Հոբի գիրք
20
1Այն ատեն Սոփար Նաամացի պատասխան տուաւ ու ըսաւ, 2Ասոր համար իմ խորհուրդներս ինծի պատասխանել կու տան, Ու ասոր համար կ’արտորամ: 3Զիս խայտառակող յանդիմանութիւնը լսեցի, Բայց իմ հոգիս ունեցած իմաստութենէս պատասխան տալ կը ստիպէ զիս: 4Դուն ասիկա գիտե՞ս` որ ի յաւիտենից Մարդուս երկրի վրայ դրուելէն ի վեր, 5Անզգամին յաղթանակը քիչ ժամանակ կը տևէ, Ու կեղծաւորին ուրախութիւնը մէկ վայրկեանի համար է: 6Թէև անոր փառաւորութիւնը մինչև երկինք ելլէ, Ու գլուխը ամպերուն հասնի, 7Իր աղբին պէս յաւիտեան պիտի ոչնչանայ Ու զինք տեսնողները պիտի ըսեն, Ո՞ւր է անիկա: 8Երազի պէս պիտի թռչի ու պիտի չգտնուի. Ու գիշերուան ցնորքի պէս պիտի փախչի: 9Զանիկա տեսնող աչքը ա՛լ պիտի չտեսնէ. Ու անոր բնակած տեղը ա՛լ պիտի չնայի անոր: 10Անոր զաւակները աղքատներէն շնորհք պիտի խնդրեն*, Ու անոր ձեռքերը իր յափշտակածը ետ պիտի տան. 11Անոր ոսկորները իր երիտասարդութեան մեղքերուն պատիժովը լեցուն են. Ու անոր հետ հողին մէջ պիտի պառկին: 12Եթէ անզգամութիւնը անոր բերնին մէջ քաղցր է, Ու եթէ իր լեզուին տակ կը պահէ զանիկա, 13Եթէ զանիկա խնայէ ու չձգէ, Ու իր քիմքին մէջ պահէ զանիկա, 14Կերակուրը անոր աղիքներուն մէջ պիտի փոխուի, Անոր ներսիդին քարբի լեղի պիտի ըլլայ: 15Անիկա հարստութիւններ կուլ տուաւ, բայց պիտի փսխէ զանոնք. Ու Աստուած անոր փորէն դուրս պիտի հանէ զանոնք: 16Անիկա քարբին թոյնը պիտի ծծէ Ու զանիկա իժի լեզուն պիտի մեռցնէ: 17Անիկա պիտի չտեսնէ վտակները, Մեղրի ու կոգիի հեղեղներուն գետերը. 18Իր աշխատանքով վաստկածը ետ պիտի տայ ու պիտի չկլլէ, Ու ետ տուածը իր հարստութեանը չափ պիտի ըլլայ, Ու անոր վրայ պիտի չուրախանայ: 19Որովհետև աղքատները ճնշեց ու երեսի վրայ թողուց, Ու իր չշինած տունը յափշտակեց. 20Անշուշտ իր ներսիդին խաղաղութիւն պիտի չզգայ, Ու ցանկացածը պիտի չկրնայ ազատել: 21Անոր ուտելու բան մը պիտի չմնայ, Անոր համար անոր յաջողութիւնը հաստատ պիտի չըլլայ: 22Առատութեամբ լեցուն եղած ժամանակն ալ նեղութեան մէջ պիտի ըլլայ. Թշուառութեան մէջ եղողներուն ամէն հարուածը անոր վրայ պիտի գայ: 23Երբ փորը կշտացնելու վրայ կ’ըլլայ, Աստուած իր սաստիկ բարկութիւնը անոր վրայ պիտի ղրկէ, Ու անձրևի պէս անոր վրայ պիտի թափէ` կերակուր ուտելու ատենը: 24Երկաթէ զէնքին առջևէն փախած ատենը Պղնձէ աղեղը զանիկա պիտի խոցէ: 25Անոր դէմ արձակուածը մարմինը պիտի թափանցէ, Ու փայլուն տէգը անոր մաղձէն պիտի ելլէ. Անոր վրայ արհաւիրք պիտի գայ: 26Բոլոր խաւարը անոր գաղտուկ տեղերը պիտի պահուի. Չփչուած կրակը զանիկա պիտի լափէ. Անոր վրայ մնացողը ապերջանիկ պիտի ըլլայ*: 27Երկինք անոր յանցանքը պիտի յայտնէ, Երկիր ալ անոր դէմ պիտի ելլէ: 28Անոր տանը եկամուտը պիտի յափշտակուի, Ամէն բան պիտի անցնի Աստուծոյ բարկութեան օրը: 29Ասիկա է ամբարիշտ մարդուն բաժինը զոր Աստուծմէ պիտի առնէ, Եւ ասիկա է այն ժառանգութիւնը զոր Աստուած անոր համար սահմաներ է:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981