Հոբի գիրք

10

1Հոգիս կեանքէս ձանձրացաւ. Համարձակ պիտի գանգատիմ, Հոգիիս դառնութիւնովը պիտի խօսիմ. 2Պիտի ըսեմ Աստուծոյ, Մի դատապարտեր զիս, Յայտնէ ինծի թէ ի°նչ բանի համար ինծի հետ կը վիճիս. 3Քեզի աղէ՞կ կ’երևնայ որ զիս հարստահարես, Ու քու ձեռքերուդ գործը արհամարհես, Եւ ամբարիշտներուն խորհուրդին լոյս տաս: 4Միթէ դուն մարմնաւո՞ր աչքեր ունիս. Մարդուն տեսածի՞ն պէս կը տեսնես: 5Միթէ քու օրերդ մարդո՞ւն օրերուն պէս են, Քու տարիներդ մարդո՞ւն օրերուն պէս են, 6Որ դուն իմ յանցանքս փնտռես, Ու մեղքս քննես: 7Գիտես որ յանցաւոր չեմ, Բայց չկայ մէկը որ քու ձեռքէդ ազատէ զիս: 8Քու ձեռքերդ զիս ստեղծեցին, Ու իմ բոլոր անդամներս* կազմեցին, Ու զիս բնաջի՞նջ կ’ընես: 9Կ’աղաչեմ, յիշէ որ զիս կաւի պէս շինեցիր, Ու զիս հո՞ղ պիտի դարձնես: 10Չէ՞ որ զիս կաթի պէս թափեցիր, Ու պանիրի պէս թանձրացուցիր. 11Զիս մորթով ու մսով հագուեցուցիր, Ու զիս ոսկորներով ու ջիղերով հինեցիր. 12Ինծի կեանք և ողորմութիւն շնորհեցիր, Եւ քու խնամքդ իմ հոգիս պահեց: 13Ու ասոնք սրտիդ մէջ պահեցիր. Գիտեմ որ ասոնք միտքդ են: 14Եթէ գործեմ, դուն զիս կը դիտես, Ու իմ անօրէնութենէս անմեղ չես համարիր զիս: 15Եթէ ամբարշտութիւն ընեմ, վա՜յ է ինծի, Ու արդար ալ ըլլամ, գլուխս չեմ կրնար վերցնել. Անարգանքով լցուած եմ. Հիմա իմ թշուառութեանս նայէ, 16Որ աւելնալու վրայ է*. Առիւծի պէս զիս կ’որսաս, Եւ դարձեալ իմ վրաս յաղթող կ’ըլլաս. 17Ինծի դէմ վկաներդ կը նորոգես, Ու քու սրտմտութիւնդ իմ վրաս կը շատցնես. Փոփոխութիւններ ու ունիմ: 18Արդ ինչո՞ւ համար զիս արգանդէն հանեցիր. Երանի՜ թէ հոն մեռնէի, ու աչք չտեսնէր զիս, 19Որ չեղածի պէս ըլլայի, Ու մօրս արգանդէն գերեզմանը տարուէի: 20Իմ օրերս սակաւաթիւ չե՞ն. Ետ կեցիր ինծմէ, ու թող տուր որ քիչ մը հանգչիմ` 21Այն տեղը երթալէս առաջ, ուրկէ ետ պիտի չդառնամ, Մութ երկիրը ու մահուան շուքը, 22Այն խիստ մութ երկիրը, մահուան շուքին խաւարը, Ուր տեղ կարգ չկայ, ու լոյսը խաւարի պէս է:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981