Հոբի գիրք
34
1Այն ատեն Եղիուս իր խօսքը շարունակելով` ըսաւ, 2Ով իմաստուններ, իմ խօսքերս մտիկ ըրէք, Եւ դուք, ով գիտուններ, ինծի ականջ դրէք: 3Քանզի ականջը խօսքերը կ’որոշէ, Ինչպէս քիմքը կերակուրին համը կ’առնէ: 4Իրաւունքը մեզի ընտրենք, Մեր մէջ գիտնանք թէ ո՛ր բանը աղէկ է: 5Որովհետև Յոբ ըսաւ, Ես արդար եմ, Բայց Աստուած իմ իրաւունքս մէկդի ձգեց: 6Միթէ իմ իրաւունքս պիտի ստե՞մ. Իմ վէրքս մահաբեր է, թէև յանցանք չունիմ: 7Յոբի պէս մարդ ո՞վ կայ, Որ հայհոյութիւնը ջուրի պէս կը խմէ. 8Որ անօրէնութիւն գործողներուն հետ ընկերութեամբ կը պտըտի, Ու ամբարիշտ մարդոց հետ կը քալէ. 9Վասն զի ըսաւ, Աստուծոյ հաճոյ ըլլալէն մարդուս օգուտ մը չկայ: 10Ասոր համար ինծի մտիկ ըրէք, ով իմաստուններ, Քա՛ւ լիցի որ Աստուծոյ քով չարութիւն, Ու Ամենակարողին քով անօրէնութիւն ըլլայ: 11Որովհետև Անիկա մարդուն ըրածին համեմատ կը հատուցանէ, Ու ամէն մարդուն իր ճամբուն համեմատ գտնել կու տայ: 12Արդարև Աստուած անօրէնութիւն չըներ, Ու Ամենակարողը դատաստան չծռեր: 13Երկիրը ո՞վ յանձնեց անոր, Ու բոլոր աշխարհը ո՞վ կարգի դրաւ: 14Եթէ իր սիրտը այսպէս ուզելու ըլլայ*, Մարդուս հոգին ու շունչը իրեն կը ժողվէ: 15Այն ատեն ամէն մարմին մէկէն կը մեռնի, Ու մարդը հող կը դառնայ: 16Հիմա եթէ ընտրողութիւն ունիս` ասիկա մտիկ ըրէ. Խօսքերուս ձայնին ականջ դիր: 17Միթէ արդարութիւնը ատողը կրնա՞յ իշխել, Կամ արդար Հզօրը յանցաւոր կրնա՞ս հանել, 18Ան որ թագաւորին կ’ըսէ* թէ Եղեռնագործ ես, Ու ազնուականներուն` թէ Չար մարդիկ եք. 19Ան որ իշխաններուն աչառութիւն չըներ, Ու հարուստը աղքատէն աւելի չխնամեր, Որովհետև անոնք ամէնն ալ իր ձեռքերուն գործն են: 20Մէկ վայրկեանի մէջ պիտի մեռնին, Ու կէսգիշերուան ատեն ժողովուրդը խռովութեան մէջ իյնալով` պիտի անցնին. Ու զօրեղները պիտի վերցուին` առանց մէկուն ձեռքը անոնց դպչելուն: 21Վասն զի Անոր աչքերը մարդուն ճամբաներուն վրայ են, Ու անոր ամէն քայլերը կը տեսնեն: 22Ոչ խաւար կայ և ոչ մահուան շուք` Որ անօրէնութիւն գործողները հոն պահուին: 23Վասն զի մարդուս վրայ երկար քննութիւն չըներ*, Երբ անիկա Աստուծոյ առջև դատաստանի կ’երթայ: 24Անիմանալի կերպով* զօրաւորները կը կոտրէ, Ու անոնց տեղը ուրիշներ կը հաստատէ: 25Քանզի անոնց գործերը գիտէ, Ու զանոնք գիշերով տակնուվրայ կ’ընէ, ու կը խորտակուին: 26Անոնց ամբարիշտ ըլլալուն համար` Ամէնուն առջև* զանոնք կը զարնէ: 27Որովհետև անոր հետևելէն մէկդի քաշուեցան, Ու անոր ճամբաները բնաւ չճանչցան. 28Այնպէս որ աղքատին աղաղակը անոր հասցուցին, Ու անիկա զրկեալներուն աղաղակը լսեց: 29Եթէ անիկա հանգստութիւն տայ, Ո՞վ կրնայ նեղութիւն տալ. Ու եթէ անիկա երեսը պահէ, Ո՞վ կրնայ զանիկա տեսնել. Ու այսպէս է թէ՛ ազգի մը և թէ՛ մարդու մը. 30Որպէս զի կեղծաւոր մարդը չթագաւորէ, Ու ժողովուրդին որոգայթ չըլլայ: 31Արդարև պէտք է Աստուծոյ ըսել, Պատիժ կրեցի, ալ չարութիւն չեմ ըներ. 32Չտեսածս դուն ինծի սորվեցուր, Եթէ ամբարշտութիւն գործեցի, ալ չեմ գործեր: 33Արդեօք քու ուզածիդ պէս* պիտի հատուցանէ՞, որ հակառակ կը կենաս. Քանզի դուն ընտրելու ես, և ոչ թէ ես. Ուրեմն ինչ որ գիտես, խօսէ: 34Իմաստունները պիտի ըսեն ինծի հետ, (Ու գիտուն մարդը որ ինծի մտիկ կ’ընէ,) 35Յոբ խելացութիւնով չզրուցեց, Ու անոր խօսքերը իմաստութեամբ չեն: 36Իմ փափաքս այս է, որ Յոբ մինչև վերջը փորձուի. Վասն զի ամբարիշտ մարդոց պէս պատասխաններ տուաւ: 37Քանզի իր մեղքին վրայ ապստամբութիւն կ’աւելցնէ. Մեր մէջ ծափ կը զարնէ, Ու Աստուծոյ դէմ իր խօսքերը կը շատցնէ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981