Հոբի գիրք

11

1Այն ատեն Սոփար Նաամացի պատասխան տուաւ ու ըսաւ, 2Շատ խօսքերուն պատասխան պիտի չտրուի՞, Ու լեզուանի մարդը կրնա՞յ խօսքով արդարանալ: 3Քու պարապ խօսքերդ մարդիկը պիտի լռեցնե՞ն, Ու երբ դուն ծաղր կ’ընես, պիտի չըլլա՞յ մէկը որ քեզ ամչցնէ: 4Վասն զի դուն ըսիր թէ Իմ խօսքս մաքուր է. Ու քու աչքիդ առջև անարատ եմ: 5Սակայն երանի՜ թէ խօսէր, Ու քեզի դէմ իր շրթունքը բանար, 6Ու քեզի յայտնէր իմաստութեան գաղտնիքը, Որ մարդուս իմացածին կրկինն է: Հիմա գիտցիր որ Աստուած Քու անօրէնութեանդ մէկ մասը անտես կ’ընէ*: 7Աստուծոյ գաղտնիքը կրնա՞ս գտնել. Ամենակարողը կատարելապէս կրնա՞ս իմանալ: 8Անիկա երկինքին պէս բարձր է. ի՞նչ կրնաս ընել. Դժոխքէն խորունկ է. ի՞նչ կրնաս գիտնալ: 9Անոր չափը երկրէ երկայն` Ու ծովէն լայն է: 10Եթէ անիկա յարձակի ու գոցէ կամ ժողվէ, Ո՞վ անոր արգելք պիտի ըլլայ. 11Քանզի ինք ունայն մարդիկը կը ճանչնայ. Ու անօրէնութիւնը տեսնելով` ուշադրութիւն պիտի չընէ՞: 12Բայց անմիտ մարդը կը հպարտանայ, Ու մարդը վայրենի իշու ձագի պէս կը ծնանի: 13Եթէ դուն սիրտդ պատրաստես, Ու ձեռքերդ անոր երկնցնես. 14Եթէ քու ձեռքդ անօրէնութիւն կայ, զանիկա քեզմէ հեռացուր, Ու մի թողուր որ վրաններուդ մէջ անզգամութիւն բնակի: 15Այն ատեն անշուշտ կրնաս պարզերես մնալ. Հաստատ կ’ըլլաս ու բանէ մը չես վախնար: 16Քու թշուառութիւնդ պիտի մոռնաս. Անցած ջուրերու պէս պիտի յիշես զանիկա: 17Ու կեանքդ կէսօրուան լոյսէն պայծառ պիտի ըլլայ*. Թէև խաւարի մէջ ես, առտուան պէս պիտի ըլլաս. 18Եւ ապահով պիտի ըլլաս, վասն զի յոյս կայ քեզի. Պիտի փորես ու ապահովութեամբ քնանաս: 19Եւ պիտի պառկիս, ու վախցնող պիտի չըլլայ. Ու շատերը քու երեսդ պիտի փնտռեն: 20Բայց ամբարիշտներուն աչքերը պիտի նուաղին, Ու անոնց ապաստանարան պիտի չգտնուի, Ու յոյսերնին հոգեվարութիւն պիտի ըլլայ:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981