Հոբի գիրք

39

1Ժայռի այծեամներուն ծնանելու ժամանակը գիտե՞ս. Եղնիկներուն ծնանիլը դիտեցի՞ր: 2Անոնց կատարելու ամիսները կրնա՞ս համրել, Ու ծնանելու ժամանակնին գիտե՞ս: 3Անոնք ծռելով ձագերնին կը ծնանին, Ու ցաւերնին կ’անցնեն: 4Անոնց ձագերը կը զօրանան, դաշտի մէջ կը մեծնան, Կ’երթան ու նորէն անոնց չեն դառնար: 5Ցիռը ո՞վ համարձակ թող տուաւ, Ու վայրենի իշուն կապերը ո՞վ քակեց, 6Որու դաշտը տուի տունի համար, Ու անապատը` անոր բնակութեանը համար: 7Անիկա քաղաքին աղաղակը ծաղր կ’ընէ, Ու բանեցնողին պոռալը չլսեր: 8Անոր պտըտած լեռները իր արօտն են, Ու ամէն տեսակ խոտերը կը փնտռէ: 9Միեղջերուն քեզի ծառայելու կը հաճի՞, Կամ քու մսուրիդ քով գիշերը կը մնա՞յ: 10Արտ վարելու համար* միեղջերուն կրնա՞ս չուանով կապել, Կամ թէ քու ետևէդ հովիտները կը տափանէ՞: 11Անոր ոյժին շատ ըլլալուն համար անոր կը վստահի՞ս, Ու գործդ անոր կը յանձնե՞ս: 12Կը հաւատա՞ս անոր թէ քու արմտիքդ պիտի բերէ, Եւ քու կալդ ժողվէ: 13Ջայլամին թևը ցնծութեամբ կը շարժի. Արդեօք արագիլին թևերուն ու փետուրներուն կը նմանի՞: 14Անիկա իր հաւկիթները գետինը կը ձգէ, Ու զանոնք հողին վրայ կը տաքցնէ, 15Ու միտքը չգար որ մեկուն ոտքը կը կոտրէ զանոնք, Կամ դաշտի գազանները ոտնակոխ կ’ընեն: 16Անիկա անգութ է իր ձագերուն` իրենը չեղածներու պէս. Իր աշխատութեանը դատարկ ելլելուն վախ չունի: 17Վասն զի իմաստութենէ զուրկ ըրաւ զանիկա, Ու հանճարէ անոր բաժին չտուաւ: 18Անիկա բարձրը ելած ժամանակը Ձին ու անոր վրայ հեծնողը ծաղր կ’ընէ: 19Ձիուն դո՞ւն ոյժ տուիր, Անոր պարանոցին բաշը դո՞ւն հագցուցիր: 20Զանիկա մարախի պէս կրնա՞ս ցաթկեցնել. Անոր վրնջելուն փառաւոր ձայնը* ահաւոր է: 21Հովիտի մէջ գետինը կը փորէ, ու իր զօրութիւնովը կը զուարճանայ. Սպառազէնը դիմաւորելու կ’ելլէ. 22Երկիւղը ծաղր կ’ընէ, բանէ մը չվախնար, Ու սուրին երեսէն ետ չդառնար: 23Նետերը անոր վրայ կը սուլեն*, Նաև փայլուն նիզակը ու գեղարդը: 24Կատաղութեամբ ու բարկութեամբ գետինը կը կլլէ, Ու փողին ձայնը լսելուն` չկրնար ինքզինք զսպել*: 25Քանի որ փողը կը հնչուի, Աղէ՜ կ’ըսէ. Հեռուէն կ’առնէ պատերազմին հոտը, Զօրագլուխներուն որոտումը ու ազդարարութիւնը կը լսէ: 26Բազէն քո՞ւ իմաստութիւնովդ կը թռչի, Ու թևերը դէպ ի հարաւ կը բանայ: 27Արծիւը քո՞ւ հրամանովդ կը բարձրանայ, Ու բոյնը բարձրը կը հաստատէ: 28Անիկա ժայռի վրայ, ժայռի գագաթներու վրայ, Ու ապառաժներու մէջ բնակելով կը կենայ. 29Կերակուրը անկէ կը փնտռէ. Անոր աչքերը հեռուէն կը տեսնեն: 30Անոր ձագերն ալ արիւն կը ծծեն. Եւ ուր որ դիեր ըլլան, անիկա հոն է:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981