Հոբի գիրք
38
Տէրը կը պատասխանէ Յոբին
1Այն ատեն Եհովա փոթորիկին մէջէն պատասխան տալով Յոբի` ըսաւ, 2Ո՞վ է ատիկա` որ անիմաստ խօսքերով Խորհուրդը կը նսեմացնէ: 3Հիմա կտրիճի պէս մէջքդ պնդէ. Քեզի հարցնեմ, և քու գիտցածդ ինծի իմացնես: 4Ո՞ւր էիր դուն` երբ ես երկրի հիմերը կը դնէի. Ըսէ ինծի` եթէ իմաստութեան տեղեկութիւն ունիս: 5Եթէ գիտես` ըսէ, ո՞վ դրաւ անոր չափերը, Կամ թէ անոր վրայ լարը ո՞վ քաշեց: 6Անոր հիմերը ինչի՞ վրայ հաստատուած են, Կամ թէ անոր անկիւնին քարը ո՞վ դրաւ, 7Երբ առաւօտեան աստղերը մէկտեղ փառաբանութիւն կ’ընէին, Ու երբ Աստուծոյ բոլոր որդիները ցնծութեամբ կ’աղաղակէին: 8Նաև ծովը որովայնէն յարձակելով ելած ժամանակը Ո՞վ գոցեց զանիկա դռներով, 9Երբ ամպը անոր հանդերձ դրի, Ու մէգը խանձարուր, 10Եւ անոր վրայ իմ հրամաններս հաստատելով` Անոր փականք ու դռներ դրի, 11Ու ըսի անոր, Մինչև հոս գաս ու անդին չանցնիս, Եւ քու ալիքներուդ հպարտութիւնը հոս դադարի: 12Կեանքիդ մէջ երբէք առաւօտուն հրաման ըրի՞ր, Արշալոյսին իր ծագելու տեղը ցուցուցի՞ր, 13Որպէս զի երկրի ծայրերը բռնէ, Ու չարագործները անկէ թօթվուին: 14Երկիր նոր ձև մը կ’առնէ կնքուած կաւի պէս, Եւ ամէն բան հանդերձով զարդարուածի* պէս կ’երևնայ: 15Սակայն ամբարիշտներէն կ’արգիլուի իրենց լոյսը, Ու բարձր բազուկը կը խորտակի: 16Ծովուն աղբիւրները մտե՞ր ես, Ու անդունդին ծածուկ տեղերը պտըտե՞ր ես: 17Մահուան դռները յայտնուեցա՞ն քեզի, Ու մահուան շուքին դռները տեսա՞ր: 18Երկրի լայնութեանը խելքդ հասա՞ւ. Եթէ ամէնը գիտես` զրուցէ: 19Լոյսին բնակարանը ո՞ւր է, Ու խաւարին տեղը ո՞ւր է, 20Որ զանիկա առնես իր սահմանը տանիս, Ու անոր տանը ճամբաները իմանաս: 21Դուն այն ատեն ծնած ըլլալուդ համար, Ու քու օրերուդ համրանքին շատ ըլլալո՞ւն համար գիտես: 22Ձիւնին շտեմարանները մտե՞ր ես, Ու կարկուտին գանձերը տեսե՞ր ես, 23Զորոնք ես կը պահեմ նեղութեան ժամանակին, Ու կռիւի և պատերազմի օրուան համար: 24Ի՞նչ ճամբով լոյսը կը բաժնուի, Եւ ի՞նչպէս արևելեան հովը երկրի վրայ կը տարածուի: 25Հեղեղներուն համար անցք Ու որոտումներուն փայլակին համար ճամբայ ո՞վ բացաւ, 26Որպէս զի անձրև տայ այն երկրին վրայ` ուր մարդ չկայ, Անապատին վրայ՝ ուր մէ՛կը չբնակիր, 27Որպէս զի անապատները ու անշէն տեղերը կշտացնէ, Ու կանանչ խոտին ընձիւղը բուսցնէ: 28Անձրևը հայր ունի՞, Կամ թէ ցօղին կաթիլները ո՞վ ծնաւ: 29Սառը որո՞ւն արգանդէն կ’ելլէ, Ու երկինքի եղեամը ո՞վ ծնաւ: 30Ջուրերը քարի պէս կ’ըլլան կը պահուին, Ու անդունդին երեսը կը սառի: 31Բազմաստեղին կապերը կրնա՞ս կապել, Կամ թէ Հայկին կապերը կրնա՞ս քակել: 32Մազարօթը ժամանակին կրնա՞ս հանել, Ու Արջին և իր զաւակներուն առաջնորդել: 33Երկինքի կանոնները գիտե՞ս, Անոր իշխանութիւնը երկրի վրայ կրնա՞ս դնել: 34Ձայնդ ամպերուն կրնա՞ս վերցնել, Որպէս զի ջուրերուն շատութիւնը քեզ ծածկէ: 35Կայծակները կրնա՞ս ղրկել, որպէս զի երթան, Ու քեզի` Ահա պատրաստ ենք` ըսեն: 36Երիկամունքներուն մէջ ո՞վ իմաստութիւն դրաւ, Կամ սրտին ո՞վ հանճար տուաւ: 37Ո՞վ կրնայ իմաստութիւնով ամպերը համրել, Ու երկինքի տիկերը պառկեցնել: 38Երբ փոշին թրջուելով զանգուած մը կ’ըլլայ, Ու հողին կոշտերը իրարու կը փակչին: 39Առիւծին համար որս կրնա՞ս որսալ, Ու կորիւններուն ախորժակը կրնա՞ս կշտացնել, 40Երբ անոնք իրենց այրերուն մէջ կը կծկտին, Ու դարանի համար որջերնուն մէջ կը կենան: 41Ո՞վ կը պատրաստէ ագռաւին իր որսը, Երբ անոր ձագերը Աստուծոյ կ’աղաղակեն, Եւ ուտելիք չունենալնուն համար կը թափառին:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981