Հոբի գիրք
12
1Եւ Յոբ պատասխան տուաւ ու ըսաւ, 2Արդարև ժողովուրդը դուք էք, Ու իմաստութիւնը ձեզի հետ պիտի մեռնի: 3Ես ալ ձեզի պէս խելք ունիմ, ես ձեզմէ նուաստ չեմ. Ու այսպիսի բաներ ո՞վ չգիտեր*: 4Իր բարեկամէն ծաղր եղող մարդ մըն եմ ես. Բայց ով որ Աստուծոյ աղաղակէ, Աստուած պատասխան կու տայ անոր. Արդար ու կատարեալ մարդը ծաղր կ’ըլլայ: 5Ոտքը սահելու վրայ եղողը, հանգիստ կեանք վարողին կարծիքին համեմատ, Անպիտան ջահ մըն է: 6Գողերուն վրանները յաջողութեան մէջ են, Ու զԱստուած բարկացնողները ապահով են, Որոնց ձեռքը Աստուած առատութեամբ կը լեցնէ: 7Բայց, աղէ, անասուններուն հարցուր` որպէս զի քեզի սորվեցնեն, Ու երկինքի թռչուններուն` որպէս զի քեզի իմացնեն, 8Կամ թէ երկրի զրուցէ, ու անիկա քեզի պիտի սորվեցնէ. Ծովուն ձուկերը անգամ քեզի պիտի պատմեն. 9Այս ամէն բաներով ո՞վ չգիտեր Թէ ասիկա ընողը Տէրոջը ձեռքն է. 10Որ ամէն ապրողին անձը Ու բոլոր մարդկային մարմնի հոգին անոր ձեռքն է: 11Միթէ ականջը խօսքերը չո՞րոշեր, Ինչպէս քիմքը կերակուրին համը կ’առնէ: 12Իմաստութիւնը ծերերուն քով է, Ու հանճարը` օրերուն շատութեանը մէջ: 13Անոր քով է իմաստութիւնը ու զօրութիւնը. Հանճարը ու իմաստութիւնը Անորն են: 14Ահա Ան կը փլցնէ, ու ալ չշինուիր. Եթէ մէկուն վրայ գոցէ, ալ չբացուիր: 15Ահա Անիկա ջուրերը կ’արգիլէ, ու կը չորնան, Ու զանոնք թող կու տայ, ու երկիրը տակնուվրայ կ’ընեն: 16Զօրութիւնը ու հանճարը անոր հետ են. Խաբուողը ու խաբողը անորն են: 17Խորհրդականները կողոպտուած կը պտըտցնէ, Ու դատաւորները կը յիմարեցնէ: 18Թագաւորներուն իշխանութիւնը կը քակէ, Ու մէջքերնին չուան կը կապէ: 19Նախարարները կողոպտուած կը պտըտցնէ, Ու զօրաւորները կը կործանէ: 20Հաւատարիմներուն շրթունքը կը պապանձեցնէ, Ու ծերերուն խելքը կ’առնէ: 21Ազնուականներուն վրայ անարգութիւն կը թափէ, Ու հզօրներուն գօտին կը թուլցնէ: 22Խորունկ բաները խաւարէն հանելով կը յայտնէ, Ու մահուան ստուերը ի լոյս կը հանէ: 23Ազգերը կը շատցնէ, ու զանոնք կը կորսնցնէ. Ազգերը ասդին անդին կը տարածէ, ու զանոնք ետ կը դարձնէ: 24Երկրի ժողովուրդներուն առաջնորդներուն խելքը կ’առնէ, Ու ճամբայ չունեցող անապատներու մէջ կը մոլորեցնէ զանոնք: 25Անոնք առանց լոյսի մութին մէջ խարխափելով կ’երթան. Ու գինովներու պէս կը մոլորեցնէ զանոնք:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981