Հոբի գիրք

31

1Աչքերուս հետ ուխտ ըրի. Ուրեմն ի՞նչպէս կոյսի վրայ մտածեմ: 2Քանզի վերէն, Աստուծմէ, ի՞նչ բաժին կ’ըլլայ ինծի, Ու բարձր տեղերէն, Ամենակարողէն, ի՞նչ ժառանգութիւն: 3Կորուստը ամբարշտին համար սահմանուած չէ՞, Ու սոսկալի պատիժը անօրէնութիւն գործողներուն համար: 4Միթէ Անիկա իմ ճամբաներս չը՞ տեսներ, Ու ամէն քայլերս չը՞ համրեր: 5Եթէ ստութեան մէջ քալեցի, Կամ իմ ոտքս նենգութեան արտորաց, 6Թող կշռէ զիս արդարութեան կշիռքով, Ու իմ անմեղութիւնս գիտնայ: 7Եթէ ոտքս ճամբայէն խոտորեցաւ, Ու սիրտս աչքերուս ետևէն գնաց, Ու ձեռքերուս արատ մը փակաւ, 8Թող ես սերմանեմ, և ուրիշը ուտէ. Ու բուսցուցածս արմատէն փրցուի: 9Եթէ սիրտս կնոջ մը ետևէն մոլորեցաւ, Կամ թէ դրացիիս դուռը դարանամուտ եղայ, 10Իմ կինս ուրիշի մը համար աղօրիքի քար դարձնէ, Եւ ուրիշները անոր վրայ ծռին: 11Վասն զի այս պղծագործութիւն է, Ու դատաւորներէն դատուելու անօրէնութիւն. 12Որովհետև մինչև զիս կորսնցնելը լափող կրակ մըն է, Ու բոլոր արդիւնքս արմատէն կը խլէ: 13Եթէ ծառայիս կամ աղախինիս ընել չուզեցի, Երբ ինծի հետ վէճ ունեցան. 14Ես ի՞նչ պիտի ընեմ, երբ Աստուած ելլէ. Ու երբ քննէ, ի՞նչ պատասխան պիտի տամ անոր: 15Չէ՞ որ զիս որովայնի մէջ ստեղծողը զանոնք ալ ստեղծեց. Ու մեզ ամէնս ալ արգանդի մէջ ձևակերպողը մէկ չէ՞: 16Եթէ աղքատին ցանկացածը չտուի, Ու որբևարիին աչքերը մարեցուցի. 17Եթէ պատառս մինակ կերայ, Ու անկէ որբն ալ չկերաւ. 18(Վասն զի երիտասարդութենէս ի վեր հօր պէս մեծցուցի զանիկա, Ու մօրս արգանդէն անոր խնամք տարի.) 19Եթէ հանդերձ չունեցող մը կորսուելու վրայ, Կամ ծածկոց չունեցող չքաւոր մը տեսայ, 20Ու եթէ անոր երիկամունքը չօրհնեցին զիս, Ու իմ ոչխարներուս բուրդէն չտաքցաւ. 21Եթէ ձեռքս որբին դէմ վերցուցի, Երբ տեսայ որ դրանը մէջ ինծի օգնականներ կան. 22Թող իմ թևս ուսէն իյնայ, Ու բազուկս արմունկէն կոտրուի: 23Վասն զի Աստուծոյ դատաստանէն կը վախնայի, Ու անոր մեծափառութեանը առջև չէի կրնար կենալ: 24Եթէ յոյսս ոսկիի վրայ դնելով, Զուտ ոսկիին ըսի թէ Իմ վստահութիւնս դուն ես. 25Եթէ ստացուածքս շատ ըլլալէն` Ու ձեռքս շատ գտնելէն ուրախացայ. 26Եթէ արևին նայեցայ` անոր խիստ փայլուն եղած ատենը, Կամ պայծառութեամբ քալող լուսինին, 27Ու սիրտս գաղտնի խաբուելով` Բերանս ձեռքս պագաւ, 28(Որ այս ալ դատուելու անօրէնութիւն մըն է, Որովհետև վերը բնակող Աստուածը ուրացած կ’ըլլայի.) 29Եթէ զիս ատողին թշուառութեանը վրայ ուրախացայ, Կամ անոր փորձանքի հանդիպելուն համար խնդացի. 30(Լեզուիս ալ գործելու թող չտուի, Անէծքով անոր մեռնիլը ուզելով.) 31Եթէ վրանիս մարդիկը չըսին, Ե՞րբ անոր միսէն չէինք կշտանար*. 32(Հիւրը երբէք գիշերը դուրսը չէր մնար, Ճանապարհորդին դուռս կը բանայի.) 33Եթէ յանցանքներս Ադամի պէս ծածկեցի, Ու անօրէնութիւնս ծոցիս մէջ պահեցի, 34Շատ բազմութենէ վախնալով, Ու ազգերուն անարգութիւնը զիս վախցնելով, Ալ չխօսիմ ու դռնէն չելլեմ: 35Երանի՜ թէ ինծի ականջ դնող մը ըլլար, (Ահա այս է իմ փափաքս` որ Ամենակարողը ինծի պատասխան տայ.) Ու իմ դատախազս գրուածք մը . 36Անշուշտ զանիկա իմ ուսիս վրայ պիտի կրէի, Ու պսակի պէս ինծի պիտի կապէի. 37Քայլերուս համրանքը անոր պիտի զրուցէի, Իշխանի պէս պիտի մօտենայի անոր: 38Եթէ իմ երկիրս ինծի դէմ կը բողոքէ, Ու անոր ակօսները կու լան, 39Եթէ անոր արդիւնքը առանց ստակի կերայ, Կամ անոր տէրերուն հոգին հանեցի, 40Ցորենին տեղ փուշ` Ու գարիին տեղ որոմ բուսցնէ: Յոբի խօսքերը լմնցան: (32:1-37:24)

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981