Երեմիա մարգարեյի գիրք
8
1Այն ժամանակ, կ’ըսէ Տէրը, Յուդայի թագաւորներուն ոսկորները, Ու անոր իշխաններուն ոսկորները, Եւ քահանաներուն ոսկորները, Ու մարգարէներուն ոսկորները, Ու Երուսաղէմի բնակիչներուն ոսկորները Իրենց գերեզմաններէն պիտի հանեն, 2Եւ պիտի տարածեն զանոնք արևուն առջև ու լուսնին առջև, Ու երկինքի բոլոր զօրքին առջև, Զորոնք սիրեցին, ու անոնց ծառայեցին, Եւ անոնց ետևէն գացին, Ու զանոնք փնտռեցին, և անոնց երկըրպագութիւն ըրին. Անոնք պիտի չժողվուին ու պիտի չթաղուին, Երկրի երեսին վրայ աղբի պէս պիտի ըլլան: 3Եւ մահը կեանքէն աւելի ցանկալի պիտի ըլլայ Այս չար ազգին բոլոր մնացորդներուն, Որոնք մնացեր են այն ամէն տեղերը Ուր զանոնք վռնտեր եմ, կ’ըսէ զօրաց Տէրը:
Մեղք և պատիժ
4Ու անոնց ըսես, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Միթէ անոնք պիտի իյնան ու պիտի չելլե՞ն. Կամ մէկը ճամբայէն կը խոտորի ու ետ չը՞ դառնար. 5Ինչո՞ւ այս Երուսաղէմի ժողովուրդը մշտատև խոտորումով մը խոտորեցաւ. Անոնք նենգութեան յարեցան, դառնալ չուզեցին: 6Ականջ դրի ու մտիկ ըրի, Անոնք շիտակ չեն խօսիր. Մարդ մը չկայ որ իր չարութենէն զղջայ, Ու ըսէ թէ Ի՜նչ գործեցի. Ամէնը իրենց ընթացքին դարձան` Պատերազմի վազող ձիու պէս: 7Արագիլը անգամ օդին մէջ իր որոշ ժամանակը կը գիտէ, Ու տատրակը և կռունկը ու ծիծեռնիկը Իրենց գալուստին ժամանակը կը դիտեն, Բայց իմ ժողովուրդս Տէրոջը դատաստանը չգիտեր: 8Ի՞նչպէս կ’ըսէք թէ Մենք իմաստուն ենք, Ու Տէրոջը օրէնքը մեր քով է. Իրավցընէ ահա դպիրներուն սուտ գրիչը ստութիւն կը գործէ: 9Իմաստունները ամչցան, Անոնք զարհուրեցան ու բռնուեցան, Ահա Տէրոջը խօսքը անարգեցին, Ալ անոնց քով ի՞նչ իմաստութիւն կը մնայ: 10Ուստի անոնց կիները օտարներուն, Անոնց ագարակները անոնց տիրողներու պիտի տամ, Վասն զի պզտիկէն մինչև մեծը, ամէնը ագահութեան ետևէ եղան. Մարգարէէն մինչև քահանան, ամէնը ստութեամբ կը վարուին: 11Եւ իմ ժողովուրդիս աղջկան վէրքը հարևանցի բժշկելով` Խաղաղութիւն, խաղաղութիւն է` կ’ըսեն, Երբ խաղաղութիւն չկայ: 12Միթէ իրենց պղծութիւն ըրած ատենը կ’ամչնա՞ն. Բնաւ չեն ամչնար, Ու պատկառիլ չեն գիտեր. Անոր համար իյնողներուն մէջ պիտի իյնան, Անոնց այցելութիւն եղած ատենը պիտի գլորին, կ’ըսէ Տէրը: 13Զանոնք բոլորովին բնաջինջ պիտի ընեմ, կ’ըսէ Տէրը. Որթին վրայ խաղող պիտի չըլլայ, Եւ թզենիին վրայ թուզ պիտի չըլլայ. Անոնց տերևն ալ պիտի թառամի. Ու անոնց տուածս անոնցմէ պիտի անցնի: 14Մենք ինչո՞ւ կը նստինք. Ժողվուեցէք, ու պարսպաւոր քաղաքներու մէջ մտնենք Եւ հոն լուռ կենանք. Վասն զի մեր Տէր Աստուածը մեզ լռեցուց, Ու մեզի դառնութեան ջուր խմցուց, Քանզի Տէրոջը դէմ մեղք գործեցինք: 15Խաղաղութեան սպասեցինք, բայց բարութիւն չկար. Բժշկութեան ժամանակին սպասեցինք, բայց ահա խռովութիւն եկաւ: 16Անոր ձիերուն փռնչիւնը Դանէ լսուեցաւ. Անոր երիվարներուն խխնջիւնին ձայնէն Բոլոր երկիրը շարժեցաւ. Վասն զի պիտի գան, ու երկիրը և անոր լիութիւնը, Քաղաքը ու անոր բնակիչները պիտի ուտեն: 17Քանզի ահա ես ձեր մէջ օձեր, Քարբեր կը ղրկեմ, որոնց թովչութիւն չազդեր, Եւ ձեզ պիտի խածնեն, կ’ըսէ Տէրը: 18Իմ զուարթութիւնս տրտմութեան փոխուեցաւ, Իմ սիրտս ներսիդիս կը մարի: 19Ահա հեռաւոր երկրէ եկողներուն պատճառաւ` Իմ ժողովուրդիս աղջկան ողբերուն ձայնը. Միթէ Տէրը Սիօնի մէջ չէ՞, Անոր Թագաւորը հոն չէ՞: Ինչո՞ւ իրենց քանդակած կուռքերովը Ու օտարներուն ունայնութիւններովը զիս բարկացուցին: 20Հունձքի ատենը անցաւ, ամառը վերջացաւ, Բայց մենք չփրկուեցանք: 21Իմ ժողովուրդիս աղջկան վէրքին համար վիրաւորուեցայ, Խաւարեցայ ու ապշութիւնը զիս պատեց: 22Միթէ Գաղաադու մէջ բալասան չկա՞յ, Հոն բժիշկ չկա՞յ. Հապա ինչո՞ւ համար իմ ժողովուրդիս աղջիկը բժշկութիւն չգտաւ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981