Հոբի գիրք

33

1Բայց, աղէ, ով Յոբ, իմ խօսքս մտիկ ըրէ, Ու ամէն ըսածներուս ականջ դիր: 2Ահա հիմա բերանս կը բանամ, Ու լեզուս քիմքիս հետ կը խօսի. 3Խօսքերս սրտիս ուղղութեանը պէս պիտի ըլլան, Ու շրթունքներս զուտ իմաստութիւն պիտի խօսին: 4Զիս Աստուծոյ Հոգին ստեղծեց, Ու Ամենակարողին շունչը ինծի կեանք տուաւ: 5Եթէ կրնաս, պատասխան տուր ինծի, Պատրաստուելով դիմացս կայնէ: 6Ահա ես քու ըսածիդ համեմատ Աստուծոյ համար կը կայնիմ. Ես ալ հողէն ստեղծուեցայ: 7Ահա իմ երկիւղս քեզ պիտի չզարհուրեցնէ, Ու իմ ձեռքս քու վրադ պիտի չծանրանայ: 8Արդարև ականջիս ըսիր, Ու խօսքերուդ ձայնը լսեցի, որ ըսիր, 9Ես մաքուր եմ ու առանց յանցանքի. Ես անարատ եմ, ու իմ վրաս անօրէնութիւն չկայ. 10Ահա անիկա վրաս պատճառներ կը գտնէ, Զիս իրեն կը սեպէ. 11Ոտքերս կոճղերու մէջ կը դնէ, Իմ բոլոր շաւիղներս կը դիտէ: 12Ահա քեզի պատասխան կու տամ որ այս բանին մէջ չունիս, Վասն զի մարդէն մեծ է: 13Անոր հետ ինչո՞ւ կը վիճիս. Որովհետև անիկա բնաւ իր ըրածներուն համար պատասխան չտար: 14Յիրաւի Աստուած մէկ անգամ կամ երկու անգամ կը խօսի. (Թէև մարդը ուշադրութիւն չըներ,) 15Երազի մէջ, գիշերուան տեսիլքի մէջ, Երբ խորունկ մը կ’իյնայ մարդոց վրայ, Ու անոնք իրենց անկողիններուն մէջ կը քնանան: 16Այն ատեն մարդոց ականջները կը բանայ, Ու անոնց խրատը կը կնքէ, 17Որպէս զի մարդը գէշ գործէն դարձնէ, Ու մարդէն հպարտութիւնը արգիլէ: 18Անոր հոգին գերեզմանէն կը պահէ, Ու կեանքը` որպէս զի սրով չմեռնի: 19Նաև մարդը իր անկողինին մէջ ցաւով կը պատժուի, Եւ իր բոլոր ոսկորները սաստիկ ցաւով: 20Այն ատեն անոր անձը հացէն կը զզուի, Եւ անոր հոգին` փափաքելի կերակուրէն: 21Անոր մարմինը այնպէս կը հալի որ ալ չերևնար, Ու անոր չերևցած ոսկորները դուրս կ’ելլեն: 22Անոր անձը գերեզմանին կը մօտենայ, Ու անոր կեանքը` կորուստի: 23Եթէ անոր քով թարգման պատգամաւոր մը ըլլայ, Հազարէն մէկը, Որ անոր ուղղութիւնը մարդուն իմացնէ, 24Այն ատեն անոր ողորմելով պիտի ըսէ, Ազատէ զանիկա` որպէս զի գերեզմանը չիջնէ. Ես քաւութիւն մը գտայ: 25Անոր մարմինը տղու մարմինէն աւելի փափուկ պիտի ըլլայ, Ու անիկա իր մանկութեան օրերուն պիտի դառնայ. 26Աստուծոյ պիտի աղաղակէ, ու Աստուած զանիկա պիտի ընդունի, Ու անոր երեսը ուրախութեամբ պիտի տեսնէ. Քանզի Անիկա պիտի հատուցանէ մարդուն` անոր արդարութեանը համեմատ: 27Անիկա մարդոց վրայ կը նայի. Ու եթէ մէկը ըսէ, գործեցի ու իրաւունքը աւրեցի, Ու ասիկա ինծի օգտակար չեղաւ, 28Այն ատեն անոր հոգին կ’ազատէ, որպէս զի գերեզմանը չիջնէ. Ու անոր կեանքը լոյսը կը տեսնէ: 29Ահա Աստուած այս ամէն բաները Երկու երեք անգամ մարդուն կ’ընէ, 30Որպէս զի անոր հոգին գերեզմանէն դարձնէ, Որպէս զի ապրողներուն լուսովը լուսաւորուի: 31Ականջ դիր, ով Յոբ, ինծի մտիկ ըրէ, Լուռ կեցիր որպէս զի ես խօսիմ: 32Եթէ ըսելիք ունիս` ինծի պատասխան տուր. Զրուցէ, վասն զի քեզ արդարացնելու կը փափաքիմ: 33Եթէ ոչ` ինծի մտիկ ըրէ, Լուռ կեցիր, որպէս զի ես քեզի իմաստութիւն սորվեցնեմ:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981