Հոբի գիրք
13
1Ահա այս ամէնը իմ աչքս տեսաւ. Ականջս լսեց զանիկա ու իմացաւ: 2Ձեր գիտցածը ես ալ գիտեմ. Ես ձեզմէ նուաստ չեմ: 3Բայց ես Ամենակարողին խօսելու` Ու իմ իրաւունքներս Աստուծոյ ներկայացնելու կը փափաքիմ. 4Սակայն դուք սուտ խօսքեր կը հնարէք. Ամէնդ ալ ունայնութեան բժիշկներ էք: 5Երանի՜ թէ բոլորովին լուռ կենայիք. Եւ այս բանը ձեզի իմաստութիւն պիտի սեպուէր: 6Հիմա իմ վիճաբանութիւնս մտիկ ըրէք, Ու շրթունքներուս փաստերուն ականջ դրէք: 7Աստուծոյ համար անիրաւութի՞ւն կը զրուցէք: Ու անոր համար նենգութի՞ւն կը խօսիք: 8Միթէ աչառութի՞ւն կ’ընէք անոր, Կամ Աստուծոյ փաստը կը պաշտպանէք: 9Աղէ՞կ է որ անիկա ձեզ քննէ. Պիտի խաբէ՞ք զանիկա մարդ խաբելու պէս: 10Եթէ ծածուկ աչառութիւն ալ ընէք, Անշուշտ անիկա պիտի յանդիմանէ ձեզ: 11Միթէ անոր փառքը ձեզ չը՞ վախցներ, Ու անոր ահը ձեր վրայ չի՞յնար: 12Ձեր յիշատակութիւնները մոխիրի առակներ են, Ձեր պատնէշները կաւէ պատնէշներու* պէս են: 13Լռեցէք իմ առջևս, ու ես խօսիմ. Եւ ինչ որ ըլլայ` թող պատահի ինծի: 14Ինչո՞ւ համար մարմինս ակռաներուս մէջ կ’առնեմ, Ու հոգիս ափիս մէջ կը դնեմ: 15Թէև անիկա զիս սպաննէ, ես անոր պիտի յուսամ. Մանաւանդ իմ ճամբաներս անոր առջև պիտի պաշտպանեմ: 16Նաև իմ փրկութիւնս անիկա է. Բայց կեղծաւորը բնաւ անոր առջև պիտի չգայ: 17Աղէկ մտիկ ըրէք իմ խօսքս, Ու իմ ըսելիքս ձեր ականջներուն հասնի: 18Ահա հիմա իմ դատս կարգի դրած եմ, Գիտեմ որ պիտի արդարանամ: 19Ո՞վ ինծի հետ պիտի վիճի. Քանզի եթէ հիմա լռելու ըլլամ, պիտի մեռնիմ: 20Միայն թէ այս երկու բանը մի ըներ ինծի, Ու այն ատեն քու երեսէդ պիտի չպահուըտիմ: 21Ձեռքդ վրայէս վերցուր, Ու քու երկիւղդ զիս չզարհուրեցնէ: 22Ետքը դուն կանչէ, ու ես պատասխան տամ. Կամ թէ ես խօսիմ, ու դուն ինծի պատասխան տուր: 23Ո՞րչափ են իմ անօրէնութիւններս ու մեղքերս. Իմ յանցանքս ու մեղքս ինծի իմացուր: 24Ինչո՞ւ համար երեսդ կը պահես, Ու զիս քեզի թշնամի կը սեպես: 25Հովէն քշուած տերևի՞ մը դէմ ահաւոր պիտի ըլլաս, Կամ թէ չոր մղե՞ղ մը պիտի հալածես. 26Որովհետևդառնութեան վճիռ կու տաս* ինծի, Ու իմ երիտասարդութեանս անօրէնութիւնները ինծի կը ժառանգեցնես. 27Ոտքերս կոճղի մէջ կը դնես, Ու բոլոր ճամբաներս կը զննես, Եւ իմ ոտքերուս շաւիղներուն նշան կը դնես: 28Ու այս մարմինս փտած բանի պէս Ու ցեցէն կերուած լաթի պէս կը մաշի:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981