Հոբի գիրք
26
1Այն ատեն Յոբ պատասխան տուաւ ու ըսաւ, 2Տկարին ի՞նչ շատ օգնութիւն ըրիր, Եւ ոյժ չունեցող բազուկը ի՞նչպէս զօրացուցիր: 3Անխելքին ի՞նչ խրատ տուիր, Ու ի՞նչ շատ իմաստութիւն ցուցուցիր: 4Դուն որո՞ւ ըսիր այս խօսքերը, Ու որո՞ւն շունչը ելաւ քեզմէ: 5Ոգիները վարէն կը դողան, Նաև ջուրերը ու անոնց բնակիչները. 6Դժոխքը բաց է Անոր առջև, Ու կորուստը անծածկոյթ է: 7Անիկա հիւսիսը պարապ տեղին վրայ կը տարածէ, Ու երկիրը ոչնչին վրայ կը կախէ: 8Ջուրերը իր մութ ամպերուն մէջ կը ծրարէ. Ու անոնց տակէն ամպը չպատռիր: 9Իր աթոռին երեսը կը պահէ, Անոր վրայ իր ամպը կը տարածէ: 10Ջուրերուն երեսին վրայ ամէն կողմէն սահմաններ դրաւ Մինչև լոյսին ու խաւարին ծայրը: 11Երկինքի սիւները կը սարսին, Ու անոր յանդիմանութենէն կ’ապշին: 12Իր զօրութիւնովը ծովը կը խաղաղեցնէ, Ու իր գիտութիւնովը հպարտութիւնը կը զարնէ: 13Իր Հոգիովը երկինքը զարդարեց. Անոր ձեռքը փախչող Վիշապը ստեղծեց: 14Ահա ասոնք են անոր ճամբաներուն ծայրերը, Բայց անոր վրայով լսածնիս ո՜րչափ քիչ է. Եւ ո՞վ կրնայ իմանալ անոր զորութեանը որոտումը: