Հոբի գիրք

36

1Ու Եղիուս շարունակելով` ըսաւ, 2Քիչ մը համբերէ ինծի, ու ես քեզի յայտնեմ, Ու Աստուծոյ համար` ուրիշ խօսելիք ալ ունիմ: 3Գիտութիւնս հեռուէն պիտի առնեմ, Ու արդարութիւնը Ստեղծողիս ընծայեմ: 4Իրաւցընէ իմ խօսքերս սուտ չեն. Գիտութեամբ կատարեալ մէկը քու քովդ է: 5Ահա հզօր է, բայց մէ՛կը չարհամարհեր, Անիկա հզօր է իր սրտին զօրութիւնովը: 6Անիկա ամբարիշտը չապրեցներ, Ու նեղեալներուն կ’ընէ. 7Արդարներուն վրայէն աչքերը չվերցներ, Ու զանոնք թագաւորներուն հետ աթոռին վրայ կը դնէ. Զանոնք յաւիտեան կը նստեցնէ, ու կը բարձրանան: 8Ու անոնք եթէ շղթաներով կապուած` Թշուառութեան կապերուն մէջ բռնուին, 9Այն ատեն անոնց կը յայտնէ իրենց գործերը. Ու իրենց յանցանքներուն շատնալը: 10Նաև անոնց ականջը կը բանայ, որպէս զի խրատ ընդունին, Եւ անոնց կը պատուիրէ որ անօրէնութենէ դառնան: 11Եթէ անոնք հնազանդելով` անոր ծառայութիւն ընեն, Օրերնին բարութիւնով, ու տարիներնին ուրախութիւնով կ’անցնեն: 12Բայց եթէ անոնք հնազանդութիւն չընեն, սուրէ պիտի անցնին, Ու առանց գիտութեան պիտի մեռնին: 13Եւ անոնք որ սրտով կեղծաւոր են, իրենց վրայ բարկութիւն կը դիզեն. Երբ զանոնք կապէ, անոր չեն աղաղակեր: 14Անոնց անձը երիտասարդութեան մէջ պիտի մեռնի, Ու անոնց կեանքը պիղծերուն մէջ պիտի վախճանի: 15Աղքատը կ’ազատէ իր թշուառութեան ատենը, Ու նեղութեան մէջ անոր ականջը կը բանայ: 16Քեզ ալ նեղութենէ պիտի ազատէր, Ու այնպիսի ընդարձակութեան բերէր, ուր նեղութիւն չկայ. Ու քու սեղանդ դրուածը պարարտութեամբ լեցուն պիտի ըլլար: 17Բայց եթէ դուն չարին փաստը պաշտպանեցիր, Իրաւունքն ու դատաստանը քեզ պիտի բռնեն: 18Որովհետև բարկութիւն կայ, չըլլայ որ հարուածով մը քեզ վերցնէ. Այն ատեն մեծ փրկանքը քեզ չկրնար ազատել: 19Միթէ անիկա քու հարստութիւնդ բանի մը տեղ կը դնէ՞. Ոչ ոսկին ու ոչ մեծ գանձերը բան մը կը համարի: 20Մի փափաքիր այն գիշերին` Որուն մէջ ժողովուրդները իրենց տեղէն աներևոյթ կ’ըլլան*: 21Զգուշացիր անօրէնութեան դառնալէ. Վասն զի դուն ասիկա թշուառութենէ աւելի ընտրեցիր: 22Ահա Աստուած իր զօրութիւնովը բարձրացեալ է*. Ո՞վ կրնայ անոր պէս սորվեցնել: 23Անոր քալելու ճամբան ո՞վ որոշեց անոր, Եւ ո՞վ ըսաւ անոր թէ Դուն անիրաւութիւն գործեցիր: 24Միտքդ պահէ որ մեծարես անոր գործերը` Զորոնք մարդիկ կը տեսնեն: 25Ամէն մարդ կը տեսնէ զանոնք, Իւրաքանչիւր ոք հեռուէն կը դիտէ: 26Ահա Աստուած մեծ է, ու մենք չենք գիտեր. Եւ անոր տարիներուն համրանքը անքննելի է: 27Վասն զի ջուրերուն կաթիլները կը քաշէ. Անոնք իր գոլորշիէն անձրև կը թափեն, 28Զոր ամպերը վազցնելով Մարդոց վրայ առատօրէն կը կաթեցնեն: 29Բայց բնաւ մէկը ամպերուն տարածուիլը Ու անոր վրանին դրդումը կրնա՞յ հասկնալ: 30Ահա անոր վրայ իր լոյսը կը տարածէ, Ու ծովուն խորութիւնը կը ծածկէ: 31Ժողովուրդները այս բաներով կը դատէ, Ու առատօրէն կերակուր կու տայ: 32Ափովը կայծակը կը ծածկէ, Ու անոր հրաման կու տայ, թէ ո՛ւր պիտի զարնէ: 33Անոր կը ցուցնէ իր բարեկամը. Անօրէնութեան դէմ բարկութիւն կը դիզուի*:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981