Հոբի գիրք
16
1Եւ Յոբ պատասխան տուաւ ու ըսաւ, 2Ես ասոնց պէս շատ բաներ լսած եմ. Ամէնդ ալ ձանձրութիւն տուող մխիթարիչներ էք: 3Դատարկ խօսքերը ծայր ունի՞ն. Եթէ ոչ` ի՞նչ բանէ դրդուած պատասխան կու տաս: 4Ես ալ ձեզի պէս կրնայի խօսիլ. Եթէ ձեր անձը իմ անձիս տեղը ըլլար, Կրնայի ձեզի դէմ խօսքեր դիզել, Ու ձեզի դէմ գլուխս երերցնել: 5Սակայն իմ բերնովս ձեզ կը զօրացնէի, Ու շրթունքներուս շարժումը ձեր տրտմութիւնը կը փարատէր: 6Եթէ խօսիմ` տրտմութիւնս չփարատիր, Եւ եթէ լռեմ` ի՞նչ կը պակսի ինծմէ: 7Բայց հիմա զիս յոգնեցուց. Բոլոր տունս ամայի ըրիր. 8Նաև զիս բռնեցիր, ու ասիկա ինծի դէմ վկայութիւն մըն է. Ու իմ նիհարութիւնս ինծի դէմ ելլելով` երեսիս վրայ վկայութիւն կ’ընէ: 9Անոր բարկութիւնը զիս պատռեց, ու ինծի թշնամի եղաւ, Ակռաները իմ վրաս կրճտեց. Թշնամիս սուր աչքերով ինծի նայեցաւ: 10Բերաննին վրաս բացին, Ու զիս նախատելու համար ծնօտներուս ապտակ զարկին. Մէկտեղ վրաս ժողվուեցան: 11Աստուած զիս ամբարշտին յանձնեց, Ու անօրէններուն ձեռքը ձգեց: 12Հանգիստ էի, ու զիս ճնշեց, Ու վիզէս բռնելով` զիս ջախջախեց, Ու զիս իրեն նշան դրաւ: 13Անոր աղեղնաւորները իմ բոլորտիքս առին. Երիկամունքներս կը խոցէ, ու ինծի չխնայեր. Լեղիս գետինը կը թափէ: 14Կոտորածի վրայ կոտորած ընելով զիս կոտրեց, Իմ վրաս զօրաւորի մը պէս յարձակեցաւ: 15Մորթիս վրայ քուրձ կարեցի, Ու եղջիւրս հողով աղտոտեցի: 16Երեսս լալէն ուռեցաւ, Ու աչքիս թարթիչներուն վրայ մահուան շուք կայ. 17Թէև ձեռքերուս մէջ անօրէնութիւն չկայ, Ու աղօթքս մաքուր է: 18Ո՜վ երկիր, իմ արիւնս մի ծածկեր, Ու աղաղակիս տեղ չըլլայ: 19Հիմա ալ ահա իմ վկաս երկինքին մէջ է, Ու փաստաբանս բարձր տեղերն է: 20Զիս ծաղր ընողները իմ բարեկամներս են. Աչքերս Աստուծոյ առջև արցունք կը թափեն: 21Երանի՜ թէ մարդ կարենար Աստուծոյ հետ վիճաբանիլ, Ինչպէս մարդ իր ընկերին հետ: 22Վասն զի քիչ տարիներ անցնելէն ետքը` Այնպիսի ճամբայ մը պիտի երթամ, ուրկէ ա°լ պիտի չդառնամ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981