Հոբի գիրք
25
1Եւ Բաղդատ Սօքեցի պատասխան տուաւ ու ըսաւ, 2Իշխանութիւնը ու վախը Անոր քով են, Իր բարձր տեղերուն մէջ խաղաղութիւն կ’ընէ: 3Անոր գունդերուն համրանքը կա՞յ արդեօք, Ու անոր լոյսը որո՞ւ վրայ չծագիր: 4Ուրեմն մարդը ի՞նչպէս պիտի արդարանայ Աստուծոյ առջև. Ու կնոջմէ ծնածը ի՞նչպէս կրնայ մաքուր ըլլալ: 5Ահա լուսինն ալ լոյս չտար, Ու Անոր աչքերուն առջև աստղերն ալ մաքուր չեն. 6Ալ ո՞ւր կը մնայ մարդը` որ որդ մըն է, Ու մարդու որդին` որ ճճի մըն է:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981