Հոբի գիրք

27

1Եւ Յոբ դարձեալ իր առակը սկսելով` ըսաւ, 2Իմ իրաւունքս մէկդի դնող Աստուածը Ու հոգիս դառնութեամբ լեցնող Ամենակարողը կենդանի է. 3Քանի որ շունչս վրաս է, Ու ռնգունքներուս մէջ Աստուծոյ հոգին կայ, 4Շրթունքներս անիրաւ բան մը պիտի չզրուցեն, Ու լեզուս նենգութիւն պիտի չխօսի: 5Քա¯ւ լիցի ինձ` որ ձեզ արդարացնեմ. Մինչև մեռնիլս իմ ուղղութիւնս ձեռքէ պիտի չձգեմ: 6Իմ արդարութիւնս հաստատ բռներ եմ, ու զանիկա պիտի չթողում, Ու կեանքիս մէջ սիրտս բնաւ պիտի չյանդիմանէ զիս: 7Իմ թշնամիս ամբարշտի պէս ըլլայ, Ու ինծի դէմ ելլողը անզգամի պէս: 8Քանզի կեղծաւորին յոյսը ի՞նչ է, (թէև հարստութիւն ալ դիզած ըլլայ*,) Երբ անոր հոգին առնէ: 9Միթէ Աստուած անոր աղաղակը պիտի լսէ՞, Երբ անոր վրայ փորձանք գայ: 10Անիկա Ամենակարողին վրայ պիտի ուրախանա՞յ. Ամէն ժամանակ Աստուծոյ պիտի աղաղակէ՞: 11Աստուծոյ ձեռքին մէջ եղածը ձեզի պիտի սորվեցնեմ. Ամենակարողին քով եղածը պիտի չծածկեմ: 12Ահա դուք ամէնդ ալ տեսաք, Ու ինչո՞ւ այդպէս բոլորովին ունայնացեր էք: 13Ասիկա է ամբարիշտ մարդուն բաժինը Աստուծոյ առջև, Ու բռնաւորներուն Ամենակարողէն առնելու ժառանգութիւնը. 14Եթէ անոր տղաքը շատնան, սուրի համար է. Ու անոր սերունդը հացով պիտի չկշտանայ: 15Անոր մնացորդները մահուամբ պիտի թաղուին, Բայց անոր որբևարիները պիտի չլան: 16Թէև հողի պէս արծաթ դիզէ, Ու տիղմի պէս հանդերձներ պատրաստէ, 17Անիկա պիտի պատրաստէ, բայց արդարը պիտի հագնի, Ու անմեղը արծաթը պիտի բաժնէ. 18Իրեն մը կը շինէ ցեցի պէս, Ու այգիի պահապանին շինած խրճիթին պէս: 19Հարուստը կը պառկի ու չամփոփուիր. Աչքերը կը բանայ ու* ոչինչ կ’ըլլայ: 20Արհաւիրքը ջուրերու պէս անոր պիտի հասնի. Գիշերով փոթորիկը պիտի յափշտակէ զանիկա: 21Արևելեան հովը պիտի քշէ զանիկա, ու ան պիտի երթայ. Ու փոթորիկի պէս զանիկա իր տեղէն պիտի վերցնէ: 22Ամենակարողը իր նետերը անոր դէմ պիտի նետէ, ու պիտի չխնայէ. Ան ալ անոր ձեռքէն փախչելու պիտի ջանայ: 23Անոր համար ծափ պիտի զարնեն, Ու անոր եղած տեղէն անոր դէմ պիտի սուլեն:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981