Երեմիա մարգարեյի գիրք

6

Երուսաղէմ թշնամիներէ շրջապատուած

1Ով Բենիամինի որդիներ, Երուսաղէմի մէջէն քաշուեցէք, Ու Թեկուէի մէջ փող հնչեցուցէք, Եւ Բեթաքարմայի վրայ նշան վերցուցէք. Վասն զի հիւսիսէն չարիք ու մեծ կոտորած կ’երևնայ: 2Սիօնի աղջիկը գեղեցիկ ու փափուկ կնոջ մը նմանցուցի: 3Հովիւները և անոնց հօտերը անոր պիտի երթան, Անոր դէմ շուրջանակի վրաններ պիտի կանգնեն, Ամէն մէկը իր սահմանին մէջ պիտի հովուէ: 4Անոր վրայ պատրաստեցէք. Ելէք, ու կէսօրին ելլենք. Վա՜յ մեզի, վասն զի օրը կ’անցնի, Եւ իրիկուան ստուերները կ’երկննան: 5Ելէք, ու գիշերով ելլենք Եւ անոր բերդերը կործանենք: 6Վասն զի զօրաց Տէրը այսպէս կ’ըսէ. կտրեցէք ու Երուսաղէմի դէմ պատնէշ կանգնեցէք. Ասիկա այցելութիւն ընելու մըն է, Բոլորովին հարստահարութեամբ լեցուած է: 7Ինչպէս ջրհորը իր ջուրերը կը բղխէ, Անիկա ալ իր չարութիւնը այնպէս կը բղխէ. Անոր մէջ զրկանք ու յափշտակութիւն կը լսուի, Իմ առջևս միշտ ցաւեր ու հարուածներ կան: 8Ով , խրատուէ, Չըլլայ որ իմ հոգիս քեզմէ զատուի. Չըլլայ որ քեզ աւերակ և անբնակ երկրի մը դարձնեմ:

Ապստամբ Իսրայէլը

9Զօրաց Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Իսրայէլի մնացորդները այգիի պէս Բոլորովին ճռաքաղ պիտի ընեն. Քու ձեռքդ` կթողի պէս կողովներուն դարձուր: 10Որո՞ւ խօսիմ ու վկայութիւն ընեմ` որ լսեն. Ահա անոնց ականջները անթլփատ են, Եւ չեն կրնար մտիկ ընել. Ահա Տէրոջը խօսքը անոնց առջև անարգանք եղաւ, Անկէ չեն ախորժիր: 11Սակայն ես Տէրոջը բարկութիւնովը լեցուած եմ, Ինքզինքս զոպելէն յոգնեցայ. Զանիկա դուրսը պիտի թափեմ տղաքներուն վրայ, Ու նաև երիտասարդներուն ժողովին վրայ. Քանզի այր ու մարդը, Ծերը ու տարիքը առածը պիտի բռնուին: 12Եւ անոնց տուները, ագարակները ու կիները մէկտեղ Օտարներուն ձեռքը պիտի անցնին. Վասն զի երկրին բնակիչներուն վրայ Իմ ձեռքս պիտի երկնցնեմ, կ’ըսէ Տէրը: 13Վասն զի անոնց պզտիկէն մինչև մեծը Ամէնը ագահութեան ետևէ եղան, Ու մարգարէէն մինչև քահանան Ամէնը ստութեամբ կը վարուին: 14Եւ իմ ժողովուրդիս աղջկան վէրքը հարևանցի բժշկելով` Խաղաղութիւն, խաղաղութիւն է` կ’ըսեն, Երբ խաղաղութիւն չկայ: 15Միթէ իրենց պղծութիւն ըրած ատենը կ’ամչնա՞ն. Բնաւ չեն ամչնար, Ու պատկառիլ չեն գիտեր. Անոր համար իյնողներուն մէջ պիտի իյնան, Անոնց այցելութիւն ըրած ատենս պիտի գլորին, կ’ըսէ Տէրը:

Իսրայէլ Աստուծոյ ճամբան կը մերժէ

16Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ճամբաներու վրայ կայնեóէք ու նայեցէք, Եւ հին շաւիղներուն համար հարցուցէք, Թէ ո՛րն է ճամբան. Ու անոր մէջ քալեցէք, Որպէս զի ձեր հոգիներուն հանգիստ գտնէք. Բայց անոնք ըսին, Անոր մէջ չենք քալեր: 17Եւ ձեր վրայ դէտեր դրի, ըսելով, Փողին ձայնը մտիկ ըրէք. Բայց անոնք ըսին, Մտիկ չենք ըներ: 18Ուրեմն, ով ազգեր, լսեցէք. Ով ժողովք, անոնց մէջ եղած բանը գիտցիր: 19Լսէ, ով , Ահա ես այս ժողովուրդին վրայ չարիք, Անոնց խորհուրդներուն պտուղը, պիտի բերեմ. Վասն զի իմ խօսքերս մտիկ չըրին, Եւ իմ օրէնքս ալ մերժեցին: 20Ինչո՞ւ ինծի այսպէս Սաբայէ կÁնդրուկ գայ, Ու հեռաւոր երկրէ` անուշահոտ խունկեղէգն. Ձեր ողջակէզները ընդունելի չեն, Եւ ձեր զոհերը ինծի հաճելի չեն: 21Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես այս ժողովուրդին առջև խոչեր կը դնեմ, Ու հայրերը որդիներուն հետ մէկտեղ անոնց զարնուելով պիտի գլորին. Դրացին ու բարեկամը պիտի կորսուին:

Հիւսիսէն ասպատակներ

22Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ահա հիւսիսի երկրէն մը կու գայ, Ու երկրի ծայրերէն մեծ ազգ մը կ’ելլէ. 23Անոնք աղեղ ու նիզակ կը կրեն, Անոնք անգութ ու անողորմ են. Անոնց ձայնը ծովու պէս կը գոռայ, Եւ անոնք ձիերու վրայ կը հեծնեն, Ու պատերազմող մարդու պէս Քեզի դէմ կը շարուին, ով դուստր Սիօնի: 24Անոր լուրը լսեցինք. Ձեռքերնիս թուլցան, Եւ ցաւերը մեզ պաշարեցին Ծննդական կնոջ երկունքին պէս: 25Արտերը մի ելլէք ու ճամբաները մի պտըտիք. Վասն զի չորս կողմը թշնամիին սուրը ու վախ կայ: 26Ով իմ ժողովուրդիս աղջիկը, քուրձ հագիր Եւ մոխիրի մէջ թաւալէ, Ու խիստ դառն ողբով լաց, Ինչպէս մէկ հատիկ տղու վրայ կու լան. Վասն զի կործանողը յանկարծ մեր վրայ պիտի գայ: 27Քեզ իմ ժողովրդիս մէջ փորձիչ ու բերդ դրի, Որպէս զի անոնց ճամբան գիտնաս և փորձես: 28Ամէնը կամակոր ապստամբներ են, Բանսարկութեան կը պտըտին, պղինձ ու երկաթ են. Ամէնը ապականագործ են: 29Փուքը այրեցաւ, Կապարը կրակէն հատաւ. Արծաթագործը պարապ տեղ կ’աշխատի, Վասն զի չարերը չորոշուեցան: 30Անոնց Անպիտան արծաթ պիտի կանչեն, Վասն զի Տէրը զանոնք մերժեց:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981