Հոբի գիրք

37

1Ասոր համար ալ սիրտս կը դողայ, Ու իր տեղէն կ’երերայ: 2Անոր ձայնին որոտումը Ու անոր բերնէն ելած շառաչիւնը մտիկ ըրէք: 3Բոլոր երկինքի տակ կը ղրկէ զանիկա, Ու անոր լոյսը` մինչև երկրի ծայրերը: 4Անոր ետևէն մեծ ձայն մը կ’ելլէ, Իր վեհափառութեան ձայնովը կ’որոտայ, Ու իր ձայնը լսուելէն ետև չուշացներ զանոնք: 5 իր ձայնովը սքանչելի կերպով կ’որոտայ, Ու այնպիսի մեծ բաներ կ’ընէ` զորոնք մենք չենք կրնար հասկնալ: 6Վասն զի անիկա կ’ըսէ ձիւնին, Երկրի վրայ եղիր, Նաև սաստիկ անձրևին ու իր զօրութեանը սաստիկ անձրևներուն: 7Անիկա ամէն մարդու ձեռքը կը կնքէ, Որպէս զի իր ստեղծած բոլոր մարդիկը հասկնան: 8Գազանները որջերնին կը մտնեն, Ու այրերնուն մէջ կը բնակին: 9Հարաւէն փոթորիկ կու գայ, Ու հիւսիսէն ցուրտ: 10Աստուծոյ շունչէն սառնամանիք կը տրուի, Ու ջուրերուն լայնութիւնը կը նեղնայ: 11Նաև պարզութիւնը մէգը կը փարատէ. Անոր լոյսը ամպը կը ցրուէ: 12Անոր խորհրդովը տեղէ տեղ կը փոխադրուին, Որպէս զի աշխարհի երեսը` երկրի վրայ անոր բոլոր հրաման ըրածը կատարեն: 13Զանոնք կը բերէ` թէ՛ խրատի համար, Թէ՛ իր երկրին համար և թէ՛ շնորհքի համար: 14Ով Յոբ, այս ըսածս մտիկ ըրէ. Կայնէ ու Աստուծոյ սքանչելիքներուն վրայով մտածէ: 15Գիտե՞ս թէ Աստուած ի°նչպէս կը կարգաւորէ զանոնք, Եւ իր ամպէն լոյս կը փայլեցնէ: 16Գիտե՞ս ամպերուն հաւասարակշռութիւնը, Ու իմաստութեամբ կատարեալ եղողին սքանչելիքները: 17Երկիրը հարաւային հովէն հանգստացուցած ժամանակը, Գիտե՞ս թէ ինչո՛ւ համար քու հանդերձներդ կը տաքնան: 18Անոր հետ մէկտե՞ղ տարածեցիր երկինքը, Որ ամուր է թափծու հայելիի պէս: 19Սորվեցուր մեզի թէ ի°նչ պիտի ըսենք անոր. Վասն զի մթութեան պատճառաւ չենք կրնար մեր խօսքը կարգաւորել: 20Եթէ ես խօսելու ըլլամ, պիտի պատմուի՞ Անոր, Եթէ մէկը զրուցէ, անշուշտ պիտի կլլուի: 21Ու հիմա ալ չեն կրնար նայիլ, երբ երկինք կը փայլատակէ. Բայց հովը կ’անցնի, ու զանիկա կը սրբէ: 22Ահա հիւսիսէն ոսկիի պէս լոյս կու գայ. Աստուծոյ քով ահաւոր փառաւորութիւն կայ: 23Անիկա ամենակարող է, չենք կրնար հասկնալ զանիկա. Մեծ է զօրութեամբ, դատաստանով ու շատ արդարութեամբ, Ու մեկո՛ւն զրկանք չըներ*: 24Անոր համար մարդիկ կը վախնան անկէ. Սրտով իմաստուններուն բնաւ չնայիր*:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981