Հոբի գիրք
17
1Շունչս կը նուազի, օրերս կը մարին, Գերեզմանը ինծի կը սպասէ: 2Չէ՞ որ ծաղր ընողներ կան իմ քովս, Ու աչքս անոնց վիճմունքովը գիշերը կ’անցնէ: 3Աղէ, քու քովդ ինծի երաշխաւոր մը դիր. Ո՞վ կայ որ իմ ձեռքս բռնէ: 4Վասն զի դուն իմաստութիւնը անոնց սրտէն ծածկեցիր, Անոր համար պիտի չբարձրացնես զանոնք: 5Ով որ իր բարեկամները կողոպտուելու կը մատնէ*, Անոր տղոցը աչքերը պիտի նուաղին: 6Զիս ժողովուրդներուն առակ ըրաւ. Անոնց առջև զզուելի եղայ: 7Նաև աչքերս տրտմութենէն շլացան, Ու մարմնիս բոլոր անդամները շուքի պէս եղան: 8Ուղիղները այս բանին վրայ պիտի զարմանան, Ու անմեղները պիտի արթննան կեղծաւորին դէմ: 9Ու արդարը հաստատ պիտի կենայ իր ճամբուն մէջ, Եւ մաքուր ձեռք ունեցողը երթալով պիտի զօրանայ: 10Բայց դուք ամէնդ ալ դարձէք ու եկէք, Վասն զի ձեր մէջ իմաստուն չեմ գտներ: 11Իմ օրերս անցան, Իմ դիտաւորութիւններս ու սրտիս խորհուրդները խափանեցան: 12Գիշերը ցորեկի փոխուեցաւ, Ու լոյսը խաւարին մօտեցաւ*: 13Միայն գերեզմանին կը սպասեմ, որ իմ տունս պիտի ըլլայ. Անկողինս մթութեան մէջ փռեցի: 14Ապականութեան աղաղակեցի` ըսելով,Դուն իմ հայրս ես, Եւ որդերուն` Դուք իմ մայրս ու քոյրս եք: 15Եւ հիմա ո՞ւր է իմ յոյսս. Իմ յոյսս ո՞վ պիտի տեսնէ: 16Գերեզմանին առանձնութեանը մէջ պիտի իջնէ, Երբ մէկտեղ հողին մէջ հանգստանանք:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981