Հոբի գիրք

22

Երրորդ խօսակցութիւն

1Այն ատեն Եղիփազ Թեմանացի պատասխան տալով` ըսաւ, 2Միթէ մարդը կրնա՞յ Աստուծոյ օգտակար ըլլալ. Խելացի մարդը միայն իրեն օգուտ կ’ընէ: 3Ամենակարողին հաճութիւն մը կ’ըլլա՞յ եթէ արդար ըլլաս, Կամ շահ մը` եթէ քու ճամբաներդ շիտկես: 4Միթէ քեզմէ վախնալով քեզի հետ վիճաբանութիւն կ’ընէ՞. Քեզի հետ դատաստանի կը մտնէ՞: 5Չէ՞ որ քու անզգամութիւնդ մեծ է, Ու անօրէնութիւններդ անհամար են: 6Որովհետև եղբայրներէդ առանց պատճառի գրաւ առիր, Ու մերկերուն հանդերձները յափշտակեցիր. 7Ծարւածին չխմցուցիր Ու հացը անօթիէն խնայեցիր. 8Բայց զօրաւորինն էր, Ու անոր մէջ պատուաւորը կը բնակէր: 9Որբևարի կիները դատարկ ղրկեցիր, Ու որբերուն թևերը կոտրեցան: 10Անոր համար քու բոլորտիքդ որոգայթներ լարուած են, Ու յանկարծահաս վախը քեզ կը զարհուրեցնէ: 11Կամ այնպիսի խաւար մը քեզ պատեր է` որ չես կրնար տեսնել. Ու ջուրերուն շատութիւնը քեզ կը ծածկէ: 12 երկինքին խիստ բարձր տեղը չէ՞. Հիմա աստղերուն բարձրութեանը նայէ, ո՜րչափ բարձր են: 13Ու դուն ըսիր, Ի՞նչ գիտէ Աստուած, Մառախուղին մէջէն դատաստա՞ն պիտի ընէ. 14Ամպերը անոր առջև ծածկոյթ են, ու չտեսներ. Եւ անիկա երկինքի կամարին վրայ կը պտըտի: 15Ուշադրութիւն ըրի՞ր* այն հին ճամբային*, Որ անօրէն մարդիկը պտըտեցան. 16Որոնք յանկարծակի յափշտակուեցան, Որոնց հիմերը հեղեղը ընկղմեց: 17Անոնք կ’ըսէին Աստուծոյ, Հեռացիր մեզմէ. Ու Ամենակարողը մեզի ի՞նչ պիտի ընէ. 18Թէև անոնց տունը բարութիւնով լեցուցեր էր. Անզգամներուն խորհուրդը ինծմէ հեռու ըլլայ: 19Արդարները պիտի տեսնեն և ուրախ ըլլան, Եւ անմեղները զանոնք ծաղր պիտի ընեն` ըսելով, 20Մեր թշնամիները կորսուած չե՞ն, Ու անոնց մնացորդը կրակը չկերա՞ւ: 21Աղէ, Անոր հետ բարեկամ եղիր, ու խաղաղութիւն ունեցիր. Ու ասկէ քեզի օգուտ կ’ըլլայ: 22Անոր բերնէն օրէնքը ընդունէ, Ու անոր խօսքերը սիրտդ դիր: 23Եթէ Ամենակարողին դառնաս, դուն պիտի հաստատուիս. Անօրէնութիւնը քու վրաններէդ հեռացուր. 24Ու ոսկին հողին վրայ պիտի դնես, Ու Ոփիրի ոսկին` հեղեղատներու քարերուն վրայ. 25Եւ Ամենակարողը քու ոսկիդ ըլլալով` Քու զօրութեանդ արծաթը պիտի ըլլայ: 26Վասն զի այն ատեն Ամենակարողէն ուրախութիւն պիտի ունենաս Ու երեսդ դէպ ի Աստուած պիտի վերցնես. 27Անոր պիտի աղաչես, ու քեզի պիտի լսէ. Եւ քու ուխտերդ պիտի կատարես: 28Եթէ դիտաւորութիւն մը ունենաս` քեզի պիտի յաջողի, Ու ճամբաներուդ վրայ լոյս պիտի ճառագայթէ: 29Երբ մէկը ցածնայ, ու դուն ըսես Թող բարձրանայ*, Այն ատեն պիտի ազատէ զանիկա՝ որ աչքերով խոնարհած էր: 30Անմեղ չեղողն ալ պիտի ազատէ, Ու քու ձեռքերուդ մաքրութիւնովը պիտի ազատուի:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)