Հոբի գիրք

14

1Կնոջմէ ծնած մարդը կարճ կեանք ունի. Ու թշուառութիւնով լեցուն է. 2Ծաղիկի պէս կ’ելլէ ու կը կտրուի, Ու շուքի պէս կը փախչի ու չկենար: 3Բայց անո՞ր վրայ ալ աչքերդ կը բանաս, Ու զիս քեզի հետ դատաստանի՞ կը բերես: 4Անմաքուրէն ո՞վ կրնայ մաքուր հանել. Բնաւ մէկը չկրնար: 5Որովհետև անոր օրերը որոշուած են. Անոր ամիսներուն թիւը քու քովդ է. Դուն անոր սահման դրիր, Ու անիկա չկրնար անդին անցնիլ: 6Երեսդ մէկդի դարձուր անկէ, որպէս զի անիկա հանգչի, Մինչև որ վարձկանի պէս իր օրը լմնցնէ: 7Վասն զի եթէ ծառը կտրուի, դեռ յոյս կայ Որ վերստին ծլի ու շառաւիղը պակաս չըլլայ: 8Թէև անոր արմատը երկրին մէջ ծերացած ըլլայ, Ու անոր բունը հողին մէջ մեռած, 9Անիկա ջուրին հոտէն կը ծաղկի, Ու նոր տնկուած ծառի պէս ճիւղեր կ’արձակէ: 10Բայց մարդը կը մեռնի ու կ’երթայ. Մարդը իր հոգին կ’աւանդէ, ու ետքը ո՞ւր տեղ է: 11Ինչպէս ջուրերը ծովէն կը պակսին, Ու գետը կը չորնայ ու կը ցամքի, 12Այսպէս ալ մարդը գետինը կը պառկի ու չելլեր. Մինչև որ ալ երկինք չըլլայ` պիտի չելլեն, Ու իրենց քունէն պիտի չարթննան: 13Երանի¯ թէ մինչև քու բարկութեանդ անցնիլը` Գերեզմանին մէջ ծածկէիր ու պահէիր զիս. Ինծի ժամանակ մը որոշէիր. ու ետքը զիս միտքդ բերէիր: 14Եթէ մարդը մեռնի, պիտի կենդանանա՞յ արդեօք. Պատերազմիս բոլոր օրերը պիտի սպասեմ, Մինչև որ իմ փոխուելու կարգս գայ: 15Պիտի կանչես, ու ես քեզի պատասխան պիտի տամ. Քու ձեռքերուդ գործին պիտի փափաքիս: 16Որովհետև հիմա քայլերս կը համրես, Մեղքս չե՞ս զններ: 17Իմ յանցանքս քսակի մէջ կնքուած է, Ու իմ անօրէնութեանս վրայ կարեցիր: 18Իրաւ որ լեռը իյնալով կը կործանի, Ու ապառաժը իր տեղէն կը փոխադրուի: 19Ջուրերը կը մաշեցնեն քարերը. Իրենց յորդած ժամանակը գետնին հողերը կը քշեն կը տանին. Դուն ալ մարդուն յոյսը այնպէս կը կորսնցնես: 20Դուն բոլորովին յաղթող կ’ըլլաս անոր վրայ, ու անիկա կ’երթայ. Անոր դէմքը փոխելով` զանիկա կը վռնտես: 21Անոր տղաքը պատիւ կունենան, ու ինք չգիտնար. Անոնք անարգ կ’ըլլան, ու ինք անոնց վիճակը չիմանար: 22Միայն թէ իր վրայի մարմինը ցաւ պիտի կրէ, Ու իր հոգին պիտի տրտմի իր ներսիդին: (15:1-21:34)

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981