Երեմիա մարգարեյի գիրք

9

1Երանի՜ թէ գլուխս , Ու աչքերս արցունքի աղբիւր ըլլային, Որպէս զի ցորեկ ու գիշեր լայի Իմ ժողովուրդիս աղջկան սպաննուածներուն համար: 2Երանի՜ թէ անապատի մէջ ճամբորդներու իջևան մը ունենայի, Որպէս զի իմ ժողովուրդս թողուի ու անոնցմէ երթայի. Վասն զի ամէնը շնացողներ են, Ու նենգաւորներու ժողով են. 3Եւ իրենց լեզուները իրենց աղեղներուն պէս կը լարեն ստութեան համար, Բայց ճշմարտութեան համար երկրի վրայ քաջութիւն չունին. Վասն զի չարութենէ չարութիւն կ’երթան, Ու զիս չեն ճանչնար, կ’ըսէ Տէրը: 4Ամէն մարդ թող իր ընկերէն զգուշանայ, Ու բնաւ եղբօրը մը մի ապաւինիք. Վասն զի ամէն խաբէութիւն կը հնարէ. Եւ ամէն ընկեր բանսարկութեան կը պտըտի. 5Ու ամէն մարդ իր ընկերը կը խաբէ, Եւ ճշմարտութիւն չեն խօսիր. Անոնք իրենց լեզուները սուտ խօսելու սորվեցուցած են, Անօրէնութիւն ընելով կը յոգնին: 6Քու բնակարանդ նենգութեան մէջ է. Նենգութեան պատճառաւ զիս ճանչնալ չեն ուզեր, կ’ըսէ Տէրը: 7Անոր համար զօրաց Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ահա զանոնք պիտի հալեցնեմ ու պիտի փորձեմ, Վասն զի իմ ժովուրդիս աղջկան համար ի՞նչպէս ընեմ: 8Անոնց լեզուն մահաբեր նետ է, Նենգութիւն կը խօսի. Բերնովը իր ընկերին հետ խաղաղութիւն կը խօսի, Բայց սրտովը անոր դարան կը պատրաստէ: 9Միթէ այս բաներուն համար անոնց այցելութիւն պիտի չընե՞մ, կ’ըսէ Տէրը, Կամ այսպիսի ազգէ մը իմ հոգիս վրէժ պիտի չառնէ՞: 10Լեռներուն համար լաց ու ողբ, Եւ անապատի արօտներուն համար կոծ պիտի ընեմ. Վասն զի այրեցան, անկէ մարդ չանցնիր, Ու խաշինքներու ձայն չլսուիր. Օդին թռչուններէն մինչև անասունները փախան, գացին: 11Ու Երուսաղէմը աւերակներու դէզեր Եւ չագալներու բնակարան պիտի ընեմ, Ու Յուդայի քաղաքները անբնակ ամայութեան պիտի դարձնեմ: 12Ո՞վ է այն իմաստուն մարդը, որ ասիկա հասկնայ. Եւ անոր` Աստուծոյ բերանը խօսած ըլլայ, որ ասիկա պատմէ, Թէ երկիրը ինչո՛ւ համար աւրուեցաւ Ու այրած անապատի պէս եղաւ, Ուրկէ մարդ չանցնիր: 13Եւ Տէրը ըսաւ, Վասն զի անոնք իմ օրէնքս ձգեցին, Զոր իրենց առջև դրեր էի, Ու իմ ձայնիս մտիկ չընելով` անոր համեմատ չքալեցին, 14Հապա իրենց սրտին կամակորութեանը Եւ հայրերնուն իրենց սորվեցուցած Բահաղիմին ետևէն գացին: 15Անոր համար զօրաց Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես այս ժողովուրդին օշինդր պիտի կերցնեմ, Ու անոնց դառնութեան ջուր պիտի խմցնեմ: 16Եւ զանոնք պիտի ցրուեմ այն ազգերուն մէջ, Զորոնք ոչ իրենք գիտցան, ոչ ալ իրենց հայրերը, Ու անոնց վրայ սուր պիտի ղրկեմ, Մինչև որ զանոնք հատցնեմ:

Երուսաղէմցիները օգնութիւն կը խնդրեն

17Զօրաց Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Մտածեցէք, ու լալկան կիներ կանչեցէք` որ գան, Եւ հանճարեղ կիներուն լուր ղրկեցէք` որ գան, 18Ու մեզի համար շուտով ողբի ձայն վերցնեն, Որպէս զի մեր աչքերը արցունքներ իջեցնեն, Եւ մեր արտևանունքները ջուրեր վազցընեն. 19Քանզի Սիօնէ ողբի ձայն լսուեցաւ, Ի՜նչպէս կործանեցանք, խիստ ամչըցանք, Վասն զի երկիրը թողուցինք, Վասն զի թշնամիները հիմնայատակ ըրին մեր բնակարանները: 20Ուրեմն, ով կիներ, Տէրոջը խօսքը մտիկ ըրէք, Եւ ձեր ականջները անոր բերնին խօսքը թող ընդունին. Ու ձեր աղջիկներուն ողբ սորվեցուցէք, Եւ ամէն իր դրացիին եղերերգութիւն սորվեցնէ: 21Վասն զի մահը մինչև մեր պատուհանները ելաւ, Մեր պալատները մտաւ, Որպէս զի փողոցներէն տղաքները` Ու հրապարակներէն երիտասարդները բնաջինջ ընէ: 22Ըսէ որ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Մարդոց դիակները պիտի իյնան` Արտերու երեսին վրայ եղող աղբին պէս, Կամ հնձողներուն ետևը մնացած խուրձի պէս. Եւ պիտի չըլլայ մէկը որ զանոնք ժողվէ: 23Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Իմաստունը իր իմաստութիւնովը չպարծի, Ու զօրաւորը իր զօրութիւնովը չպարծի, Հարուստը իր հարստութիւնովը չպարծի. 24Հապա ան որ կը պարծի թող ասով պարծի, Որ կը հասկնայ ու զիս կը ճանչնայ, Եւ գիտէ թէ ես եմ Տէրը` Որ երկրի վրայ ողորմութիւն, ու արդարութիւն կ’ընեմ. Քանզի ես ասոնց կը հաճիմ, կ’ըսէ Տէրը: 25Ահա օրեր պիտի գան, կ’ըսէ Տէրը, Որ ամէն թլփատուածներուն ու անթլփատներուն, 26Եգիպտոսի և Յուդայի ու Եդովմի Եւ Ամմոնի որդիներուն ու Մովաբի Ու իրենց մօրուքին ծայրերը կտրող* անապատի բոլոր բնակիչներուն Այցելութիւն պիտի ընեմ. Վասն զի ամէն ազգերը անթլփատ են, Ու բոլոր Իսրայէլի տունը սրտով անթլփատ է:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)