Հոբի գիրք
18
1Այն ատեն Բաղդատ Սօքեցի պատասխան տուաւ ու ըսաւ, 2Ե՞րբ այդ խօսքերը պիտի հատցնէք. Հասկցէք, ու անկէ ետքը խօսինք: 3Ինչո՞ւ համար անասուններու պէս համարուինք, Ու աչքերնուդ առջև անմաքուր սեպուինք: 4(Իր բարկութիւնովը զինք կը պատառէ.) Միթէ երկիր քեզի համար երեսի վրայ պիտի ձգուի՞, Ու ապառաժը իր տեղէն պիտի փոխադրուի՞: 5Անշուշտ ամբարշտին լոյսը պիտի մարի, Ու անոր կրակին բոցը լոյս պիտի չտայ. 6Անոր վրանին մէջ լոյսը պիտի խաւարի, Ու անոր ճրագը անոր վրայ պիտի մարի: 7Անոր զօրութեանը քայլերը նեղութիւն պիտի կրեն, Ու անոր խորհուրդը զանիկա գետինը պիտի զարնէ: 8Վասն զի իր ոտքերովը ուռկանի մէջ պիտի բռնուի, Ու ցանցի վրայ պիտի քալէ: 9Վարմը անոր գարշապարը պիտի բռնէ, Ու աւարառուն անոր պիտի յաղթէ: 10Անոր համար գետնին մէջ թակարդ պահուած է, Ու անոր ճամբուն վրայ որոգայթ: 11Արհաւիրքը զանիկա ամէն կողմէն պիտի պաշարէ, Ու զանիկա իր ոտքերովը ասդին անդին պիտի վազցնէ: 12Անոր զօրութիւնը պիտի անօթենայ, Ու կորուստը անոր քով պատրաստ է, 13Որ անոր մորթին ոյժը պիտի ուտէ. Մահուան առջինեկը պիտի ուտէ անոր ոյժը: 14Անոր վստահութիւնը իր վրանէն պիտի կտրուի. Ու անիկա դէպ ի զարհուրանաց թագաւորը պիտի քշուի: 15Անոր վրանին մէջ զարհուրանք պիտի բնակի, որ այնուհետև իրը պիտի չըլլայ. Ու անոր բնակարանին վրայ ծծումբ պիտի ցանուի: 16Անոր արմատները տակէն պիտի չորնան, Ու վերէն ճիւղերը պիտի կտրուին: 17Անոր յիշատակը երկրէ պիտի կորսուի, Ու անոր անունը հրապարակներուն մէջ պիտի չզրուցուի: 18Անիկա լոյսէն խաւարը պիտի քշուի, Ու անիկա աշխարհէ պիտի վռնտուի: 19Իր ժողովուրդին մէջ ոչ զաւակ պիտի ունենայ և ոչ թոռ, Ու անոր բնակութիւններուն մէջ մէ°կը պիտի չմնայ: 20Յետինները անոր օրուանը վրայ պիտի զարմանան, Ու առաջինները պիտի սոսկան: 21Արդարև ամբարշտին բնակարանները այսպէս պիտի ըլլան, Ու զԱստուած չճանչցողին տեղը այսպէս է:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981