Հոբի գիրք
21
1Եւ Յոբ պատասխան տուաւ ու ըսաւ, 2Խօսքս աղէկ մտիկ ըրէք, Ու այս ըլլայ ձեր մխիթարութիւնը: 3Ինծի համբերեցէք ու ես խօսիմ, Ու խօսելէս ետքը ծաղր ըրէք: 4Միթէ ես մարդո՞ւ հետ կը վիճիմ. Եւ ինչո՞ւ համար հոգիս չտրտմի: 5Ինծի նայեցէք ու ապշեցէք, Ու բերաննուդ վրայ ձեռք դրէք: 6Այս բաները մտածելով կը զարհուրիմ, Ու մարմինս կը սկսի դողալ: 7Ամբարիշտները ինչո՞ւ կ’ապրին. Կը ծերանան ու խիստ կ’ուժովնան: 8Անոնց սերունդը իրենց հետ կը հաստատուի իրենց առջև. Եւ անոնց զաւակները աչքերնուն առջև: 9Տուներնին խաղաղութեան մէջ է ու վախէ ազատ, Եւ Աստուծոյ գաւազանը անոնց վրայ չէ: 10Անոնց ցուլը կը զուգաւորուի ու դատարկը չելլեր. Կովը իր որթը կը ծնանի ու չվիժեր: 11Իրենց պզտիկները ոչխարի հօտի պէս կը հանեն. Ու անոնց տղաքը ուրախութեամբ կը ցաթկտեն. 12Թմբուկով ու քնարով ձայն կը վերցնեն, Ու սրինգին ձայնովը ուրախ կ’ըլլան: 13Անոնք օրերնին զուարճութիւնով կ’անցնեն, Ու մէկ վայրկեանի մէջ գերեզմանը կ’իջնեն: 14Եւ Աստուծոյ կ’ըսեն, Քաշուէ մեզմէ, Վասն զի քու ճամբաներդ գիտնալ չենք ուզեր. 15Ամենակարողը ո՞վ է, որ անոր ծառայենք. Ու եթէ անոր աղօթք ընենք, ի՞նչ օգուտ պիտի ունենանք: 16Ահա անոնց բարիքը ձեռքերնին չէ. Ամբարշտին խորհուրդը ինծմէ հեռու ըլլայ: 17Ամբարիշտներուն ճրագը քանի՜ անգամ կը մարի, Ու տառապանքը անոնց վրայ կու գայ Աստուած իր բարկութիւնովը անոնց ցաւեր կը բաժնէ: 18Հովին առջև եղած յարդին պէս Ու մրրիկին յափշտակած շիւղին պէս կ’ըլլան: 19Աստուած անոր անիրաւութիւնը անոր որդիներուն կը պահէ. Անոր փախարէն պիտի հատուցանէ, ու ան ալ պիտի գիտնայ: 20Անոր աչքերը իր կորուստը պիտի տեսնեն, Ու Ամենակարողին բարկութենէն պիտի խմէ: 21Անիկա ի՞նչ զուարճութիւն պիտի ունենայ իրմէ ետքը մնացած տունէն, Որովհետև իր ամիսներուն թիւը կիսուած է: 22Միթէ Աստուծոյ գիտութիւն սորվեցնել հնար է, Անոր` որ բարձրերը կը դատէ: 23Մէկը կը մեռնի իր առուգութեանը մէջ Բոլորովին հանդարտ և հանգիստ. 24Անոր քովերը ճարպով* լեցուն են, Ու ոսկորներուն ծուծը թարմ է. 25Ու մէկ ուրիշը կը մեռնի հոգիի ցաւով Ու առանց բարիքով կշտանալու. 26Սակայն երկուքը մէկտեղ հողին մէջ կը պառկին, Ու որդերը կը ծածկեն զանոնք: 27Ահա գիտեմ ձեր խորհուրդները, Ու ինծի դէմ հնարած անիրաւութիւնները: 28Վասն զի կ’ըսէք, Ո՞ւր է նախարարին տունը, Եւ ո՞ւր է ամբարիշտներուն բնակած վրանը: 29Ճամբորդներուն չհարցուցի՞ք, Ու անոնց նշանները չէ՞ք հասկնար: 30Վասն զի չարը կորստեան օրուան կը պահուի, Ու բարկութեան օրուան կը տարուի: 31Անոր երեսին դէմ ո՞վ պիտի յանդիմանէ անոր ճամբան. Եւ անոր ըրածին փոխարէնը ո՞վ անոր պիտի հատուցանէ: 32Բայց ան ալ գերեզմանը պիտի տարուի, Ու տապանին մէջ պիտի մնայ: 33Ձորին հողի կուշտերը անոր անոյշ պիտի գան, Ու ամէն մարդ անոր ետևէն պիտի երթայ. Իսկ անոր առջևէն գացողներուն հաշիւը չկայ: 34Ուրեմն ի՞նչպէս փուճ մխիթարութիւններ կու տաք ինծի. Որովհետև ձեր պատասխաններուն մէջ ստութիւն կայ: (22:1-27:33)
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981