Հոբի գիրք
15
Երկրորդ խօսակցութիւն
1Այ ատեն Եղիփազ Թեմանացի պատասխան տուաւ ու ըսաւ, 2Միթէ իմաստուն մարդը հովի պէս խօսքերով պատասխան պիտի տա՞յ, Ու իր փորը արևելեան հովով պիտի լեցնէ՞. 3Պարապ խօսքերով պիտի վիճաբանի՞, Ու այնպիսի զրոյցներով` որոնք օգուտ մը չունին: 4Մանաւանդ դուն երկիւղը կը խափանես. Ու Աստուծոյ մատուցուելու աղօթքը կ’արգիլես: 5Որովհետև բերանդ քու անօրէնութիւնդ կը ցուցնէ, Ու նենգաւորներուն լեզուն ընտրեցիր: 6Քու բերանդ քեզ պիտի դատապարտէ, ու ոչ թէ ես, Եւ քու շրթունքներդ քեզի դէմ պիտի վկայեն: 7Առաջին ծնած մարդը դո՞ւն ես. Կամ բլուրներէն առա՞ջ ստեղծուեցար: 8Աստուծոյ գաղտնիքներուն ունկնդիր եղա՞ր. Եւ իմաստութիւնը միայն քեզի՞ պահեցիր: 9Ի՞նչ գիտես դուն, զոր մենք չենք գիտեր. Ի՞նչ բանի տեղեկութիւն ունիս, զոր մենք չունինք: 10Մեր մէջ ճերմակ մազերով Ու խիստ ծեր մարդիկ ալ կան, Որոնք տարիքով քու հօրմէդ աւելի մեծ են: 11Միթէ քի՞չ կը թուին քեզի Աստուծոյ մխիթարութիւնները, Ու քեզի ըսուած մեղմ խօսքերը: 12Քու սիրտդ ո՞ւր կը տանի քեզ, Ու աչքերդ ի՞նչ բանի կ’ակնարկեն, 13Որ հոգիդ Աստուծոյ դէմ դարձնելով` Բերնէդ այսպիսի խօսքեր կը հանես: 14Մարդը ի՞նչ է` որ մաքուր ըլլայ, Ու կնոջմէ ծնածը` որ արդարանայ: 15Ահա Աստուած իր սուրբերուն չհաւատար, Ու երկինք անոր աչքերուն առջև մաքուր չէ. 16Ո՞ւր կը մնայ գարշելի ու պիղծ մարդը, Որ անօրէնութիւնը ջուրի պէս կը խմէ: 17Քեզի իմացնեմ, մտիկ ըրէ ինծի, Ու տեսածս պատմեմ քեզի. 18Ինչ որ իմաստունները յայտնեցին, Ու բնաւ չծածկեցին իրենց հայրերէն առածնին: 19(Երկիր անոնց միայն տրուեցաւ, Ու անոնց մէջէն օտարական մը չանցաւ:) 20Չարը իր բոլոր օրերուն մէջ տանջանք կը կրէ, Ու բռնաւորին քիչ տարիներ պահուած են. 21Վախերու ձայնը անոր ականջն է. Խաղաղութեան մէջ անոր վրայ կործանիչը պիտի գայ. 22Չհաւատար որ մութէն պիտի ելլէ, Ու անիկա սուրի պահուած է: 23Հացը ո՞ւր է ըսելով` թափառական կը պտըտի. Գիտէ որ մութ օրը պատրաստ է և իր ձեռքն է: 24Նեղութիւնը ու տառապանքը զանիկա կը վախցնեն, Ու պատերազմի պատրաստուած թագաւորի պէս անոր վրայ յաղթող կ’ըլլան: 25Վասն զի Աստուծոյ դէմ ձեռք վերցուց, Ու Ամենակարողին դէմ հպարտացաւ: 26Անոր վրայ կը յարձակի գոռոզութեամբ, Ու իր ասպարներուն թանձր գմբեթներովը, 27Որովհետև իր երեսը ճարպով ծածկեց, Ու երիկամունքները պարարտութիւնով գոցեց: 28Եւ անիկա աւերակ քաղաքներու մէջ բնակեցաւ, Ու կործանելու մօտեցած անշէն տուներու մէջ: 29Անիկա պիտի չհարստանայ, Անոր ստացուածքները հաստատ պիտի չըլլան, Ու անոնց շատութիւնը երկրի վրայ պիտի չտարածուի: 30Մութէն պիտի չդառնայ. Բոցը պիտի չորցնէ անոր ճիւղերը, Ու Աստուծոյ բերնին շունչովը պիտի ոչնչանայ: 31Խաբուելով ունայնութեան չվստահի, Վասն զի անոր փոխարէնը ունայնութիւն պիտի ըլլայ: 32Օրերը չլմնցած պիտի կտրուի, Ու ճիւղերը նորէն պիտի չկանանչին. 33Որթի պէս իր ազոխը պիտի թափէ, Ու ձիթենիի պէս իր ծաղիկները պիտի թօթափէ: 34Վասն զի կեղծաւորներուն ժողովը ամայի պիտի ըլլայ, Ու կաշառք առնողներուն վրանները կրակը պիտի այրէ: 35Անոնք թշուառութիւն կը յղանան, անօրէնութիւն կը ծնանին, Ու սիրտերնին խաբէութիւն կը պատրաստէ: