Երեմիա մարգարեյի գիրք

7

Երեմիա տաճարին մէջ կը քարոզէ

1Տէրոջը կողմանէ Երեմիայի եղած խօսքն է, որ ըսաւ, 2Տէրոջը տանը դուռը կայնէ, Ու հոն այս խօսքը կանչէ ու ըսէ, Տէրոջը խօսքը մտիկ ըրէք, ով բոլոր Յուդա, Որ այս դռներէն կը մտնէք` Տէրոջը երկրպագութիւն ընելու համար: 3Զօրաց Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. Ձեր ճամբաները ու գործերը ուղղեցէք, Եւ ձեզ պիտի թողում որ այս տեղ բնակիք: 4Դուք մի ապաւինիք սուտ խօսքերուն` որ կ’ըսեն, Տէրոջը տաճարը, Տէրոջը տաճարը, Տէրոջը տաճարը ասոնք են: 5Քանզի եթէ ձեր ճամբաները ու գործերը բոլորովին ուղղէք, Եւ եթէ մարդուն ու անոր ընկերին մէջտեղ Իրաւունքը զգուշութեամբ ի գործ դնէք, 6Պանդուխտին, որբին ու որբևարիին զրկանք չընէք, Ու այս տեղ անմեղ արիւն չթափէք, Եւ օտար աստուածներու ետևէ չերթաք, Որ ձեզի չարիքի պատճառ կ’ըլլայ, 7Այն ատեն այս տեղ ձեր հայրերուն տուած երկրիս մէջ Պիտի բնակեցնեմ ձեզ յաւիտեանս յաւիտենից: 8Ահա դուք սուտ խօսքերու կ’ապաւինիք, Որոնք չեն կրնար օգուտ մը ընել: 9Արդեօք գողութիւն, մարդասպանութիւն և շնութիւն ընելով, Ու սուտ ընելով, և Բահաղի ծխելով. Ու ձեր չգիտցած օտար աստուածներուն ետևէն երթալով 10Կրնա՞ք գալ ու իմ առջևս կայնիլ այս տանը մէջ` Որուն վրայ իմ անունս կոչուած է, Եւ ըսել թէ Ազատուեցանք որպէս զի այս ամէն պղծութիւնները ընենք: 11Այս տունը, որուն վրայ իմ անունս կոչուած է, Միթէ ձեր աչքերուն առջև աւազակներու քարա՞յր եղաւ. Ահա ես ալ տեսայ, կ’ըսէ Տէրը: 12Բայց հիմա դուք Սելովի մէջ եղող իմ տեղս գացէք, Ուր առաջ իմ անունս հաստատեցի, Եւ տեսէք ինչ որ անոր ըրեր եմ` Իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի չարութեանը համար: 13Ու հիմա որովհետև այս բոլոր գործերը ըրիք, կ’ըսէ Տէրը, Ու թէպէտ ձեզի խօսեցայ կանուխ ելլելով ու խօսելով, բայց դուք մտիկ չըրիք, Ձեզ կանչեցի, բայց դուք պատասխան չտուիք. 14Ես ալ այս ձեր ապաւինած տանը, Որուն վրայ իմ անունս կոչուած է, Եւ ձեզի ու ձեր հայրերուն տուած տեղիս Սելովի ըրածիս պէս պիտի ընեմ: 15Եւ ինչպէս ձեր բոլոր եղբայրները, Եփրեմի բոլոր սերունդը, վռնտեցի, Այնպես ձեզ իմ առջևէս պիտի վռնտեմ:

