Հոբի գիրք
28
Իմաստութեան գովեստը
1Արդարև արծաթը իր երակը ունի, Ու ոսկին իր զտուելու տեղը: 2Երկաթը հողէն կ’առնուի, Հանքը կը հալի ու պղինձ կ’ելլէ: 3Մարդը խաւարին վախճան կը դնէ, Ու ամէն բան կատարելապէս կը քննէ, Շատ ծածուկ պահուած քարերը` որոնք մահուան ստուերին մէջ են: 4Իր բնակած տեղին քովէն փոս կը բանայ. Ոտք չկոխած կը կախուին, Ու մարդոցմէ հեռու կ’երերան: 5Երկրէ հաց կ’ելլէ, Ու անոր տակ կրակի նման բաներ կը գտնուին. 6Անոր քարերը շափիւղաներու տեղ են, Ու հոն ոսկիի աւազ կայ: 7Յափշտակող թռչունը անոր շաւիղը չճանչցաւ, Ու անգղին աչքը զանիկա չտեսաւ: 8Վայրենի գազանները* հոն ոտք կոխած չեն. Առիւծը անկէ անցած չէ: 9Մարդը իր ձեռքը կ’երկնցնէ ապառաժներուն, Ու լեռները հիմէն կը տապալէ: 10Ապառաժները ճեղքելով` անոնց մէջէն վտակներ կ’անցնէ. Ու ամէն թանկագին բաները անոր աչքը կը տեսնէ: 11Գետերը վազելէն կ’արգիլէ, Ու գաղտուկ եղածը երևան կը հանէ: 12Բայց իմաստութիւնը ո՞ւր կը գտնուի, Ու հանճարին տեղը ո՞ւր է: 13Մարդը անոր յարգը չգիտեր. Ու կենդանիներուն երկրին մէջ չգտնուիր: 14Անդունդը կ’ըսէ, Անիկա իմ մէջս չէ. Ու ծովը կ’ըսէ, Իմ քովս չէ: 15Զուտ ոսկիով ծախու չառնուիր, Ու անոր արժէքին համար արծաթ չկշռուիր: 16Ոչ Ոփիրի ոսկիով կը փոխուի, Ոչ ալ պատուական եղնգնաքարով ու շափիւղայով: 17Ոսկին ու ակնվանին չեն կրնար անոր հաւասարիլ. Ու զուտ ոսկիէ ամանները անոր փոխանակ չեն ըլլար: 18Բուստն ու բիւրեղը անոր քով չեն յիշուիր, Ու իմաստութեան գինը յակինթներու գինէն աւելի բարձր է: 19Եթէովպիայի տպազիոնին գինը անոր հաւասար չգար, Ու զուտ ոսկիով չփոխուիր: 20Ուրեմն իմաստութիւնը ուրկէ՞ կու գայ, Ու հանճարին տեղը ո՞ւր է. 21Որովհետև բոլոր ապրողներուն աչքերէն ծածկուած` Ու երկինքի թռչուններէն պահուած է: 22Կորուստը ու մահը կ’ըսեն, Մենք անոր համբաւը մեր ականջներով լսեր ենք: 23Անոր ճամբան Աստուած կը հասկնայ, Ու անոր տեղը ինք գիտէ: 24Քանզի մինչև երկրի ծայրերը կը նայի, Ու բոլոր երկինքի տակ եղածը կը տեսնէ: 25Երբ հովին կշիռ կը դնէր Ու ջուրերը չափով կը չափէր, 26Երբ անձրևին օրէնք` Ու որոտումներուն փայլակին ճամբայ կ’որոշէր, 27Այն ատեն տեսաւ զանիկա ու յայտնեց, Պատրաստեց զանիկա ու նաև քննեց. 28Ու մարդուն ըսաւ, Ահա Տէրոջը վախն է իմաստութիւնը, Ու չարութենէ ետ քաշուիլը հանճարն է: