Հոբի գիրք
23
1Եւ Յոբ պատասխան տուաւ ու ըսաւ, 2Այսօր ալ իմ գանգատս դառն է, Հարուածս հառաչանքէս ծանր է: 3Երանի¯ թէ կարող ըլլայի գտնել զանիկա, Մինչև անոր աթոռը կ’երթայի. 4Իմ դատս անոր առջև կը տարածէի, Ու բերանս փաստերով կը լեցնէի: 5Կը գիտնայի թէ ինծի ի՛նչ պատասխան կու տար, Ու կը լսէի ինչ որ ինծի կ’ըսէր: 6Միթէ ուժին շատութիւնովը ինծի հետ պիտի վիճէ՞ր. ոչ. Հապա ինք զիս պիտի զօրացնէր: 7Ուղիղ մարդը հոն կրնայ վիճաբանիլ անոր հետ. Ու ես յաւիտեան իմ Դատաւորէս կ’ազատուէի: 8Բայց ահա դէպ ի արևելք կ’երթամ, ու անիկա չերևնար, Եւ դէպ ի արևմուտք` ու զանիկա չեմ նշմարեր. 9Դէպ ի հիւսիս կ’երթամ, ուր ինք կը գործէ, Բայց զանիկա չեմ կրնար դիտել. Հարաւային կողմը կը պահուի, Ու չեմ կրնար տեսնել զանիկա: 10Իսկ անիկա գիտէ իմ ճամբաս. Երբ զիս փորձէ, ոսկիի պէս պիտի ելլեմ: 11Ոտքս անոր քայլերուն վրայ հաստատուեցաւ, Անոր ճամբան պահելով` չմոլորեցայ: 12Անոր շրթունքներուն պատուիրանքներէն չզատուեցայ. Անոր բերնին խօսքերը իմ պիտոյքէս աւելի պահեցի: 13Բայց անիկա մէկ միտքի վրայ է, Եւ ո՞վ կրնայ զանիկա դարձնել. Ու սրտին ուզածը կ’ընէ: 14Ուրեմն ինծի համար սահմանուածը պիտի կատարէ. Ու ասոր պէս շատ բաներ կան անոր քով: 15Անոր համար անոր ներկայութենէն կը շփոթիմ, Ու երբ կը մտածեմ, անկէ կը վախնամ: 16Վասն զի Աստուած սիրտս կը կակուղցնէ, Ու Ամենակարողը զիս կը շփոթէ, 17Որովհետև ես թշուառութեան խաւարէն առաջ չմեռայ, Ու մութը առջևէս չծածկեց:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981