Ժողովուրդին անհնազանդութիւնը

16Ուստի դուն այս ժողովուրդին համար մի ըներ, Եւ անոնց համար աղաղակ ու աղաչանք մի մատուցաներ, Ու ինծի բարեխօսութիւն մի ըներ, Քանզի քեզի մտիկ չեմ ըներ: 17Դուն չե՞ս տեսներ թէ անոնք ի՛նչ կը գործեն Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ: 18Տղաքները փայտ կը ժողվեն, Եւ հայրերը կրակ կը վառեն, Ու կիները խմոր կը շաղեն` Երկինքի թագուհիին բլիթներ շինելու համար, Եւ օտար աստուածներու թափելու նուէրներ կը մատուցանեն, Որպէս զի զիս բարկացնեն: 19Միթէ անոնք զի՞ս կը բարկացնեն, կ’ըսէ Տէրը, Չէ՞ որ իրենց անձը կը խռովեն իրենց երեսին ամօթին համար: 20Անոր համար այսպէս կ’ըսէ Տէր Եհովա. Ահա իմ բարկութիւնս ու սրտմտութիւնս Այս տեղին վրայ պիտի թափի` Մարդու վրայ և անասունի վրայ Ու դաշտի ծառերուն վրայ Ու երկրի պտուղներուն վրայ, Եւ պիտի բռնկի ու պիտի չմարի: 21Զօրաց Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. Ձեր ողջակէզները ձեր զոհերուն վրայ աւելցուցէք և միս կերէք: 22Վասն զի ձեր հայրերը Եգիպտոսի երկրէն հանած օրս` Անոնց բան մը չխօսեցայ ողջակէզի ու զոհի վրայով, Ոչ ալ անոնց հրամայեցի. 23Հապա անոնց այս բանը հրամայեցի ու ըսի. Իմ ձայնս մտիկ ըրէք, Եւ ես ձեզի ըլլամ, Ու դուք ինծի ըլլաք. Եւ ձեզի ամէն հրամայած ճամբաներուս մէջ քալեցէք, Որպէս զի ձեզի աղէկ ըլլայ: 24Բայց անոնք մտիկ չըրին ու ականջնին չծռեցին, Հապա իրենց չար սրտին կամակորութիւնովը Իրենց խորհուրդներուն հետևեցան, Ու ետ գացին և ոչ թէ առաջ: 25Ձեր հայրերուն Եգիպտոսի երկրէն ելած օրէն մինչև այսօր Իմ բոլոր ծառաներս, մարգարէները, ձեզի ղրկեցի. Ամէն օր կանուխ ելլելով կը ղրկէի. 26Ու ինծի մտիկ չըրին և ականջնին չծռեցին, Հապա իրենց պարանոցը խստացուցին, Իրենց հայրերէն աւելի չար եղան: 27Եւ դուն այս բոլոր խօսքերը անոնց պիտի զրուցես, Բայց քեզի մտիկ պիտի չընեն. Զանոնք պիտի կանչես, Բայց քեզի պատասխան պիտի չտան: 28Այն ատեն անոնց ըսես, Իր Տէր Աստուծոյն ձայնը մտիկ չընող Ու խրատ չընդունող ազգը ասիկա է. Ճշմարտութիւնը կորսուեցաւ ու անոնց բերնէն կտրեցաւ:

Մեղսալից գործեր Ենովմի ձորին մէջ

29Մազերդ կտրէ ու նետէ, ով , Եւ բլուրներուն վրայ ողբա. Քանզի Տէրը մերժեց ու երեսէ ձգեց այն ազգը Որու դէմ շատ սրդողեր էր: 30Վասն զի Յուդայի որդիները իմ առջևս չարութիւն գործեցին, կ’ըսէ Տէրը, Իրենց գարշելի բաները իմ անունովս կոչուած տանը մէջ դրին, Որպէս զի զանիկա պղծեն: 31Ու Ենովմի որդւոյն ձորին մէջ եղող Տօփեթի բարձր տեղերը շինեցին` Իրենց տղաքը ու աղջիկները կրակով այրելու համար. Զոր անոնց չհրամայեցի ու միտքէս ալ անցած չէր: 32Ուստի ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը, Որ ալ Տօփեթ կամ Ենովմի որդւոյն ձորը պիտի չըսուի, Հապա Սպանութեան ձոր. Եւ Տօփեթի մէջ մեռելներ պիտի թաղեն մինչև որ ալ տեղ չմնայ*: 33Ու այս ժողովուրդին դիերը Երկինքի թռչուններուն ու երկրի գազաններուն կերակուր պիտի ըլլան, Եւ զանոնք վռնտող մը պիտի չըլլայ: 34Ու Յուդայի քաղաքներէն ու Երուսաղէմի փողոցներէն Ցնծութեան ձայնը և ուրախութեան ձայնը, Փեսային ձայնը ու հարսին ձայնը պիտի դադրեցնեմ, Վասն զի երկիրը ամայի պիտի ըլլայ:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981