Հոբի գիրք

29

Յոբին վերջին փաստարկութիւնը

1Եւ Յոբ նորէն իր առակը սկսելով` ըսաւ, 2Երանի՜ թէ առաջին ամիսներուն պէս, Աստուծոյ զիս պահած օրերուն պէս ըլլայի. 3Երբ անոր ճրագը իմ գլխուս վրայ լոյս կու տար, Ու ես խաւարի մէջ անոր լուսովը կը քալէի. 4Երիտասարդութեանս օրերը եղածիս պէս` Երբ Աստուծոյ մտերմութիւնը իմ վրանիս մէջ էր. 5Երբ Ամենակարողը տակաւին ինծի հետ էր, Ու տղաքս իմ բոլորտիքս էին: 6Երբ իմ ճամբաներս կոգիով կը թրջէի, Ու ապառաժէն ինծի համար ձէթի հեղեղներ կը վազէին: 7Եւ դռնէն քաղաքը կ’ելլէի, Ու աթոռս հրապարակին մէջ կը դնէի, 8Երիտասարդները զիս տեսնելով կը պահուէին, Ու ծերերը ոտք կ’ելլէին կը կայնէին. 9Իշխանները խօսելէն կը դադարէին, Ու ձեռքերնին իրենց բերնին վրայ կը դնէին. 10Ազնուականները ձայներնին կը կտրէին, Անոնց լեզուն իրենց քիմքին կը փակչէր: 11Ինծի մտիկ ընող ականջը Երանի՜ կ’ըսէր ինծի, Ու զիս տեսնող աչքը վկայութիւն կու տար ինծի. 12Վասն զի ես աղաղակող աղքատը Եւ որբը ու օգնութիւն չունեցողը կ’ազատէի: 13Կորսուելու վրայ եղողին օրհնութիւնը վրաս կու գար, Ու որբևարիին սիրտը կ’ուրախացնէի: 14Արդարութիւն կը հագնէի, անիկա էր իմ հանդերձս. Ու դատաստանը ինծի պատմուճանի ու խոյրի պէս էր: 15Կոյրին աչքեր էի, Ու կաղին ոտքեր. 16Աղքատին էի, Ու չգիտցած դատաստանս կը քննէի: 17Անիրաւին ժանիքը կը կոտրէի, Ու անոր ակռաներէն որսը կը խլէի. 18Ու կ’ըսէի, Բոյնիս մէջ պիտի մեռնիմ, Եւ օրերս աւազի պէս պիտի շատցնեմ: 19Արմատս դէպ ի ջուրերը կը տարածուէր, Ու ցօղը բոլոր գիշերը ոտքերուս վրայ էր: 20Փառքս իմ վրաս կը նորոգուէր, Ու աղեղս ձեռքիս մէջ կ’ուժովնար: 21Մարդիկ ինծի մտիկ կ’ընէին ու կը սպասէին, Ու երբ իմ խորհուրդս կ’ըսէի` լուռ կը կենային: 22Իմ զրուցելէս ետքը անոնք չէին կրկներ, Ու իմ խօսքս անոնց վրայ կը կաթէր: 23Անձրևի սպասելու պէս ինծի կը սպասէին, Ու վերջին անձրևին փափաքելու պէս բերաննին կը բանային: 24Եթէ անոնց վրայ խնդայի` չէին հաւատար, Ու երեսիս լոյսը չէին կրնար արհամարհել: 25Անոնց ճամբաները ընտրելով` կը նստէի, Եւ իր զօրքին մէջ եղող թագաւորի մը պէս` Ու սգաւորներուն մխիթարիչի մը պէս կը բնակէի:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981