Հոբի գիրք
30
1Բայց հիմա տարիքով ինծմէ պզտիկ եղողները զիս ծաղր կ’ընեն, Որոնց հայրերը հօտերուս շուներուն հետ դնելու չէի հաճեր. 2Նաև անոնց ձեռքերուն ոյժը ինծի ի՞նչ օգուտ ունէր. Անոնց առուգութիւնը կորսուած էր: 3Չքաւորութենէ ու անօթութենէ նիհարացեր էին, Ու անապատը, մթին, աւերակ ու վայրի տեղերը, կը փախչէին: 4Իրենց կերակուրին համար մացառներուն քովի մոլոշները կը քաղէին, Ու գիհիի արմատ կը ժողվէին: 5Մարդոց մէջէն կը վռնտուէին. Ու անոնց ետևէն գողի ետևէ պոռալու պէս կը պոռային: 6Սոսկալի ձորերու մէջ կը բնակէին, Հողի ու ապառաժներու ծակտիքներուն մէջ: 7Մացառներուն մէջ կը կանչուըռտէին, Եղինճներուն տակ կը ժողվուէին: 8Յիմար ու աննշան մարդոց զաւակներ ըլլալով` Երկրէն կը վռնտուէին: 9Ու հիմա ես անոնց խաղը` Նաև անոնց առակը եղեր եմ: 10Ինծմէ գարշելով կը հեռանան ինծմէ, Ու երեսէս թուքը չեն խնայեր: 11Որովհետև իմ կապս թուլցնելով` զիս նեղեց, Անոնք իմ առջևս երասանակը թող տուին: 12Աջ կողմէս լակոտներ կ’ելլեն, Անոնք ոտքերս կը հրեն, Ու ինծի դէմ իրենց կորստեան ճամբաները կը պատրաստեն: 13Անոնք շաւիղներս կ’աւրեն, վիշտս կ’աւելցնեն. Ու անոնց դէմ ինծի օգնութիւն ընող մը չկայ*: 14Լայն խրամատէ մը գալու պէս կը յարձակին, Աւերակներուն տակէն վրաս կը դիմեն: 15Արհաւիրքները իմ վրաս դարձան, Ու հովի պէս իմ պատիւս կը հալածեն. Ու ազատութիւնս ամպի պէս անցաւ: 16Եւ հիմա հոգիս իմ ներսիդիս կը հալի. Տրտմութեան օրերը զիս պաշարեցին: 17Իմ ցաւս գիշերանց ոսկորներս ծակեց, Ու ջիղերս հանգստութիւն չունեցան: 18Իր մեծ զօրութիւնովը իմ հանդերձս փոխեց, Ու իմ պատմուճանիս օձիքին պէս պատեց զիս: 19Զիս ցեխին մէջ նետեց, Ու ես հողի ու մոխիրի նմանեցայ: 20Ես քեզի կ’աղաղակեմ, ու ինծի պատասխան չես տար. Կը կայնիմ, ու դուն ինծի ուշադրութիւն չես ըներ*: 21Դուն ինծի անգութ եղար, Ձեռքիդ զօրութիւնովը թշնամիի պէս կը վարուիս ինծի հետ: 22Զիս վերցնելով հողին վրայ կը հեծցնես, Ու զիս բոլորովին կը հալեցնես: 23Ստոյգ գիտեմ որ զիս մահուան պիտի տանիս, Ու ամէն ապրողներուն համար սահմանուած տունը: 24Բայց Անիկա աւերմունքին վրայ ձեռք պիտի չերկնցնէ, Եթէ կորստեան ատեն անոր աղաչեն*: 25Դժբաղդութեան մէջ եղողին համար չէի՞ լար. Աղքատին համար հոգիս չէ՞ր նեղանար: 26Բայց երբ ես բարիք կը յուսայի` չարիքը հասաւ. Ու երբ լոյսին կը սպասէի` խաւարը եկաւ: 27Փորոտիքս եռաց ու չհանդարտեցաւ. Թշուառութեանս օրերը ինծի հասան: 28Սևցած պտըտեցայ, բայց ոչ արեւէն. Ելայ ու ժողովքին մէջ աղաղակեցի: 29Չագալներուն եղբայր` Ու ջայլամներուն ընկեր եղայ: 30Մորթս վրաս սևցաւ, Ու ոսկորներս տաքութենէն այրեցան: 31Վասն որոյ իմ քնարս սուգի փոխուեցաւ, Ու իմ սրինգս` լալկաններու ձայնի:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981