէջ: 42Ծովը Բաբելոնի վրայ ելաւ, Անոր ալիքներուն շատութենէն ծածկուեցաւ: 43Անոր քաղաքները աւերակ, Անջուր երկիր ու անապատ եղան. Եւ այնպիսի երկիր մը եղան ուր մարդ չբնակիր, Ու անկէ մարդու զաւակ չանցնիր: 44Եւ Բաբելոնի մէջ Բէլի այցելութիւն պիտի ընեմ, Ու անոր բերնէն` անոր կլլածը պիտի հանեմ. Ու մէյմըն ալ ազգերը անոր պիտի չդիմեն, Բաբելոնի պարիսպն ալ պիտի փլչի: 45Անոր մէջէն ելէք, ով իմ ժողովուրդս, Եւ ամէն մարդ թող իր անձը ազատէ Տէրոջը սաստիկ բարկութենէն: 46Ու չըլլայ որ երկրին մէջ լսուելու լուրէն Ձեր սիրտը թուլնայ ու վախնաք, Երբ մէկ տարուան մէջ լուր մը, Եւ հետևեալ տարուան մէջ ուրիշ լուր մը գայ, Ու երկրին մէջ բռնութիւն ըլլայ, Եւ իշխան իշխանի դէմ ոտք ելլէ: 47Անոր համար ահա օրեր կու գան Որ Բաբելոնի կուռքերուն այցելութիւն պիտի ընեմ. Ու անոր բոլոր երկիրը ամօթով պիտի ըլլայ, Եւ անոր բոլոր սպաննուածները անոր մէջ պիտի իյնան: 48Եւ երկինք ու երկիր և բոլոր անոնց մէջ եղածը Բաբելոնի վրայ պիտի ցնծան, Վասն զի աւրողները հիւսիսէն պիտի գան անոր, կ’ըսէ Տէրը: 49Ինչպէս Բաբելոն Իսրայէլի սպանուածները վար ձգեց, Այնպէս Բաբելոնի մէջ բոլոր երկրին սպաննուածները պիտի իյնան:
Աստուծոյ պատգամը Բաբելոնի Իսրայելացիներուն
50Ով սուրէ ազատուածներ, գացէք, մի կայնիք, Հեռուէն Տէրը յիշեցէք, Ու Երուսաղէմ ձեր միտքը թող գայ: 51Նախատինք լսելնուս համար ամչցանք. Ամօթը մեր երեսը ծածկեց, Քանզի Տէրոջը տանը սրբարաններուն մէջ օտարազգիներ մտան: 52Անոր համար ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը, Որ անոր կուռքերուն այցելութիւն պիտի ընեմ, Եւ անոր բոլոր երկրին մէջ վիրաւորներ պիտի հեծեն: 53Թէև Բաբելոն մինչև երկինք ելլէ, Ու իր զօրութիւնը բարձրութեան մէջ հաստատէ*, Իմ կողմանէս աւրողներ պիտի գան անոր, կ’ըսէ Տէրը:
Բաբելոնի աւերումը
54Բաբելոնէ աղաղակի ձայն, Ու Քաղդէացւոց երկրէն մեծ կոտորածի ձայն կու գայ: 55Քանզի Տէրը Բաբելոնը կ’աւրէ, Ու անոր մէջէն մեծ ձայնը կը խափանէ. Որովհետև անոնց ալիքները շատ ջուրերու պէս կը գոչեն, Եւ անոնց ձայնը աղմկալից կ’ելլէ: 56Քանզի անոր վրայ, Բաբելոնի վրայ, աւրող մը եկաւ, Ու անոր զօրաւորները առնուեցան, Անոնց աղեղները կոտրեցան, Քանզի Տէրը հատուցիչ Աստուած է, Անշուշտ հատուցում պիտի ընէ: 57Եւ անոր իշխանները ու իմաստունները, Կուսակալները ու նախարարները Եւ զօրաւոր մարդիկը պիտի գինովցնեմ, Ու անոնք յաւիտենական քունով պիտի քնանան Ու պիտի չարթննան. կ’ըսէ այն Թագաւորը Որուն անունը Զօրաց Տէր է: 58Զօրաց Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Բաբելոնի լայն պարիսպները բոլորովին պիտի փլչին. Ու անոր բարձր դռները կրակով պիտի այրին. Եւ ժողովուրդները պարապ տեղ, Ու ազգերը կրակի համար պիտի աշխատին ու յոգնին:
Երեմիայի պատգամը Բաբելոն կը ղրկուի
59Այս խօսքն է զոր Երեմիա մարգարէն պատուիրեց Մաասիայի որդւոյն Ներիայի որդւոյն Սարայիայի, երբ անիկա Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին կողմանէ, անոր թագաւորութեանը չորրորդ տարին, Բաբելոն գնաց. ու Սարայիա գլխաւոր սենեկապան էր: 60Վասն զի Երեմիա Բաբելոնի վրայ գալու ամէն չարիքները գիրքի մը մէջ գրեց, այսինքն այս բոլոր խօսքերը որ Բաբելոնի դէմ գրուած են: 61Ու Երեմիա Սարայիայի ըսաւ, Երբ Բաբելոն երթաս, նայէ որ կարդաս այս բոլոր խօսքերը, 62Ու ըսես, Ով Տէր, դուն այս տեղին համար ըսիր որ զանիկա պիտի աւրես, ու մարդէ մինչև անասուն անոր մէջ բնակիչ պիտի չըլլայ, հապա յաւիտենական ամայութիւն պիտի ըլլայ: 63Ու երբ այս գիրքը կարդալը լմնցնես, անոր վրայ քար մը կապես ու զանիկա Եփրատի մէջ նետես, 64Ու ըսես, Այսպէս պիտի ընկղմի Բաբելոն, ու մէյմըն ալ պիտի չկանգնի` իմ անոր վրայ բերելու չարիքներուս պատճառաւ, և անոնք պիտի յոգնին: Երեմիայի խօսքերը մինչև հոս են: