Հոբի գիրք
24
1Քանի որ Ամենակարողէն պահուած չեն ժամանակները, Ի՞նչպէս զանիկա ճանչցողները անոր օրերը չեն տեսներ: 2Չարերը սահմաններ կը փոխեն, Հօտեր կը յափշտակեն ու զանոնք կ’արածեն. 3Որբերուն էշերը կ’առնեն կը տանին, Որբևարիին եզը գրաւ կ’առնեն. 4Աղքատները ճամբայէն կը մոլորցնեն, Ու երկրի տնանկները մէկտեղ կը պահուին: 5Ահա անոնք անապատի վայրենի էշերուն պէս իրենց գործին կ’ելլեն, Կանուխ որս փնտռելու կ’երթան. Անապատը անոնց տղոցը հաց կու տայ: 6Իրենցը չեղած արտը կը հնձեն, Ու անիրաւութեամբ այգի կ’աւրեն: 7Գիշերը առանց հանդերձի կը պառկեցնեն մերկը, Ու ցուրտ ժամանակին առանց ծածկոցի կը թողուն: 8Անոնք լեռներուն սաստիկ անձրևներէն կը թրջուին, Ու ապաստանարան մը չունենալնուն համար ժայռերը կը գրկեն: 9Որբը ծիծէն կը փրցնեն, Ու աղքատէն գրաւ կ’առնեն: 10Մերկերը առանց հանդերձի կը պտըտցնեն, Ու անօթիները անոնց ցորենի խուրձերը կը կրեն: 11Իրենց պատերուն մէջ իւղ հանողները Ու հնձաններուն մէջ գինի կոխողները ծարաւ կը մնան: 12Քաղաքին մէջէն մարդիկ կը հեծեն, Ու վիրաւորուածներուն հոգին կ’աղաղակէ. Բայց Աստուած անոնց ըրածը անզգամութիւն չհամարիր: 13Անոնք լոյսին դէմ կեցողներէն են, Անոր ճամբաները չեն գիտեր, Ու անոր շաւիղներուն մէջ չեն կենար: 14Մարդասպանը լուսնալուն պէս կ’ելլէ, Աղքատը ու տնանկը կը սպաննէ, Ու գիշերը գողի պէս կ’ըլլայ: 15Շնացողին աչքն ալ իրիկուան մութին կը սպասէ` ըսելով. Զիս աչք չտեսնէ. ու երեսին ծածկոց կը դնէ: 16Մութ ատեն կը ծակեն այն տուները` Որոնց վրայ ցորեկուընէ նշան դրած են. Անոնք լոյսը չեն ճանչնար. 17Վասն զի առտուան լոյսը մահուան շուքի պէս է անոնց, Որովհետև մահուան շուքին երկիւղներուն սորված են: 18Անիկա ջուրին երեսին վրայ թեթև է. Անոնց բաժինը երկրի վրայ անիծեալ է, Ու այգիներուն ճամբան չդառնար: 19Չորութիւնը ու տաքութիւնը ձիւնին ջուրը կը հատցնեն, Ու գերեզմանը` մեղք գործողները: 20Որովայնը զանիկա պիտի մոռնայ. Որդերը պիտի ուտեն զանիկա անոյշ բանի պէս. Ալ անիկա պիտի չյիշուի. Ամբարշտութիւնը ծառի մը պէս պիտի կոտրուի: 21Անիկա զաւակ չծնանող ամուլը կը չարչարէ, Ու որբևարիին աղէկութիւն չըներ: 22Անիկա իր ուժովը զօրաւորներն ալ վար կը քաշէ. Իսկ երբ ելլէ, մէկո՛ւն կեանքը ապահով չէ: 23Աստուած անոր ապահովութիւն կու տայ, որպէս զի անոր վստահի, Բայց իր աչքերը անոնց ճամբաներուն վրայ են: 24Քիչ մը բարձրացան ու ոչինչ եղան, Ամէնուն պէս կորսուելով ընկղմեցան, Ու հասկի գլխու պէս կտրուեցան: 25Եթէ այսպէս չէ, ո՞վ զիս սուտ կը հանէ, Եւ իմ խօսքս ոչինչ ըլլալ կը ցուցնէ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981